Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայը իր հոգեբարոյական դարպասի պահակը չէ: Իր արմատներուն դէմ նախայարձակումներ գործելը իմաստութիւն եւ գործնականութիւն կը համարէ, իր լեզուն կը զեղծէ, անհատաբար եւ հաւաքաբար, այս կամ այն յաջողութեան հասնելու կրպակային պատշաճեցումներով, լաւ ապրելու համար հայրենիք կը լքէ:
Դար մը առաջ, մարդորսական նկատումներով, թրքախօս հայերը քրիստոնեայ դարձնելու համար, հայերէն աղօթք, շարական եւ Ս. Գիրք թրքերէնի կը թարգմանուէին հայատառ կը գրուէին, կը տպագրուէին: Հայը, գործնապաշտութեամբ, կ՛որդեգրէ լեզուները այն երկիրներուն, ուր իր դժբախտ պատմութեան բերումով եւ հայրենալքումով բնակութիւն կը հաստատէ, կ՛աղօթէ Բաբելոնի բոլոր լեզուներով, եւ հայերէնը կը դարձնէ խորանի ծիսական լեզու: Կը յիշեմ աղօթագիրքի մը մէջ հայատառ թրքերէն «գրուած ՆՈՐԱՍՏԵՂԾԵԱԼ ԲԱՆՆ ՀԱՆԷԻՑ»ը. «Քելամ ուլլահ սեմավաթի, իպթիատան Ռապ էյլէտի, վէ սեմավի ասկէրլէրի, հաքիքի նուր մելէքլէրի…»…, մի ոմն հայ քարոզիչ Ս. Յարութեան խորհուրդին համար կ՛ըսէր, «Յիսուս փետերմիզին քըյամ էտտիքի ֆիքիր իլէ», հասկնալ՝ «մեր Յիսուս Հօր Յարութեան կամ համբարձման գաղափարովը», չանսացողը կը կոչէր «փութփերէս», «հեթանոս»: Հիմա խորանէն կը լսուին տարբեր լեզուներով քարոզ եւ աղօթք, եւ այդ կ՛ընդունինք:Կը պատշաճինք, տեղի կու տանք: Մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր…
Նոյն տրամաբանութեամբ, բազմադարեան հայերէն բառերու ուղղագրութիւնը եւ տեսքը փոխուեցան: Դիպուկ խօսք ըսած է մեծ դերասան Սօս Սարգսեան, որ «Մեսրոպ լեզուով միացուց ազգը, մենք լեզուով բաժնեցինք»: Ունինք երկու հայերէն, երկու ուղղագրութիւն: Իրանահայը արեւելահայերէն կը գրէ դասական ուղղագրութեամբ, ինչպէս արեւմտահայը, արեւելահայը կը գրէ «արդի» ուղղագրութեամբ, որ փոխարինած է բազմադարեան մեսրոպեան դասականը: Հայերէնի մէջ, յառաջդիմութեան նկատումով, տառադարձութեամբ ներմուծուած են հազարաւոր օտար բառեր, որոնք կը փոխարինեն հայերէն բառերը:
Թեթեւամտութեամբ, հայը հրաժարած է հայկական անուանումներէն, կեղծ արդիականութեան տուրք տալով որդեգրած է եւ կը շարունակէ նոյն թափով, Արշակի, Վահագնի, Արամի, Տիրանի, Արուսեակի, Արփիի, Անիի փոխարէն, զաւակ եւ թոռ կոչել Փօլ, Փիեռ, Սեսիլ, Քաթիա, Քեվին Սվեթլանա… Շարքը երկար է: Ազգանունները, յաճախ թրքերէն այլանդակութիւններ են. «Սողանեէմէզեան», «Գոնտրաճեան», «Սափսըզեան», «Ճերէճեան», «Ճիկերեան», «Ետիքարտաշեան», «Ալթըփարմաքեան»…
Ոչ ոք կը խօսի ներկայի աւեր գործող քաղաքակրթական-մշակութային հայկական բոլոր խաւերու մէջ ծաւալող աղէտին մասին, որ ամէն օր համացանցէն յորդող օտարագրութիւնն է, անոր հետ քայլ պահող լատինատառ հայերէնը: Ահազանգող չկայ: Լսող ալ չկայ: Երեւելիապաշտական աղմուկին մէջ, հայերէն գիր ու խօսք մտահոգութիւն չեն: Արեւելահայերէնի մէջ, սովետի օրերուն սկսած էր եւ այսօր ալ կը շարունակուի օտար բառերու տառադարձումով անոնց ապիկար հայացումը․ կ՛ըսեն՝ «լեզուն կը հարստանայ» եւ կ՛ապահայանայ հայերէնը: Երկրէն դուրս, Սփիւռք բազմալեզու խառնարանին մէջ, հայերէնի տեղ չկայ: Հարց կու տա՞նք, թէ ինչպիսի նորահայերէն մը պիտի զարգանայ Հայաստան պետութեան մէջ, եթէ հետեւինք «լեզուն կը յառաջդիմէ»ի (չ)իմաստութեան:
Հայաստան եւ Սփիւռք, բազմամբոխ աղմուկի, ժողովներու, երթեւեկի, առճակատումներու մէջ, հայերէնի խաթարման եւ անոր ազգի առօրեայէն հեռացման դէմ թումբ կանգնելու միտում չկայ: Այս ընթացքով, հայերէնը ինքզինք պիտի գտնէ մասնագէտներու հետաքրքրութեան առարկայի վիճակին մէջ, ինչպէս գրաբարը: Հայկական լրատուամիջոցներու, եւ ամէն բնոյթի թեր ու դէմ ղեկավարութիւններու համար, հայերէնը, խօսուող եւ գրուող, օրակարգ չէ, անոր պաշտպանութիւնը նօսրացող փակ շրջանակի մէջ է, ո՛չ ոք հարց կու տայ թէ առանց անոր ի՞նչ պիտի մնայ ցարդ ուրոյն նկարագիր պահած Հայ Ազգէն:
Եթէ «Ազգային ղեկավարութիւն» ունենայինք, ան այս դիմագծային աղարտման դէմ կը պայքարէր, «հայացման քաղաքականութեան» կը հետեւէր: Հեռաւոր երկրի մը մէջ ապրող գիտակից հայ մը իր «Ալթըփարմաքեան» ազգանունը փոխած էր «Վեցմատեան»ի: Ունեցած ենք «Եօթնեղբայրեան» անունով հերոս, ինչո՞ւ շարունակել «Ետիքարտաշեան»ը: Տգեղութեան օրինակները բազմաթիւ են: Հայկական լրատուամիջոցը եւ քաղաքական մեկնաբանը ինչո՞ւ «իրաւարարութիւն» չեն ըսեր, եւ հեռատեսիլէն իմաստութիւն բարբաջելով կ՛ըսեն «արպիթրաժ»: Այսքա՜ն խաթարուած է մեր ինքնութիւնը: Լրատուամիջոցը, տպագիր, համացանցային, հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ, ամէն օր եւ ամենուրեք, միշտ վասն գործնապաշտութեան, կը հեռանան հայատառ եւ հայախօս ըլլալէ: Կը պատահի՞ որ այս կացութիւնը եւ անոր հետեւանքը իրատեսութեամբ քննենք, մտածենք դարու աւարտին ազգի ունենալիք հարազատութեան եւ ինքնութեան մասին, որոնք սովորական դիրքապաշտական աղմուկէ աւելի մեծ հեռանկարային գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն կը պահանջեն:
Յիշ՛ել, Մուշեղ Իշխանը, որ մեծ իմաստութեամբ ըսած է, որ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ ՏՈՒՆՆ Է ՀԱՅՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐՈՒՆ… Տունը չորս պատ չէ, ան միասին ըլլալու կենսատարածք է, հայերէնը հայու տան պատերը պահող շաղախ է:
Իմաստալից է ԺԷ դարու ֆրանսացի ծիրաւոր (կարտինալ) Փոլինեաքի խօսքը: Ան դիտելով վանդակի մը մէջ գտնուող կապիկը, ըսած է. «Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ»: Իր «Գիրք Լինելութեան» մէջ, Ի դարու հայ գրող Վիգէն Խեչումեան կը խօսի գերութենէ վերադարձած հայու մասին, «որուն լեզուն կտրած էին, որպէսզի հայերէն չխօսի»:
Հայերէնի աղճատում, գործնապաշտական ապազգային ընտրանքով հայերէնի փոխարինում, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ըլլալ «լեզուն կտրած գերեվարուած հայ»: Որպէս մխիթարական պարգեւ ընդունած ենք «ծագումով հայ»ը: Յետոյ ի՞նչ: Վաղը 2100 է:
Իրաւ հայակերտման քաղաքականութիւն պէտք է ըլլան հայերէնի վերականգնումը եւ միացումը, ըլլան առանցք ազգի ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ, ընդդէմ նահանջի, կոտորակման եւ պարտութեան, որպէսզի յաջողինք եւ տեւեւնք, ունենանք հաւաքական հզօրութիւն: Այս ոչ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն:
Մամիկ մը կ՛ըսէր որ, ամէն տեղ ուր ուղտը ծունկը գետին դնէ, հոն քարվանսարայ չի շինուիր: Այդ կ՛ընենք մենք, շարականը հայատառ թրքերէն գրելով եւ տպագրելով: Կամ… այլ լեզուներով… կը հարցնե՞նք, թէ ինչո՞ւ կը պարտուինք…
Փուճ երեւելիի մը (Չ)իմաստուն խօսքով, այս տեսակ հարցեր արծարծել «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած է»:
Փոխան ներսի եւ դուրսի ցուցադրութիւններու (շաու), կ՛ունենա՞նք ՄԵՆՔ ըլլալու մեր մեծ յեղափոխութիւնը, որպէսզի իրա՛ւ շարունակութիւն ըլլանք, չգոհանանք աստ եւ անդ աթոռ զբաղեցնող հայերու պարտեալի ճապկումներով:
Աբովեան ըսած է, որ «լեզուն չըլլի մարդ ինչի՞ նման կ՛ըլլի»…
Ի դէպ, ո՞վ է Աբովեան… Ան ներսի եւ դուրսի ո՞ր խումբէն կը խաղայ… Միթէ՞ ան լսող չունեցող քաղաքական իրա՛ւ հայ մտածողը չէ:
Փարիզ
Leave a Reply