2025՝ 527 յուղարկաւորութիւն եւ 185 մկրտութիւն. Վիճակագրութեան լոյսին տակ

2025 թուականին կատարուած են 183 մկրտութիւններ եւ 527 յուղարկաւորութիւններ։ Նոյն տարեշրջանին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ կատարուած պսակադրութիւններն ալ 85 ըլլալով ճշդուեցան։

Թուրքիոյ հայ համայնքի պարզած ընկերային ընդհանուր պատկերը քննարկել կարելի է նաեւ Պատրիարքարանի ներկայացուցած վիճակագրական տուեալներով։ 2025 թուականին կատարուած են 183 մկրտութիւններ եւ 527 յուղարկաւորութիւններ։ Նոյն տարեշրջանին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ կատարուած պսակադրութիւններն ալ 85 ըլլալով ճշդուեցան։

Բաղդատութեան համար, երբ կը դիմենք տարիներու հոլովոյթին, մկրտութիւնները 2021-ին 276, 2022-ին 271, 2023-ին 237, 2024 եւ 2025-ին ալ 183-ական էի ն։

Նման բաղդատութիւնով կը տեսնենք թէ յուղարկաւորութիւններն ալ տարուէ տարի նուազած են։ Այսպէս 2021-ին 613, 2022-ին 593, 2023-ին 565, 2024-ին 547 եւ 2025-ին ալ 527 յուղարկաւորութիւններ կատարուած են։

Պատրիարքարանը կը յայտնէ թէ անվճար ծիսակատարութիւնները եւս տարուէ տարի բարձրացող հակում մը ունին։

Նշենք թէ հայ համայնքէ ներս արձանագրուած ծննդաբերման նուազումը ի զօրու է նաեւ Թուրքիոյ հասարակութեան ընդհանուրին համար եւս։

https://www.agos.com.tr/am/news/vicagakrvwtyan-lvhsin-dag-39321

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