
Ս. Մահսէրէճեան Անցեալ Դեկտեմբերի կէսերուն, բարեկամ մը կէս-մեղադրական ձայնով հեռաձայնեց, հարց տալու՝ թէ արդեօք պէտք ունէի՞ օտար՝ գերմանական հեքիաթ մը յիշատակելու, լուսարձակի տակ բերելու համար 10 Նոյեմբերէն առաջ եւ ետք Հայաստանի վիճակուած կացութիւնը, ու հարց տուաւ, թէ արդեօք չէի՞ կրնար հայկական հեքիաթ մը յիշատակել (կ’ակնարկէր Հեմլինը առնէտներէ ձերբազատող կախարդին հեքիաթին): Բարեկամիս ակնարկութիւնը մտատանջումի մատնեց զիս:…