Սիամանթոյի հետ` գլուխ-գլխի (ծննդեան 145-ամեակին առիթով) – Է. 

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Բանաստեղծը Ինչո՞ւ Չերգեց Սէրն Ու Երկնքի Կապոյտը…  

Միշտ ալ շատերու կողմէ հարց տրուած է, թէ Սիամանթօ ինչո՞ւ շարունակ կարմիրով ներկեց իր էջերը: Ինչո՞ւ անդադար գծեց ու նկարագրեց կոտորածի, տանջանքի, պայքարի ու ռազմի պատկերներ:

Հարցումին պատասխանը յստակ է: Եւրոպա ապրելով հանդերձ, ան ինքզինք չէր կրցած անջատել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ճակատագրէն: Իրեն համար մղձաւանջ մը դարձած էին այն անասելի բարբարոսութիւնները, որոնք ի գործ կը դրուէին իր անմեղ ցեղակիցներուն նկատմամբ: Յետոյ, ան լայն չափով կլանուած էր հայոց ազատագրական-յեղափոխական շարժումներով, որոնց հերոսական դրուագներն ու առաքելատիպ տիպարները կ՛ոգեւորէին զինք, ներշնչումի անսպառ աղբիւր կը դառնային իրեն համար:

Բայց… բանաստեղծը քնարերգական զեղումներ ալ չէ՞ր ունենար բնաւ:

Կարելի՞ բան էր, որ Փարիզ կամ Ժընեւ ապրող 20-25 ամեայ երիտասարդ մը իր աչքն ու ականջը փակ պահէր կեանքի վարդագոյն պատկերներուն կամ անուշ զգացումներուն դիմաց, չերգէր երկնքին կապոյտը, չզմայլէր բնութեան չքնաղ գեղեցկութեան վրայ, չներշնչուէր փարիզեան գունագեղ առօրեայէն կամ Լեմանի լիճին կարապներէն, չունենար կարօտագին կամ յուզաթաթաւ ապրումներ, աղուոր երազներ, չերգէր սէ՜րը…

Այս հետաքրքրական հարցումին պատասխանը ծրարուած կը գտնենք «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»-ուն մէջ: Հոն կայ բանալի բանաստեղծութիւն մը, որ կարծէք գրուած է յա՛տկապէս վերի հարցադրումին պատասխանելու համար:

Բանաստեղծութիւնը, որ կը բաղկանայ 29 տողերէ, կը կոչուի «Արիւն է որ կը տեսնեմ…»: Հոնկէ պիտի արտագրեմ լոկ 13 տող, ստորեւ.

Մոռացումներու մոխիրին մէջն է որ զքեզ պատանքեցի,
Ո՜վ երկբայելի, եսանուէր ու սնոտի Սէր,
Եւ չհաճեցայ հիւսել խարտեաշ եղէգներէն ո՛չ դափնի եւ ո՛չ պսակ,
Ու ո՜չ ալ դողդոջ երգ մը, քեզի համար, իմ ազատածուփ քնարէս…

Ո՛չ ալ զքեզ դեռ երգեցի, ո՜վ երկինքներու անդորրական կապոյտ,
Ո՛չ ալ զքեզ` Արեգակ, զօրութիւն, կեանքի եւ աճումի ովկէան,
Ո՛չ ալ զքեզ` Արեւելք, աստուածներու եւ քուրմերու ծննդավայր,
… Ո՛չ ալ ձեզ` Արեւմուտքի իտէապաշտ Ոստաններ, ուր Մեծերը կը ծնանին…
Եւ վարդակարմիր եւ հոլանի եւ անբասիր առաւօտ,
Կամ ոսկիներու իրիկուն, մեռելական աշնանամուտ եւ անապատի անեզրութի՜ւն…
… Ոտքերուս տակ աւերակնե՜ր եմ տեսած, եւ լուսամուտէս դուրս` հազարաւոր  մեռցուածներ…
Եւ սուրե՛ր շողացին… ձգեցէ՛ք զիս, ո՛վ տկարութեան կապանքներ,
դեռ սուրեր կը շողան,
Եւ բանաստեղծի աչուըներս արի՛ւն, արի՛ւն, արի՛ւն է որ կը տեսնեն…:

Կը տեսնուի ուրեմն, որ բանաստեղծը կամովի՛ն հրաժարեր է քնարերգական զեղումներէ, որովհետեւ իր աչքերը տեւաբար արիւն տեսեր են… Ան մոխիրի մէջ պատանքեր է ՍԷՐ-ը, զոր կը կոչէ «երկբայելի» (=կասկածելի), «եսանուէր» (=եսասէր, եսապաշտ) ու «սնոտի» (= ունայն, փուճ, անարժէք): Ան կը խոստովանի, որ չէ երգած երկնքի խաղաղաւէտ կապոյտը, չէ երգած արեւուն զօրութիւնը, չէ երգած Արեւելքի ու Արեւմուտքի փառքերն ու բարքերը, չէ երգած արեւածագին մաքրամաքուր գոյներն ու իրիկուան մթնշաղը, չէ երգած աշնան տրտմութիւնն ու անապատի անսահմանութիւնը…

