Կաղանդը հայկական քաղաքներու մէջ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ա.- ԿԱՂԱՆԴԸ ՎԱՆԻ ՄԷՋ

Վանեցին իր Կաղանդի սեղանին համար կլոճ (անխմոր հաց, բաղարջ), գաթայ, մեղրով քաղցրացած շարոց եւ բէկեղ (բոկեղ) կը պատրաստէ: Բէկեղը համեմուած է ռուպով եւ քունջիթով (շուշմայ, սըմսըմ, սուսամ): Այդ սեղանէն բաժին մըն ալ կ՛երթայ աղքատներուն: Ընտանիքի մեծերը կ՛օրհնեն սեղանը, նոր հարսերը, թոռնիկները եւ սեղանակից հիւրերը: Մեծ մայրը կամ այլ մեծ մը իր գինիլից բաժակը վերցուցած բոլորին կը յորդորէ. «Անուշ մեղր ուտենք, որ տարին անուշ զրուցենք: Անուշ լսենք, անուշ վարուինք: Շնորհաւոր տօն ու տարին, նոր Կաղանդն եւ իւր բարին. ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:

ԱՂԲԻՒՐ ԻՆԾԻ ՀԱՑ ՏՈՒՐ

Ահա կու գայ խորհրդաւոր ժամը. կէս գիշեր է: Տնեցիները՝ կիներ, մանչեր եւ աղջիկներ, աղբիւր կ՛երթան եւ անոր հաց, ցորեն, գարի կը ձօնեն, անոր ջուրերուն մէջ կը թրջեն իրենց բէկեղը եւ կլոճը, որպէսզի հացի կարօտ չմնան: Տունդարձին փոքրերը իրենց կնքահօր աջը համբուրելու կ՛երթան եւ կ՛ըսեն. «Շարոց բերէք. պաստեղ բերէք, նոր հարսերուն փայը (բաժինը) տուէք»:

Բ.- ԿԱՂԱՆԴԸ ԽԱՐԲԵՐԴԻ ՄԷՋ

Խարբերդի մէջ տարուան ամէնէն ճոխ սեղանը դուք կը վայելէք Կաղանդի գիշերը: Ինչե՜ր չկան այդ սեղանին վրայ. չոր ու թարմ պտուղներ, տեսակ-տեսակ աղանդերներ, տան գինին, տան օղին, գաթայ, անուշապուր եւ ռուպով քաղցրացած բէկեղ: Օրէնքով՝ եօթը տեսակ: Բէկեղը Կաղանդի յատուկ ուտելիք է, զոր կը պատրաստեն սովորական հացի խմորով: Անոր կու տան տարբեր ձեւեր. հիւսք (Անահիտ դիցուհիի վարսի նմանողութեամբ), կլոր օղակ, նոյնիսկ մարդակերպ տիկնիկ: Ջուր քսելով՝ քունջիթ կը ցանեն վրան: Թխելէն ետք, փուռէն կը հանեն եւ վրան ռուպ կը քսեն, որպէսզի քաղցրանայ: Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին:

ԹԱՇԿԻՆԱԿ ՄԸ ՔԵԶԻ՝ ԵՍ ՁԵՌՔՈՎՍ ՀԻՒՍԵՑԻ

Այդ գիշեր նոր հարսն ու փեսան իրարու նուէրներ կու տան: Փեսան իր հարսին կու տայ խնձոր, տանձ, նուռ, գուլպայ, նոյնիսկ զոյգ մը նոր կօշիկ, հայելի մը փայլուն, պարսկական շալ մը նուրբ, կամ Ակնայ ժանեակ մը ընտիր: Իսկ հարսը ամուսնոյն կու տայ իր ձեռքով հիւսած թաշկինակը, որ սէր կը բուրէ:

ՏՈՊՐԱԿ ՄԸ ԿԱԽԵՑԻ ԳՕՏԻԷՍ

Մի զարմանաք, եթէ յանկարծ գօտիէ կախուած տոպրակ մը իջնէ տանիքէն կամ ծխնելոյզէն վար: Պարզապէս Խարբերդ քաղաքի, Բազմաշէնի, Դատեմի կամ Գոմքի 10-14 տարեկան տղաք են, որոնք բարեսիրտ տանտիկինէն կաղանդչէք ստանալու համար իրենց գօտիէն կախած են քսակ մը կամ տոպրակ մը: Իսկ Կաղանդի ի՞նչ նուէրներ կը ստանային անոնք. ափ մը չիր, չամիչ, կուտ, թուզ, ընկոյզ, թութ, պաստեղ եւ նուշ: Իսկ պատերու վրայ ընտանիքի անդամներուն համար կախուած են գուլպաներ՝ նոյն ախորժաբեր նուէրներով լեցուած:

ԱՂԲԻՐ, ԱՂԲԻՐ, ՄՈՒՐԱԶՍ ՏՈՒՐ

Խաբերդի եւ բազմաթիւ գիւղերու մէջ կայ 31 Դեկտեմբերի կէս գիշերուան աղբիւր երթալու սովորութիւնը: Երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ երգելով, զրուցելով, իրենց կուժերը կը լեցնեն նոր տարուան առաջին ջուրով: Անոնք աղբիւրին կը նուիրեն ցորեն, գարի կամ սիսեռ: Թրջած հատիկները առատութիւն պիտի բերեն անկասկած: Երիտասարդները նաեւ պայտ եւ բոկեղ կը կախեն աղբիւրէն, ապա կ՛երգեն. «Տանք քեզի ցորեն ու գարի, տուր մեզի հազար բարի, բարով եկար դուն Նոր Տար»ջ: Ահա մէկ այլ երգ. «Աղբիր, աղբիր, առ քեզ հաց, պահէ մեր դուռը միշտ բաց: / Առ քեզի նալ, տուր ինծի մալ (ապրանք): / Կաթնաղբիր, քեզի բերեմ քուշնա, որ կովուս կաթն անուշնայ»: Աղջիկներն ալ խնդրանք մը ունին. «Անուշ ջուր, մուրազս տուր, ինծի սիրուն մանչ մի տուր: / Անուշ ջուր, մուրազս տուր, սրտիս սիրածն ինծի տուր»: Ապա տարուան առաջին պաղ ջուրը իրենց կուժերուն մէջ կը լեցնեն եւ ընտանիքի մեծերուն կը տանին: Իսկ առաւօտուն, տղամարդիկ, ինչպէս Բազմաշէնի կտրիճները, ձիարշաւ, ըմբշամարտ եւ ցլամարտ կը կազմակերպեն: Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին: (*)

Գ.- ԿԱՂԱՆԴԸ ԲԱԼՈՒԻ ՄԷՋ

Խարբերդէն ո՛չ շատ հեռու, 70-80 քլմ. արեւելք, Արածանի գետի ափին «թերակղզի» մըն է Բալուն: Թէեւ դուք Բալու կը ճամբորդէք ամանորեան աւանդութիւնները վայելելու, սակայն, ես կ՛առաջարկեմ, որ դուք, հայկական գրչութեան սիրահար ընթերցող, քիչ մը քալէք քաղաքէն վեր, բարձրանաք Մեսրոպի լեռը, ուր, ըստ աւանդութեան եւ ըստ Վարդան պատմիչի՝ Մեսրոպ Մաշտոց ճգնած է եօթը շաբաթ եւ լրացուցած է հայկական այբուբենի տառերը: Այդ խորհրդաւոր պտոյտէն ետք, դուք խոր յուզումով այցելեցէք Քաղցրահայեաց Ս. Աստուածածին, Ս. Լուսաւորիչ, Ս. Սահակ եւ Ս. Կիրակոս եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ քաղաքի երկու երկսեռ դպրոցները: Այդ դպրոցներու աշակերտները արդէն իսկ անհամբեր կը սպասեն Կաղանդը եւ անոր բարիքները: Յիշեցնեմ, թէ Բալուի մէջ կը գործէ Մեսրոպեան եւ Բարեսիրաց ընկերութիւնները: Առաջինը վարժարաններուն կը նպաստէ, իսկ երկրորդը կ՛օգնէ գաւառի աղքատներուն:

ԽՈՐՈՎԵՑԻՆՔ ԽՈՐՈՒՆ

Բալուի ամանորեան սեղանը պէտք է որ ունենայ եօթը տեսակ ճաշ եւ տան առատ գինին: Ինչե՜ր չկան այդ ցածլիկ սեղանին վրայ. նախ ափսէ մը «խորու»: Մեր նախնեաց ճաշատեսակն է անիկա: Խորուն պահքի ուտեստ է՝ առանց իւղի: Կ՛եփեն թոնիրի մէջ: Պատրաստելը պարզ է: Բացատրե՛մ. կաթսայի մէջ լեցնել խոշոր կորկոտ, տաք ջուր, (1 չափ կորկոտին 2 չափ ջուր), մանրած սոխ, բոված ու ջարդուած քունջիթ: Բոլորը եփել մարմանդ կրակով, մինչեւ որ ջուրը ամբողջութեամբ ներծծուի: Անոր քով դնել ձաւարով եւ սիսեռով գնդիկներ, խոշապ, անուշապուր, փերփերի ապուր եւ կանկառով պահքի քեշկէք: Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին:

ԳՕՏԵԿԱԽ

Մանուկներու համար Ամանորի ամենամեծ զուարճութիւնն է «գօտեկախ»ը: Բալուի մէջ, գիշերը ժամը 9-10ին, պատանիները տուներու ծխնելոյզէն կ՛իջեցնեն իրենց քսակը՝ մէջը խնձոր մը դրած: Տանտէրը այդ խնձորին մէջ մետաղեայ դրամներ կը դնէ: Երեխաները ուրախութեամբ կը քաշեն պարանը, կը ստանան կաղանդչէքը: Նոյն սովորութեան համար Հաւաւ գիւղի տղաքը նոյնիսկ երգ մը ունին. «Ալէ վըլայ, ալէ վըլայ, քսակս լեցուն վեր ելլայ»: Նոյն ժամերուն, տան հայրը եւ զաւակները «կլկալ» կամ «սամսա» կոչուած հացիկներով աղբիւր կ՛երթան: Երկրագործական գործիքներու տեսք ունեցող հացերը աղբիւրին ձօնելով անոնք կը յուսան, որ նոր տարին առատաբեր ըլլայ: Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, կ՛ուզէ՞ք աղբիւրի երգը լսել. «Բարի եկար Նոր Տարի / Տո՛ւր մեզի ցորեն գարի, / Լէ լէ, լէ, լէ, / Մեր փեթակն ալիր կ՛ուզէ / Տանտիկինը եղ կ՛ուզէ, / Բուխերիկս մուխ կ՛ուզէ, / Մեր օճախը փատ (փայտ) կ՛ուզէ: / Էգուն (այգիին) պաղջին (պարտէզին) պտուղ տուր, / Մեր աղջիկին փեսայ տուր, / Մեր տղային հարս մը տուր»: Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին:

Դ.- ԿԱՂԱՆԴԸ ՄԱՐԱՇԻ ՄԷՋ

Երկրագործ է մարաշցի հայը: Ան նաեւ հմուտ արհեստաւոր է. ատաղձագործ, գուլպայագործ, շալագործ, հացագործ, ներկարար, կաշեգործ, կահագործ, մուշտակագործ, կօշկակար… Մարաշի հայը ունի 12 եկեղեցի, 11 քաղաքային բաղնիք, 1900 խանութ, 281 արհեստանոց, 7 իջեւանատուն, օճառի 2 տնային արտադրանոց, 11 փուռ, դեղարաններ եւ հիւանդանոցներ: Քաղաքի հայերը կ՛արտադրեն եւ կ՛արտահանեն նաեւ արծաթաթել գործուածքներ: Ուսումնասէր քաղաքը ունի հայկական 6 նախակրթարան, 1 բարձրագոյն դպրոց, 1 ճեմարան եւ բարեգործական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ: Անոր հոգեւոր կեդրոններն են Կարմիր վանքը եւ Վարագայ վանքը: Իսկ քաղաքին շուրջ կը տեսնէք եօթը գետակով ոռոգուող այգիներ, բամպակի, ծխախոտի, բրինձի, տեսակ-տեսակ ընդեղէնի ընդարձակ դաշտեր:

ԿԱՂԸՆՏՈՍ Է, ԱՒԵՏԻՍ

Հայկական բոլոր շրջանակներու նման, Մարաշի հայը Յունուար 1ին կը տօնէ «Կաղընտոս», այսինքն՝ իր Կաղանդը: Մարաշի մէջ Կաղընտոսին կ՛ուղեկցին ծիսական աւանդութիւններ: Քաղաքի պատանիները, խումբեր կազմած՝ տանիքէ տանիք ցատկելով, բուխերիկներէն պարանով պզտիկ տոպրակ մը կամ քսակ մը կ՛իջեցնեն, ուրախ-զուարթ ձայնով «Աւետիս»ներ կ՛երգեն եւ նուէրներ կը պահանջեն. «Աւետիս, Կաղընտոս, հանի պիզէ ինճիր-ղօզ» (Աւետի՜ս, Կաղանդ է, ո՞ւր է մեզի ընկոյզ ու թուզ): Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին:

