Համադրեց` բԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Aztagdaily.com- Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան ծնած է Մարաշ, 1880-ին: Զաւակը` Կարապետ եւ Խաթուն Տէր Ղազարեաններու: Ունեցած է եօթը քոյրեր, եղած է ծնողներուն երէցը եւ միակ մանչ զաւակը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղային վարժարանին մէջ:
1896-1901 ուսանած է Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճին մէջ:
1902-ին անցած է Պէյրութ, ուր հետեւած է ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտութեան դպրոցի դասընթացքներուն: Աւարտելէ ետք, 1906-ին վերադարձած է Մարաշ եւ աշխատած է գերմանական հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ վիրաբուժի օգնական, 1911-1914, եւ իբրեւ վիրաբուժ` 1914-1920:
Ատանայի հիւանդանոցին մէջ եղած է գլխաւոր բժիշկ, 1920-1921:
Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն դարձած է բժշկապետ եւ Մարաշի թուրք զինուորներու վիրաբուժապետը: Մեկնած է Գերմանիա, ուր հետեւած է մասնագիտական ծրագիրներու:
1923-1925 գործած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի ամերիկեան միսիոնարական հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ գլխաւոր վիրաբուժ: Ապա անցած է Հալէպ, ուր գործած է իբրեւ բժիշկ. իր դարմանատունը հաստատած է Խանտեք փողոցին վրայ:


Լծուած է Կիլիկիոյ տեղագրութեան եւ պատմութեան ուսումնասիրութեան: Բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին մէջ:
Աշխատակցած է «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն» հատորին (Նիւ Եորք, 1934) եւ «Մարաշի հայ աշուղներն ու գրագէտները» աշխատասիրութեան: Նաեւ պատրաստած է Մարաշ քաղաքին քարտէսը: 1966-ին հրատարակած է «Հայկական Կիլիկիա» տեղագրութիւնը:

Եղած է ազգային եւ հասարակական անձնաւորութիւն: Ունեցած է բեղուն գործունէութիւն Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի Քաղաքական եւ Գաւառական ժողովներու մէջ:
Մարաշի մէջ անդամակցած է ՀՅԴ-ին:
Մարաշի մէջ վեց տարի նշանուած մնացած է Ովսաննա Եագուպեանին հետ, սակայն խզուած է նշանածէն ու ամուրի մնացած է մինչեւ կեանքին վերջը:
Իր ազգանուէր ծառայութիւններուն համար Խորէն Ա. կաթողիկոս իրեն շնորհած է «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանը:
Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան մահացած է 1975-ին, 95 տարեկանին:

2012-ին Հալէպի մէջ հրատարակուած է «Կիլիկիոյ իշխանը` տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան» հատորը Հալէպի Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին կողմէ` ի յարգանք տոքթորին եւ անոր կատարած ազգանուէր գործունէութեան: Հատորը խմբագրած է տոքթ. Թորոս Թորանեան (*):
(*) Տէրունեան, Կարօ, դիմատետր, 27 փ ետրուար 2023:
Մոնրէալ, 20 մարտ 2023
Աղբիւրներ.
- Ուիքիփետիա, տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան:
- Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին (յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:
- «Հայկական Կիլիկիա», բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան, Հալէպ, 1966:
- Թորանեան, Թորոս, «Հայ բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ Սուրիոյ մէջ», Հալէպ, 2012: