ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 105 տարիներ առաջ՝ 1920ին, երբ Հայաստան արդէն իր առաջին հանրապետութիւնը հիմնած էր, Եգիպտոսէն երկու մեծահարուստ եղբայրներ՝ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները նամակ կը ղրկեն եւ կը խնդրեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալ. հայ ըլլալու, կամ հայ զգալու համար, մայրենի լեզուն գիտնալը անհրաժե՞շտ է՝ չենք գիտեր, սակայն, երկու եղբայրները հայերէն չէին գիտեր՝ անոնք թրքախօս էին, սակայն անոնք, կ՛ուզէին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունենալ եւ իրենց ունեցած ամբողջ հարստութիւնը կը նուիրէին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:
Երկու մեծահարուստ եղբայրներ, որոնք իրենց մայրենի լեզուն չէին գիտեր, սակայն, անսահման սէր ունէին իրենց ազգին, իրենց եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին հանդէպ. այդ սէրերը վերացական չէին. անոնց վկան էր այն բոլոր անձնուէր նուիրատուութիւնները, զորս երկու եղբայրները կատարած էին: Ծխախոտի վաճառական երկու եղբայրները իրենց գործով տարուած յաճախ հեռու կը թուէին ըլլալ հայկականութենէն, սակայն, անոնց կատարած կտակը այդ կարծիքներու սխալ ըլլալու մեծագոյն փաստը եղաւ. օրուան մամուլը անոնց մասին կը գրէր հետեւեալը. «Կան տակաւին բազմաթիւ պատուական հայեր, որոնց քսակը եթէ լեցուն է, սիրտն ալ դատարկ չէ երբեք, եւ որոնք, թէեւ իրենց առօրեայ վերաբերումներուն մէջ անհաղորդ կը թուին ըլլալ իրենց հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն ծով կարիքներուն, անզգայ անոնց ցաւերուն ու պահանջներուն, սակայն, անոնց էութեան խորքին մէջ միշտ արթուն է հայու տեսլապաշտ ոգին եւ այդ ոգին օր մը ուշ կամ կանուխ պիտի խորտակէ զինք խեղդող Եսը եւ նիւթին պատեանը եւ դուրս գայ անկէ յաղթական»:
Երկու եղբայրները, սակայն, երբեք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չկրցան ըլլալ: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը տապալեցաւ եւ Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ անցաւ: Երկու եղբայրներէն առաջին մահացողը եղաւ Գրիգորը, եւ Կարապետը իր իսկ կենդանութեան իր հարստութիւնը եղբօր հարստութեան միացնելով՝ որոշեց նուիրել ազգին. սակայն, այդ նուիրաբերումին ընթացքը ան գտնուեցաւ քիչ մը խայտառակ իրավիճակի մը մէջ. կարգ մը անձեր իրենց սեփական շահերը փորձեցին դուրս բերել այդ նուիրատուութենէն եւ վերջապէս Եգիպտոսի դատարանին որոշումով նուիրատուութիւնը հասաւ իր նպատակին՝ հետեւեալ պայմաններով.

Ա.- Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքին մէջ կառուցուած Մելգոնեան հաստատութեան մէջ պիտի պահուին տարեկան առնուազն 500 երկսեռ որբեր:
Բ.- Տարեկան 1000 ոսկի պիտի տրամադրուի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի Ժառանգաւորաց վարժարանին՝ ապահովելու համար աշակերտներու կեցութիւնը եւ ծախսը:
Գ.- Տարեկան 1000 ոսկի պիտի տրամադրուի Պոլսոյ պատրիարքարանին:
Դ.- Տարեկան 500 ոսկի պիտի տրամադրուի Պոլսոյ Ազգային հիւանդանոցին՝ Մելգոնեան եղբայրներու անունով հիւանդներ պահելու եւ բուժելու համար:
Ե.- Տարեկան 3000 ոսկի Երեւանի համալսարանին՝ հայերէնի, հայոց գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ճիւղերուն համար:
Երկու եղբայրներուն նուիրատուութեամբ պիտի բացուէին տպարաններ, արուեստանոցներ եւ մանկապարտէզներ. աշխատասէր ուսանողներ պիտի ուղարկուէին Եւրոպա՝ անվճար ուսանելու: Այս անձնուէր եղբայրներուն նուիրատուութեամբ է որ հիմնուեցաւ մինչեւ օրս գործող Հայաստանի Ազգային գրադարանը. Մելգոնեան եղբայրները պետութեան տրամադրած գումարին չափ եւ աւելին տրամադրելով՝ մասնակցեցան գրադարանի շէնքի շինութեան:
Այս բոլորը կու գան մէկ բան ըսելու. հայրենասիրութիւնը մայրենի լեզուն գիտնալով չի՛ վերջանար. թէեւ մայրենի լեզուի իմացութիւնը անհրաժեշտ եւ կարեւոր է. երկու եղբայրները հաւանաբար իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին հայերէն չխօսեցան, սակայն, նոյնիսկ յետ մահու իրենց նուիրատուութեամբ պատճառ դարձան, որ բազմաթի՜ւ հայեր պահեն իրենց հայու ինքնութիւնը: Եթէ մարդ լաւապէս սերտէ սփիւռքահայ կեանքը եւ պատմութիւնը՝ լաւապէս պիտի հասկնայ, թէ ի՛նչ մեծ արժէք ունեցած է եւ ունի Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը՝ որուն շրջանաւարտները մինչեւ օրս աշխարհի չորս կողմը կը շարունակեն պահել իրենց հայու ինքնութիւնը՝ շնորհիւ իրենց դաստիարակութեան: Այսօր ունինք հայերէն խօսող բազմաթի՜ւ հայ մեծահարուստներ, որոնք կ՛ապրին միայն ու միայն իրենց անձին համար. Կարապետ Մելգոնեան իր եղբօր՝ Գրիգորի, մահէն ետք, իր կենդանութեան կը հրաժարի իր հարստութենէն եւ զայն կը նուիրէ հայ ժողովուրդին: Տարբերութիւնը շատ պարզ եւ յստակ է. բազմահազար որբեր եւ ուսանողներ իրենց կրթութիւնը ստացան երկու եղբայրներուն շնորհիւ: Եթէ անոնք իրենց անձնուէր նուիրատուութիւնը կատարած չըլլային, այդ բազմաթիւ ուսանողներէն շատե՜ր կորսուած պիտի ըլլային:
Այսօր, Հայաստանի մէջ, այս երկու եղբայրներուն մասին ո՞ր երիտասարդը որեւէ բան գիտէ. չենք գիտեր, սակայն, իւրաքանչիւր հայ, որ մուտք կը գործէ Ազգային գրադարանը, յիշէ՛, որ այդ շէնքը այդտեղ է, որովհետեւ երկու եղբայրներ, հրաժարելով իրենց հարստութենէն՝ ուզած են, որ հայ ժողովուրդը իր մշակոյթով, իր գրականութեամբ հզօրանայ եւ զարգանայ:
Երեւան
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հիմնադրութեան 100ամեակի Առիթով, Մելգոնեան Շրջանաւարտից Միութիւնը Սիրով Կը Հրաւիրէ Ձեզ Մասնակցելու Հետեւեալ Միջոցառման





Leave a Reply