ՆՈՒԷՐ ՏՈՒՈՂԸ ՏՂԱՅ ԶԱՒԱԿ ՈՒՆԵՆԱՅ

Կաղընտոսի տօնակատարութիւնը կը սկսի ընթրիքի սեղանին շուրջ: Սակայն յիշեցէք, որ մարաշցիներուն յատուկ է խիստ պահեցողութիւնը: Մարաշցին խստօրէն կը հետեւի պահքի յատուկ կերակուրներ պատրաստելու կանոններուն: Ահա՛ հայուհիները արդէն իսկ աւարտած են տօնական սեղանի պատրաստութիւնները: Սեղանի վրայ կան ձէթով եւ չոր բանջարեղէններով եփած ճաշեր, աղանդերներ, չոր եւ թարմ միրգեր, տեսակ-տեսակ քաղցրեղէններ, ինչպէս՝ շարոց, բանդակ, պաստեղ, գըրմա եւ սամսա: Ահա բուխերիկէն պարանով իջաւ տոպրակ մը: Տղաքը զիլ ձայնով կ՛երգեն (այլալեզու). «Սալը-սալը սարխըտտըմ, / Վէրէնըն պիր օղլու օլսուն, / Վէրմէյանըն պիր ղըզը օլսուն», թարգմանաբար՝ «Օրօրելով իջեցուցի, (նուէր) Տուողը տղայ մը ունենայ, / Չտուողն ալ աղջիկ մը ունենայ»… Ո՛չ, յարգելի ընթերցող, ես չմոռցայ այդ սեղանին զարդը՝ Մարաշին յատուկ «ըռպէվ շորվօ» կոչուած անուշեղէնը, որ շատերուս ծանօթ է իբրեւ «անուշապուր»: Դժուար չէ պատրաստելը: Բացատրեմ, մի գուցէ գալ տարի դո՛ւք ալ կը փափաքիք պատրաստել: «Ըռպէվ շորվօ»ն համեստ բաղադրատոմս ունի. 1 գաւաթ ծեծած, 1 գաւաթ սիսեռ, 1 գաւաթ ճերմակ լուբիա եւ 1 գաւաթ ռուպ: Ահա պատրաստութիւնը. թրջել եւ ցամքեցնել ծեծածը, սիսեռը եւ լուբիան: Բոլորը լեցնել կաթսայի մէջ: Լաւ մը եփել մինչեւ որ կակուղնան: Ապա ռուպը աւելցնել: Մատուցել տաք-տաք: Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին:

Այսօր, իբրեւ Աստուածային հիւր, այցելեցինք հիւրասէր հայու տունը եւ վայելեցինք անոնց Կաղանդի սեղանը: Ականատես եղանք նաեւ տօնական աւանդութիւններուն: Իսկ յաջորդ յօդուածիս մէջ, յարգելի ընթերցող, կը մտածեմ երթալ Ամասիա, Ռումտիկին, Կարին, Արաբկիր, Եոզղատ, Զէյթուն եւ Մալաթիա, վայելելու համար քաղաքին տոհմիկ շունչը, ապա հայու դուռ զարնել եւ մասնակից ըլլալ անոր Կաղանդին՝ տեղական համին եւ հոտին: Ուրեմն, անգամ մը եւս բարձրացնենք մեր տօնական բաժակները եւ վանեցիներուն նման ըսենք. Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին:

(Շարունակելի)

(*) Յիշենք, որ Դատեմի (այժմ՝ Tadim) դպրոցը հարիւր աշակերտ ունէր: Բազմաշէնը (այժմ՝ Saricubuk) ունէր երկու երկսեռ դպրոցներ եւ «Կրթասիրաց» միութիւնը: Գոմքի մէջ (Yenikapi) 1870ին կառուցուած վարժարանը՝ 1910ին փոխարինուած էր նոր վարժարանով մը, որ ունէր 150 աշակերտներ, 25ը՝ աղջիկ: Իսկ Բարճանջի աշխատասէր հայերը, որոնք ունէին հանրային բաղնիք մը, փուռ մը, հինգ ջրաղացներ, երկու ձաւարաղացներ, բանուկ շուկայ մը, չորս կօշկակարանոցներ, չորս սափրիչներ եւ բազմաթիւ այլ արհեստանոցներ, 1840ին կառուցած են իրենց երկսեռ հայկական դպրոցը: Այդ դպրոցը կը հսկէր եւ կը հովանաւորէր Ամերիկա գաղթած երիտասարդներու կողմէ հիմնուած «Ուսումնասիրաց» ընկերութիւնը:

https://asbarez.am/archives/496523

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