Քեսապ գաւառ մըն է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան ծայրամասին վրայ, թառած` պատմական Կասիոս լերան հարաւային լանջերուն: Կը գտնուի Լաթաքիայէն 60 քիլոմեթր հիւսիս, իսկ Անտիոքէն 55 քիլոմեթր հարաւ, Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ:
Բնական գեղեցկութիւններով, կալսիի մշտադալար անտառներով, վեհ սարերով, սառնորակ աղբիւրներով եւ կանաչազարդ պարտէզներով յատկանշուող գաւառը բաղկացած է տասներկու գիւղերէ. Քեսապ, Գալատուրան, Պաշորտ, Սեւ Աղբիւր, Էսկիւրան, Չինարճըգ, Չագալճըգ, Քէօրքիւնա, Էքիզօլուք, Տիւզաղաճ, Վերի Պաղճաղազ եւ Վարի Պաղճաղազ: Այս գիւղերէն միայն Պաշորտն է, որ պարպուած է իր բնակչութենէն, որովհետեւ անոր բնակիչները 1947-ին Հայաստան ներգաղթեցին:
Քեսապ գաւառը հիւսիսէն եւ արեւելքէն սահմանակից է Թուրքիոյ:
Հարաւը, Տիւզաղաճէն անդին Լեղի Ջուրն է, անտառախիտ բարձունքներ եւ աւելի հեռուն` Գասթալ Մաաֆ եւ շրջակայ թուրքմէնական գիւղերը: Գասթալ Մաաֆէն արեւելք Պուճաքի շրջանի թուրքմէնական գիւղերն են: Իսկ Գասթալ Մաաֆէն արեւմուտք եւ Քեսապ գաւառին հարաւ-արեւմտեան կողմը, Վարի Պաղճաղազի անտառախիտ գօտիէն անդին Պայըրի թուրքմէնական շրջանի Ֆագ Հասան եւ Պետրուսիա գիւղերն են: Աւելի հարաւ ծովափնեայ Պասիթն է եւ շրջակայ ալեւիական գիւղերը:

Քեսապ գաւառին արեւմտեան կողմը Միջերկրական ծովն է լեռնոտ, քարքարուտ եւ ծառախիտ ափերով: Ծովափնեաց գօտիին հիւսիսը Գալատուրանի հովիտին ծովաբերանն է: Գալատուրանի ծովափը:
Աշխարհագրականօրէն Քեսապ գաւառը կ՛ընդգրկէ նաեւ 1938-էն Թուրքիոյ կողմը մնացած Կասիոս սրբազան լեռը եւ յարակից լեռնային ու ծովափնեայ գօտին: Կասիոսի հարաւ-արեւելեան լանջին կը գտնուի Պալլում ուխտատեղին, իսկ լերան հարաւ-արեմտեան լանջին Մուսալագ թրքաբնակ գիւղն է: Կասիոսի հարաւային լանջերը անցեալին քեսապցիներուն պատկանող Կերճեւոտի բերրի արտերն ու արօտավայրերն էին: Իսկ ծովափնեայ գօտին կ՛ընդգրկէր Էսքիճայի բերրի հողերը, հոն կը գտնուէին քեսապցի անասնապահներու ձմեռանոցները` գշլաները:
Մեր պապերուն մօտ պահուած աւանդութեան համաձայն, Նոյի տապանը Կասիոս լերան քսուած է եւ այդ պատճառով լեռը ճաղատ, անտառազուրկ մնացած է:
Կասիոս լերան միւս կողմը, Որոնդէս գետի ափին, Գուսէյր Լերան ստորոտը Անտիոքն է, որմէ անդին Մուսա լերան գիւղերն են:
Քեսապ գաւառին արեւելեան կողմը թրքական Օրտու աւանն է:
* * *

Քեսապ աւանը կը գտնուի Կասիոս լերան հարաւ-արեւելեան ժայռոտ կողերուն եւ գաւառին կեդրոնն է: Դէպի հիւսիս-արեւելք Սեւ Աղբիւրն է, իսկ հարաւ արեւելքը` Էսկիւրանը:
Քեսապ աւանէն եւ Գալայի բարձունքէն արեւմուտք, մինչեւ Միջերկրական ծով Գալատուրանի նեղ եւ երկար հովիտն է` մշտադալար կասլիի անտառախիտ լեռներով շրջապատուած. հիւսիսային կողմը Կիւնիկ եւ Գարթըն, իսկ հարաւային կողմը Տիւնակ ու Սելտրան լեռներն են: Հովիտի հիւսիսային բարձունքին Պաշորտն է:
Քեսապ աւանէն հարաւ եւ Էսկիւրանէն հարաւ-արեւմուտք Զինարճըգ եւ մօտը` Չագալճըգ գիւղերն են ծառախիտ լանջերով: Չագալճըգէն հարաւ, փոքր հարթավայրի մը վրայ Քէօրքիւնան է, եւ անկէ հարաւ-արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ թեք դիրքով Էքիզօլուքը:
Էքիզօլուքէն բաւական հեռաւորութեամբ, դէպի հարաւ-արեւմուտք, Սելտրանի հարաւային լանջին, անտառախիտ դիրքով Վերի Պաղճաղազն է եւ անոր հարաւ-արեւմուտքը` Վարի Պաղճաղազը:
Գաւառին հարաւ-արեւելեան կողմը Տիւզաղաճն է` դաշտային դիրքով, առատ ջուրով եւ անտառներով շրջապատուած:
* * *
Քեսապի շրջանին մէջ մարդու բնակութեան հետքերը կը հասնին քանի մը հազար տարուան հնութեան:
Ուկարիթ քաղաք-պետութիւնը, Միջերկրականի ափին, ներկայ Լաթաքիայէն հիւսիս, Ռաս Շամրայի մէջ, առեւտրական կապեր ունէր Եգիպտոսի, Կիպրոսի, հիթիթներուն եւ Եգէական պետութիւններուն հետ: Ներկայ Տիւզաղաճը առեւտրական բանուկ ճամբու վրայ կը գտնուէր եւ շրջակայքին մէջ հնութիւններ պահպանուած են:

Սելեւկեան կայսրութեան հիմնադիր Սելեւկոս Ա. Նիկատոր Ն.Ք. 300-ին Որոնդէս գետի արեւելեան ափին հիմնեց Անտիոքը եւ զայն իր մայրաքաղաքը ըրաւ: Անտիոքէն 22 քիլոմեթր արեւմուտք, ծովափին հիմնուեցաւ Սելեւկիա քաղաքը (ներկայ Սուէտիա կամ Սամանտաղ աւանին մօտ)` իբրեւ մայրաքաղաքի նաւահանգիստ: Հիմնուեցաւ նաեւ Լաւոդիկէ (ներկայիս` Լաթաքիա) քաղաքը:
Անտիոք, Սելեւկիա եւ Լաւոդիկէ արագօրէն բարգաւաճեցան: Սելեւկիա-Լաւոդիկէ ծովային ճամբուն վրայ Գալատուրանի ծովափը նաւահանգիստ էր, իսկ Անտիոք-Լաւոդիկէ ցամաքային ճամբան կ՛անցնէր Տիւզաղաճէն:
Մեծն Տիգրան Ն.Ք. 84-ին գրաւեց Անտիոքը եւ զայն իր երկրորդ մայրաքաղաքը ըրաւ: Այդ ժամանակ ալ մեծաթիւ հայեր բնակութիւն հաստատեցին Անտիոքի եւ շրջակայքին մէջ: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ որ Մեծն Տիգրան Կասիոսի գագաթը բարձրացած է եւ զոհ մատուցած, որ իր արշաւանքները յաղթանակով պսակուին:
Հռոմ Ն.Ք. 64-ին գրաւեց Անտիոքը:
Անտիոք քրիստոնէութեան գլխաւոր կեդրոն դարձաւ եւ Պետրոս առաքեալ Անտիոքի եկեղեցւոյ հիմնադիրը եղաւ:
* * *

Քեսապի շրջանին մէջ հայերու հաստատման վերաբերեալ հաստատ եւ գրաւոր տեղեկութիւններ չեն պահպանուած: Մեր պապերէն սերունդէ սերունդ փոխանցուած աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ առաջին անգամ հայ եօթը ընտանիքներ եկած եւ բնակութիւն հաստատած են ներկայ Տիւզաղաճի շրջանին մէջ: Բայց Տիւզաղաճ բանուկ ճամբու վրայ գտնուելով անոնք տեւական յարձակումներու ենթարկուած են: Հետագային այդ եօթը ընտանիքները տեղափոխուելով ներկայ Էսկիւրանի մէջ բնակութիւն հաստատած են:
Աւանդութիւնը կը շարունակէ ըսելով որ Էսկիւրանէն վեր, ներկայ Քեսապ աւանի շրջանը խիտ անտառներով ծածկուած էր: Հովիւները իրենց այծերը այդ կողմերը կը տանէին արածելու: Հովիւներէն մէկը կը նկատէ որ այծերը իրենց բերանը թրջուած կը վերադառնան: Կը փնտռեն եւ կը տեսնեն որ այդ շրջանին մէջ ջուր կայ:
Այնուհետեւ, իբրեւ աւելի բարձր լեռնալանջ եւ ժայռերով շրջապատուած ու ինքնապաշտպանութեան լաւ հնարաւորութիւն, ինչպէս նաեւ ջուր ունեցող վայր, Էսկիւրան հաստատուած եօթը հայ ընտանիքները վեր կը բարձրանան եւ կը հիմնեն ներկայ Քեսապ աւանը:
* * *
Քրիստոնէական սրբավայրերը իսլամ նուաճողներու տիրապետութենէն ազատագրելու նպատակով, Հռոմի Ուրբանոս Բ. պապին նախաձեռնութեամբ 1095-ին Եւրոպայի մէջ կազմակերպուեցաւ Խաչակրական առաջին արշաւանքը: Ֆրանկ լատին Խաչակիրները 1096-ի սկիզբը ճամբայ ելան եւ Պոլիսէն անցնելով մտան Փոքր Ասիա: Կիլիկիոյ հայերը օգնեցին խաչակիրներուն եւ սնունդով ապահովեցին զանոնք: Խաչակիրներ 1097 հոկտեմբերին պաշարեցին Անտիոքը եւ 1098 յունիսին գրաւեցին զայն: Խաչակիր զօրքերը այնուհետեւ շարժեցան դէպի Երուսաղէմ եւ 1099 յուլիսին ֆաթիմականներէն գրաւեցին Սուրբ Քաղաքը:
Անտիոքի շրջանին մէջ հայերու ներկայութեան վերաբերեալ կարեւոր վկայութիւն փոխանցած է էյուպեաններու տոհմէն Դամասկոս ծնած աշխարհագրագէտ եւ պատմաբան Ապուլ Ֆիտա (1273-1331): Ան կ՛ըսէ, որ Անտիոքի շրջանին մէջ եւ մինչեւ Իտլիպի կողմերը մեծաթիւ հայեր կը բնակին: Շրջանին իսլամ ցեղախումբերը առանց դիմադրութեան յանձնուեցան խաչակիրներուն, որովհետեւ հայերը մեծաթիւ եւ ազդեցիկ էին այդ կողմերը:
* * *
Խաչակրական արշաւանքի առաջնորդներէն էր Պետրոս Ճգնաւոր: Ան հիւսիսային Ֆրանսայի Ամիէն քաղաքէն կրօնաւոր էր: Արշաւանքէն առաջ ան Երուսաղէմ ուխտի գացած էր եւ ականատես ըլլալով քրիստոնեաներու տխուր վիճակին, վերադարձին պապին կոչ ուղղած էր խաչակրական արշաւանք կազմակերպելու: Պետրոս Ճգնաւոր մասնակցեցաւ Անտիոքի պաշարումին, այնուհետեւ, 1099 յունուարէն մայիս` Աքրայի պաշարումին, իսկ Երուսաղէմի գրաւումէն առաջ քարոզեց Ձիթենեաց Լերան վրայ:
Երուսաղէմի գրաւումէն ետք, 1099 օգոստոս 12-ին Պետրոս Ճգնաւոր մասնակցեցաւ Ասքալոնի ճակատամարտին, որուն ընթացքին ֆաթիմական բանակը հիմնովին ջախջախուեցաւ:
Պետրոս Ճգնաւոր այնուհետեւ Լաթաքիա մեկնեցաւ:
Խաչակրական արշաւանքէն ետք Արեւելքի մէջ լատինական չորս պետութիւններ հիմնուեցան. Երուսաղէմի թագաւորութիւնը, Անտիոքի դքսութիւնը եւ Թրիփոլիի ու Եդեսիոյ կոմսութիւնները:
Անտիոքի Պոհեմոնտ Ա. դուքս Քեսապի շրջանը կամ Քասպիսը Պետրոս Ճգնաւորի ընտանիքին նուիրեց:
Պատմական տարեգրութեանց համաձայն Պետոս Ճգնաւոր Ռենօ Ճգնաւորի եւ Ալիտ տը Մոնթեկուի որդին էր եւ ազգականական կապեր ունէր Օվերնըի կոմսերու ընտանիքին հետ: Նախքան կրօնաւոր ըլլալը Պետրոս Ճգնաւոր ամուսնացած էր Պէաթրիս տը Ռուսիի հետ եւ ունէր երկու որդի. Փիէռ եւ Այլիտ:
Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ Քեսապի մօտակայ Պետրուսիա գիւղը Պետրոս Ճգնաւոր հիմնած եւ հոն եկեղեցի կառուցած է: Եկեղեցիէն փլատակներ մնացած են: Բերրի հողերով, առատ ջուրով եւ գեղեցիկ ծովափով Պետրուսիայի մէջ անցեալին քեսապցի ընտանիքներ տուներ եւ կալուածներ ունէին: Գիւղը այժմ թուրքմէնաբնական է:
Կ՛ըսուի, որ խաչակիրներ Քեսապը Քազէմպէլէս կամ Քազապելլա կոչեցին, իբրեւ գեղեցիկ վայր:
Իբրեւ շրջանի աւատատէր, Քասպիսի հայերը Պետոս Ճգնաւորի ընտանիքին կապուած էին:
Պետրոս Ճգնաւոր հետագային Եւրոպա վերադարձաւ եւ ներկայ Պելճիքայի Լիէժի շրջանի Հիւ գիւղին մօտ Նէօմուսթիէի Աուկուսթինեան աբբայութիւնը հիմնեց: Հաւանաբար մօտակայ Սոլիէի աբբայութիւնը եւս Պետրոս Ճգնաւոր հիմնած է:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply