
Համադրեց՝ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ծնած է 27 Յունուար 1910-ին, Խաէբերդ/Կիւրիւն:
Ան զաւակն է Թուրքիոյ մէջ վարկ ու յարգանք վայելող՝ հայ աւետարանական հովիւ ու Եղեռնի նահատակներէն կիւրինցի վեր. Սամուէլ Մանուկեանի: Անդրանիկ փոքր տարիքին որբ մնացած ըլլալով, կրած է իր սերունդին բոլոր տառապանքներն ու դառնութիւնները:
1915-ի ջարդերուն Անդրանիկ հասած է Մալաթիա եւ ընդունուած է որբանոց: Երեք տարի ետք, 1918-ին ան հասած է Պէյրութ եւ ընդունուած է Անթիլիասի որբանոցը:
Պէյրութի մէջ եղած է Հայ աւետ. քոլէճի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը, 1927-ին:
Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը, 1935-ին: Ունեցած է մասնաւոր հետաքրքրութիւն մտային հիւանդութիւններու մասին: Տակաւին ուսանող, ան կապ պահած է Լիբանանի Մտային հիւանդութիւններու հաստատութեան հետ եւ բարձր գնահատանքի արժանացած՝ տնօրէնութեան կողմէ: Հազիւ շրջանաւարտ, ան հրաւէր ստացած է իբրեւ մնայուն բժիշկ ծառայելու նոյն հաստատութեան մէջ: 1937-ին հոն աշխատած է իբրեւ օգնական հոգեբուժ բժիշկ:
Առ ի գնահատանք իր ծառայութեան, բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ղրկուած է Անգլիա, մասնագիտանալու մտային հիւանդութեանց մէջ: 1939-ին աւարտած է Էտինպարայի համալսարանի հոգեբուժութեան դասընթացքը:
1941-46 ան ծառայած է բրիտանական բանակին Միջին Արեւելքի բաժանմունքին մէջ, հարիւրապետի ու ապա հազարապետի աստիճանով, իբրեւ հոգեբուժ:
1947-1980 Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան եղած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հոգեբուժութեան բաժանմունքի դասախօս, իսկ 1980-ի՝ պատուակալ փրոֆէսոր: 1956-80 եղած է այդ բաժանմունքին պետը:
1956-82 ան վարած է Պէյրութի մտային եւ ջղային հիւանդութիւններու պետական հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը եւ բժշկական տնօրէնութիւնը:
1960-ական տարիներուն, ան եղած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու ներկայացուցիչը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան անդամակցած է տեղական, արտասահմանեան, միջազգային հոգեբուժական եւ բժշկական պետական ու հասարակական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու: Ան դարձած է շատ մը արաբական երկիրներու մտային առողջապահութեան հարցերու խորհրդատու: Լիբանանը ներկայացուցած է միջազգային համաժողովներուն:
1992-ին ան ընտրուած է Լիբանանի հոգեբուժներու միութեան ցմահ պատուաւոր նախագահ:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան եղած է Royal College of Psychiatry-ի հիմնադիր անդամը եւ Լիբանանի Հայկական բժշկական միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը: Եղած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ:
Ան ունի հոգեբուժական գիտական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններու մէջ: Ծառայած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մէջ եւ շուրջ 20 տարի եղած է վերին մարմնի անդամ, Լիբանանի Յանձնաժողովի փոխատենապետ, Աւետարանական համայնքի կարկառուն ղեկավարներէն մէկը, Հայկազեան համալսարանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի հոգաբարձութեան անդամ, Հայ անկարներու կեդրոններու խնամակալութեան ատենապետ:
1965-87 գործած է իբրեւ Հայ աւետարանական համայնքային ժողովի ատենապետը: 1973-ին իր ջանքերով հիմնուած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ երիտասարդական միութիւնը:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան պարգեւատրուած է Լիբանանի պետութեան Արժանեաց ոսկի շքանշանով, 1956-ին, Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի Բրիտանական «Կայսրութեան կարգի» շքանշանով, 1970-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Մետաղեայ պատուագրով», 1993-ին, եւ «Մեծ գիտնական-ուսուցիչ», «Փենռոզ» շքանշանով, Մ.Տ.Կ.Կ. «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով, 2000-ին, Լիբանանի պետութեան «Արզ Քոմանտոն» կարգի շքանշանով, 2003-ին (յետ մահու):
1972-92 ան եղած է Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Այդ տարիներուն մաս կազմած է Հայ երեսփոխանական Պլոքին, ուր ունեցած է բեղուն գործունէութիւն:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ամուսնացած է Ալիս Խանթամուրի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով:
Ան մահացած է 10 Մարտ 2003-ին Պէյրութ. Թաղման արարողութիւնը կատարուած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ 13 Մարտ 2003-ին: Թաղուած է Պէյրութի հայ աւետարանական գերեզմանատան մէջ:
Ուրբաթ, 31 Մայիս 2013-ին Լիբանանի «Բժիշկի տուն» բժիշկներու ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ կայացած մէկ համագումարի սկզբնաւորութեան Լիբանանի հոգեբու-ժութեան հսկաներէն բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեանի թոռը ստանձնած է իր մեծ հօրը յետմահու շնորհուած յուշատախտակ մը որպէս երախտագիտութիւն Լիբանանի մէջ հոգեբուժութեան մարզէն նեդրս անոր կատարած մեծ ծառայութիւններուն:
Աղբիւր
1. Պետրոս Մինասեան, «Պատմագիրք Կիւրինի», Պէյրութ, 1974:
2. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, Հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Երեւան, 2020:
3. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, անձնական ծանօթութիւն որպէս գործակից բժիշկ.
4. Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան Յետմահու Ի Պատուի, Ազդակ օրաթերթ, Լիբանան,
1 Յունիս 2013:
5. Երիտասարդ Հայ, պարբերաթերթ, Հայկական հիւանդանոց-տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան կը խօսի, Պէյրութ, Լիբանան, 30 Սեպտեմբեր 1972: