Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ համալսարանին CineCulture ակումբին կազմակերպութեամբ՝ ուրբաթ, 19 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ բեմադրիչ Էմիլի Մկրտիչեանի «Կար Ու Չկար» (There Was, There Was Not) ֆիլմին Ֆրեզնոյի մէջ անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
Մրցանակակիր ֆիլմը պատմութիւնն է արցախցի չորս կիներու, 2020ի պատերազմէն ետք եւ Արցախի ցեղասպանութեան նախօրեակին միջեւ ինկող ճակատագրական ժամանակահատուածին ընթացքին։
Ձեռնարկը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ բեմադրիչը, տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Փիթըրզ» կրթական կեդրոնի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 5010 N. Woodrow Ave.։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել cineculture.csufresno.edu/films կայքէջը կամ դիմել (559) 278-2669 թիւին։




Leave a Reply