Պոլսահայ գրագէտ Ռ. Հատտէճեան, որ յօդուածաշարքի մը մէջ անդրադարձումներ ունի Սիամանթոյի բանաստեղծութեան յատկանիշերուն մասին, հարց կու տայ, թէ ինչպիսի՞ Սիամանթօ մը պիտի ցցուէր մեր դիմաց, եթէ բանաստեղծը ազատ թռիչք տար իր անձնական յուզումներուն եւ զգայնութիւններուն ու անոնցմով լեցնէր իր քերթողական երկնակամարը: Հատտէճեան կը գրէ.

– Սիամանթօ ունէ՞ր այդ խմորը: Պիտի կարենա՞ր աւելի քան 500 էջերէ բաղկացեալ ամբողջական գործ մը լեցնել գեղահիւս ծաղիկներով, երազներով, լոյսով ու ստուերով, սիրոյ տառապանքներով ու երջանկութիւններով, ազգային գրականութեան աւելի նուրբ, խորհրդապաշտ ու ոճապաշտ խոյանքներով, այս բոլորը թրծուած` ստեղծագործական գրականութեան շնորհով: Չենք գիտեր: Այս հարցումին պատասխանը պիտի չկարենանք ունենալ: Թերեւս պիտի մտածենք, որ Սիամանթոն չէր կրնար տարբեր կերպ գրել, չէր կրնար ընտիր գրականութիւն մը ստեղծել տարբեր թեմաներու վրայ: Թերեւս ալ պիտի մտածենք, որ, ընդհակառակն, Սիամանթօ կրնար մագլցիլ բանաստեղծական ստեղծագործութեան մինչեւ ամենաբարձր կատարները: …Սիամանթօ ինք ալ հաւանաբար կը զգար, թէ ընտրած էր անսովոր ուղի մը: … Անոր հոգին ալ թերեւս կը պատռտուէր մէկուն եւ միւսին միջեւ, բայց, ինչպէս պիտի խոստովանէր իր մէկ բանաստեղծութեան վերջին տողին մէջ, իր աչքերը միայն «արի՛ւն, արի՛ւն, արի՛ւն կը տեսնէին»… («Առագաստ` դէպի բանաստեղծութիւն», «Յուշատետր» թիւ 47, Պոլիս, 2006):

1908-ի Սահմանադրութիւնը Եւ
Տունդարձ– Կիլիկիոյ Աղէտը

Առաջքն առնելու համար երիտթուրքերու զինուորական յեղաշրջումին, սուլթան Ապտիւլ Համիտ 1908-ի յուլիսին կը պարտաւորուէր վերականգնել օսմանեան սահմանադրութիւնը, ամբողջ երեսուն տարի զայն կապանքի տակ պահելէ ետք բռնօրէն:

Լուրը անհաւատալի էր: Կ. Պոլսէն մինչեւ երկրին հեռաւոր գաւառները խանդավառութիւնը աննախընթաց էր: Ֆրանսական յեղափոխութեան ծանօթ լոզունգները` ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն, բարձրաղաղակ կը հնչէին փողոցներու մէջ ու տանիքներու վրայէն: Մոլլաներ ու քահանաներ կ՛ողջագուրուէին իրարու հետ: Գինովցած էր մա՛նաւանդ հայութիւնը, քանզի կը բացուէին բանտերու դռները ու քաղաքական բոլո՜ր բանտարկեալները ազատ կ՛արձակուէին:

Կը ջնջուէր գրաքննութիւնը: Արտասահման ապաստանած այլախոհ կամ ընդդիմադիր մտաւորականներն ու գործիչները երկիր կը վերադառնային անվախօրէն, մինչեւ իսկ անոնցմէ շատեր անդամ կ՛ընտրուէին վերաբացեալ օսմանեան խորհրդարանին: Դեռ աւելի՛ն. յեղափոխական ընդյատակեայ կուսակցութիւնները, որոնք տարիներով զինեալ պայքար մղած էին համիտեան վարչակարգին դէմ, հիմա հրապարակներու վրայ կը բացայայտէին իրենք-զիրենք անկաշկանդ, կը վերածուէին «օրինաւոր» կազմակերպութիւններու եւ կը սկսէին հրատարակել իրենց պաշտօնաթերթերը:

Սիամանթոն ալ մէկն եղաւ այն հարիւրաւորներէն, որոնք երկիր վերադարձան: Ընտանիքը Պոլիս էր արդէն, ու ինք անոր միացաւ ճիշդ 12 տարի Եւրոպա մնալէ ետք:

Օրերը խառնակ էին սակայն, ու քաղաքական դէպքերը անհակակշռելի վերիվայրումներ կ՛արձանագրէին անընդհատ:

1909-ի մարտին, իրեն յենարան ունենալով պահպանողական ու կրօնամոլ հոսանքներ, սուլթանը կը փորձէր դա՛րձեալ խափանել սահմանադրութիւնը, ինչ որ դուռ պիտի բանար իր գահընկէցութեան: Այնուհետեւ կառավարութիւնը կ՛անցնէր Իթթիհատ վէ թէրաքքի կուսակցութեան ձեռքը:

Նոյն այդ օրերուն հորիզոնը կրկին կը մթագնէր արեան հեղեղներով: Զոհը դա՛րձեալ հայութիւնն էր, այս անգամ` Ատանայի մէջ ու շրջակայ գաւառները: Ապրիլ ամսու առաջին կէսին հակահայ լայնածաւալ ջարդեր տեղի կ՛ունենային Կիլիկիոյ մէջ` պետական շրջանակներու ակներեւ դրդումով ու մասնակցութեամբ: Մոխիրի կը վերածուէին հայոց թաղերն ու շէները… Կու տայինք 30.000 զոհ: «Ժողովրդավար» նոր կառավարութիւնը կ՛ունենար չքմեղանքի արտայայտութիւններ` պատասխանատուութիւնը բարդելով հին վարչակարգին վրայ…:

Հայութիւնը, ինչպէս միշտ, գլխահակ կը հաշտուէր այս դառն ճակատագրին հետ եւս ու կը լծուէր իր վէրքերուն դարմանումին: Միւս կողմէ` աղէտը հուժկու արձագանգներ կը գտնէր գրական ճակատի վրայ: Այսպէս, Զապէլ Եսայեանի ու Արշակուհի Թէոդիկի (որոնք անձամբ Կիլիկիա փութացեր էին) անջատ տպաւորութիւններէն զատ («Աւերակներուն մէջ» եւ «Ամիս մը ի Կիլիկիա»), բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ կը գրէր իր «Կարմիր գիրքը», Սուրէն Պարթեւեան կը հրատարակէր իր «Կիլիկեան արհաւիրքը», իսկ Յակոբ Թէրզեան (Յակթէր) վիճակագրական տուեալներով ու հինգ հատորով լոյս կ՛ընծայէր իր «Կիլիկիոյ աղէտը»: Ասոնց կողքին, 1909-ին Սիամանթոն ալ հրապարակ կը հանէր իր նորագոյն քերթողագիրքը` «Կարմիր լուրեր բարեկամէս»-ը:

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ լաւատեսութիւն մը ուրուագծուած էր հորիզոնին վրայ, կը կարծուէր կամ կ՛ակնկալուէր թերեւս, որ Սիամանթոն, քաղաքական ու ազգային կեանքի բարեշրջումին զուգընթաց, գրական բոլորովին նոր տարազով մը ներկայանար իր ընթերցողներուն: Այսպիսի հաւանականութիւն մը հեռու չէր բնաւ: Բայց…

Բայց Կիլիկիոյ աղէտը անգամ մը եւս զինք դրաւ արիւնով ներկուած պատկերներու առջեւ: Կիլիկիայէն հասած սարսափազդու լուրերու եւ անոնց մասին ականատեսներու վկայութիւններուն հիմամբ` ահա՛ նոր քերթողաշարք մը գրեց ան, այս անգամ նստած` Սկիւտարի իր տան գրասեղանին ետին: Գիրքը տպուեցաւ ու հրապարակ հանուեցաւ Պոլսոյ «Արծիւ» ժողովրդական գրավաճառանոցին կողմէ:

Նորատիպ հատորեակին «Խաչը» խորագրեալ քերթուածին մէջ բանաստեղծը կը գրէր.

  Աչքերուս չափ սարսափ տեսած այս խեղճ ձեռքերս կը դողդոջեն…
… Ներէ՛ ինծի որ նորէն գամ ձեր թախիծը խռովել,
Անգամ մը եւս ես կ՛ուզեմ հայելին ըլլալ հայ արիւնին.

12 քերթուածներ կային հոս: Ասոնցմէ մա՛նաւանդ երկուքը` «Պարը» եւ «Խեղդամահ»-ը, այնքա՜ն մեծ տպաւորութիւն թողուցին հանրութեան վրայ, որ դասական կտորներ  դարձան շուտով: Նիւթի եղերականութեան տեսակէտէն, զոյգ քերթուածները նման են իրարու, եւ անոնք յաճախ կ՛արտասանուին բեմերէ, կամ տեղ կը գտնեն դասագիրքերու մէջ` իբրեւ սիամանթոյական քերթողութեան ու ոճի տիպար նմուշներ:

«Պարը» թուրք բարբարոսութեան քստմնելի պատկեր մըն է, որ իրեն վայր ունի «մոխրակոյտի վերածուած Պարտէզ քաղաքը»: Սիամանթոյի քերթողութիւնը վերլուծող մեր գրականագէտներէն ոչ ոք ցարդ կրցած է ճշգրտօրէն մեկնաբանութիւն մը բերել այս տեղանունին: Ո՞ւր կը գտնուէր «Պարտէզ» կոչեցեալ այս քաղաքը… Հայրենի բանասէր փրոՖ. Դաւիթ Գասպարեան, օրինակ, կը կարծէ,  որ անիկա «Ատանայի խորհրդանշական անուանումն է» (տե՛ս «Քրիստոնեայ Հայաստան» երկշաբաթաթերթ, Էջմիածին, 2010, սեպտ. Բ.): Ո՛չ: Իմ համոզումով, անիկա Ատանայի մօտակայ Պահչէ գիւղաքաղաքն է («պահչէ» թրքերէնով կը նշանակէ «պարտէզ»): Ու մենք հաստատօրէն գիտենք, որ հոն հայութիւնը մեծաթիւ զոհեր տուաւ 1909-ի կիլիկեան ջարդերու օրերուն: Թէոդիկի «Տարեցոյց»-ի 1910-ի թիւին մէջ կ՛ըսուի, որ Պահչէն ունէր 850 տուն հայ բնակիչ, որոնցմէ 759 հոգի սպաննուեցան 2-3 շաբթուան ընթացքին…

«Պարը» գերմանուհի ականատեսի մը վկայութեան բանաստեղծական վերարտադրութիւնն է: Օտարուհին իր տան լուսամուտէն կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս թուրք խուժանը քսան հայուհի հարսեր մտրակներու հարուածներով կը քաշքշէ այգիի մը հրապարակը, կը ստիպէ անոնց մերկանալ ու… պարե՜լ ամբոխին խենէշ նայուածքներուն ու շուայտ երգերուն տարափին տակ, ամէնէն վերջն ալ` բոլորին վրայ քարիւղ թափելով ու ողջ-ողջ հրկիզելով…

Գերմանուհին նախ կը վկայէ, որ մոխրակոյտի վերածուած քաղաքին մէջ «դիակները դիզուած էին մինչեւ կատարը ծառերուն»: Յետոյ կը սկսի պատմել «մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ»… Վայրենի մը խօսքն ուղղելով հարսերուն` կ՛ըսէ.

Պէտք է պարէ՛ք-երբ մեր թմբուկը հնչէ:
Եւ մտրակներն սկսան մահակարօտ հայ կիներուն
Մարմիններուն վրայ կատաղութեամբ մը շառաչել…:
Քսան հարսներն ձեռք ձեռքի, իրենց շուրջպարն սկսան…
… Պէտք է պարէ՛ք, կ՛ոռնար խուժանը մոլեգին,
Մինչեւ ձեր մահը պէտք է պարէք, դո՛ւք անհաւատ գեղեցիկներ,
Կուրծքերնիդ բաց` պէտք է պարէք, մեզ ժպտելով եւ անտրտունջ…
Յոգնութիւնը ձեզ համար չէ, ո՛չ ալ ամօթը ձեզ համար,
Ստրուկներ էք, պէտք է պարէ՛ք եւ մերկանդամ  եւ հոլանի,
Մինչեւ ձեր մահը` պէտք է պարէ՛ք պագշոտօրէն եւ ցոփութեամբ,
Մեր աչքերը ծարաւի են ձեր ձեւերուն եւ ձեր մահուան…:  

Վկայութիւնը կ՛աւարտի սա՛ տողերով.

Յետոյ մէկը սափորով մը քարիւղ բերաւ խուժանին…
Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ…:
Քսան հարսներն շտապով այդ հեղուկովն օծեցին…
Պէտք է պարէ՛ք, որոտաց, ահաւասիկ ձեզի բուրմունք մը որ Արաբիան իսկ չունի…
Յետոյ ջահով մը բռնկցուցին մերկ մարմինները հարսներուն.
Եւ ածխացած դիակները պարին մէջէն դէպի մահը գլորեցան…

Հալէպ

(Շար. 7)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *