Հրանդ Տինք Հիմնարկը «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 19-րդ տարելիցի առթիւ ծրագրած է զրոյցներու շարք մը։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 19-րդ տարելիցի առթիւ ծրագրած է զրոյցներու շարք մը։ Միջոցառումներու շարքը կը մեկնարկէ 12 Յունուար, Երկուշաբթի Իւմիթ Քըվանչի պատրաստած «Յիշողութիւնը անբաւարար» անուն ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։ Քըվանչ այս ֆիլմով նկարագրած է Հրանդ Տինքի խօսքը, միտքը, գաղափարները աղաւաղող համակարգի ինքնիրմէջ սնուցած հակասութիւնները ու թերութիւնները։
Նոյն օր Այլին Վարդանեան ժամը 17.00-ին պիտի զեկուցէ «19 Յունուարը յիշողութիւններու մէջ» խորագրի ներքեւ։ Վարդանեանին ելոյթը պիտի կրկնուի նաեւ 15 Յունուար, Հինգշաբթի ժամը 15.00-ին։
13 Յունուար, Երեքշաբթի օրուայ ատենախօսն է Ռոպէր Քոփթաշ։ Աշխատանոցի բնոյթով այս հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Հրանդ Տինքի յօդուածները եւ այդպէսով ալ պիտի մեկնաբանուի հեղինակին ոճը եւ խօսելու վարքը։
14 Յունուար, Չորեքշաբթի օրուայ միջոցառումը Քոստա Կավրասի 1969 թուականին արտադրած «Z» ֆիլմի դիտարկումն ու մեկնաբանութիւնն է, որ պիտի ներկայացնէ Կէօքչէր Թահինճիօղլու։
Ֆիլմը հիւսուած է արդարութիւն, պետական բռնութիւն եւ իրողութեան որոնումի նիւթերով։
16 Յունուար, Ուրբաթ օր յօդուածներու վերլուծումով Հրանդ Տինքի ոճը ուսումնասիրող երկրորդ զրոյցի ատենախօսն է Գարին Գարագաշլը։
17 Յունուար, Շաբաթ օր ժամը 14.00-ին Նայաթ Գարաքէօսէ պիտի զեկուցէ յիշողութեան վայրերու մասին, օրինակներ թուելով աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս ցեղասպանութիւններու, ցեղային խտրականութիւններով ընթացող վարչակարգրու, զինուորական յեղափոխութիւններու եւ պատերազմներու աւարտին հիմնուած յիշողութեան վայրերու, թանգարաններու, յուշարձաններու եւ յուշակոթողներու մասին։
Նոյն օր «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի ժողովավարութեամբ՝ Լուիզ Պաքար, Արուս Եումուլ եւ Լորա Պայթար պիտի խորհրդածեն «Ակօս» թերթի 30 ամեայ գործունէութեան եւ այս հրատարակութեան ներկայացուցած նշանակութեան նիւթերով։
18 Յունուար, Կիրակի օր ժամը 17.00-ին «Ակօս»ի նկարիչ Յովհաննէս Շաշքալ պիտի զրուցէ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան ալ գտնուած Սեպաթ շէնքի պատին վրայ Հրանդի յիշատակին ձօնուած տեսանիւթերու ցոլացման գաղափարի ծագման եւ մշակման գործընթացի նիւթով։ Այս միջոցառման ընթացին Յովհաննէս Շաշքալի զրուցակիցն է Քեմալ Կէօքհան Կիւրսէս։ Զրոյցները բացի դահլիճային հանդիպումէ պիտի սփռուի նաեւ Zoom-ի դրութեամբ։
Նկատի ունենալով վայրի սահմանափակ պայմանները մասնակցիլ ցանկացողներէն կը պահանջուի այցելել Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջը գրանցումին կամ Zoom հաղորդման գաղտնագիրը ստանալու համար։
https://www.agos.com.tr/am/news/zrvhtsnyrvw-shark-19-hvwnvwari-intarache-39086




Leave a Reply