Սելինա Տողան. «Այսօր Թուրքիան կա՛մ պիտի յայտարարէ իր յանձնուիլը իսլամականութեան եւ փտածութեան, կա՛մ ալ պիտի դիմէ վերանորոգման զօրաւոր գործընթացի ու վերականգնէ իր հաստատութիւնները»

Հարցազրոյցը վարեց եւ թարգմանեց` ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 14 մայիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ընդհանուր ընտրութիւններուն առիթով կը հրապարակենք հարցազրոյց մը` Պոլսոյ Շիշլիի  Շրջանային ժողովի անդամ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին հայազգի երեսփոխան, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Սելինա Տողանի հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս գիտենք, 14 մայիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան ընդհանուր (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւններ: Որո՞նք են նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին արծարծուող հրատապ հարցերը, եւ ի՞նչ է կեցուածքներու տարբերութիւնը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան թեկնածուին (Քեմալ Քըլըչտարօղլու) միջեւ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչպէս նշեցիք, Թուրքիոյ ներկայ գլխաւոր օրակարգը ընտրութիւններն են: Շա՛տ ծրագիրներ կապուած են ընտրութիւններուն հետ: Իրականութեան մէջ կայ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը, որ ըստ ընտրութիւններու արդիւնքներուն, պիտի որոշէ շարունակել ապրիլ այս երկրին մէջ կամ արտագաղթել: Որովհետեւ, առանց որեւէ չափազանցութեան, ասիկա ճակատագիրի որոշում է: Կա՛մ մեր երկիրը պիտի յայտարարէ իր յանձնուիլը իսլամականութեան ու փտածութեան եւ իր հրաժեշտը տայ հանրապետական կարգերուն, կա՛մ ալ պիտի դիմէ վերանորոգման զօրաւոր գործընթացի ու վերականգնէ իր հաստատութիւնները: Այս հարցումին պատասխանը պիտի հաստատեն քուէարկողները 14 մայիսին: Ինչ կը վերաբերի նախընտրական խոստումներուն, կառավարութիւնը կու տայ խոստումներ, որոնք սկզբունքով էապէս շատ չեն տարբերիր նախորդ խոստումներէն. իբր թէ անոնք չեն կառավարած երկիրը վերջին 21 տարիներուն ընթացքին, անոնք քարոզչութիւն կը կատարեն խոստում տալով, որ տնտեսութեան յառաջընթացը ապահովեն, բարձր պահեն երկիրը, հասնին լուսին եւ արտադրեն տեղական անօդաչու թռչող սարք :

Վեց կուսակցութիւններու դաշինքը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, իր կարգին կը խոստանայ  վերջ տալ միակուսակցական նախագահական համակարգին ու անցում կատարել դէպի հզօրացած խորհրդարանական համակարգ` վերապաշտօնականացնելով պարպուած պետական հաստատութիւնները, վերջ տալով ընկերութեան մէջ տիրող բեւեռացման, փառաւորելով բազմազանութիւնը մամուլի, քաղաքացիական հասարակութեան եւ ընկերային ծրագիրներուն մէջ, տիրական դարձնելով հիմնական ազատութիւններն ու իրաւունքները` շրջաններու զարգացումով եւ փոխակերպումով:

Անկասկած այս ընտրութիւններուն ամէնէն էական հարցը տնտեսութիւնն է: Այսուամենայնիւ, տնտեսական ճգնաժամն ու այլանդակ սղաճը, զորս կը դիմագրաւենք, հետեւանք են դիւանակալ, կեդրոնացեալ, միանձնեայ կառավարման համակարգի բարոյական եւ կառուցողական անկման: Համակարգ մը, որ կառուցուած է մեկուսացած արտաքին քաղաքականութեան եւ արտերկրէն պարտք ստացող տնտեսական կարգի վրայ: Այս պատճառով ալ ընդդիմութեան տնտեսական խոստումները նկատի առած են արտադրութեան յաւելումը, գիւղատնտեսութեան վերականգնումը եւ ժողովրդավարական միջավայրի վերակառուցումով ու պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութեան վերահաստատումով ներդրումներու միջավայրի բարելաւումը: Ընդարձակելով վերոյիշեալ խոստումները` կ՛աւելցնենք նաեւ այլ կէտեր, ինչպէս` գաղթականներու դէպի իրենց հայրենիք տունդարձի հարցը, որ պէտք է տեղի ունենայ դիւանագիտական միջոցներով, արգիլել օտարերկրեայ քաղաքացիներուն կալուածներ ծախելը,  որ պիտի յառաջացնէ անշարժ գոյքի գիներու բնականոնացում: Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին, մանաւանդ` երիտասարդներուն, որոնք իրենց յոյսերը կտրելով` երկրէն արտագաղթեցին, վերադառնալու:

Հ.- Ինչպէս 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ կատարուած նախայարձակման ընթացքին տեսանք, այն ժամանակ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն նկատմամբ ցեղապաշտութեան եւ այլամերժումի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Ընտրութիւններուն արդիւնքները ի՞նչ կրնան փոխել նշեալ մթնոլորտը ջնջելու կամ մեղմացնելու առումով:

Պ.- Ինչպէս գրեթէ բոլոր ամբոխավարական կառավարութիւնները, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնն ալ սնունդ կու տայ թշնամանքի` բեւեռացումով, անդադար ստեղծելով նոր թշնամիներ եւ յետոյ որդեգրելով  «խիստ ապահովական քաղաքականութիւններ»: Նոյնանման պատկեր ստեղծուեցաւ Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապին ժամանակ: Յետոյ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու «բնականոնացման» հարցը յայտնուեցաւ օրակարգերուն մէջ եւ դիւանագիտական գործընթաց մը ընթացք առաւ: Այո՛, վստահաբար այս  տեղատուութեան եւ մակընթացութեան մէջ հայկական համայնքը չի կրնար դադրիլ թիրախ դառնալէ այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ նսեմացուած է այնպիսի լրատուական ցանցերով, որոնց արտայայտման ազատութիւնն ու հարցադրման կարելիութիւնը սանձուած է` 99 առ հարիւրով ենթարկուելով կառավարութեան հսկողութեան. դժբախտաբար ամբոխները, որոնք պատրաստ են շարժելու, իրենց քաջալերանքը կը ստանան ստեղծուած այս միջավայրէն, ուր հայերը կը դառնան ատելութեան խօսքի առարկայ եւ երբեմն` հաստատութենական յարձակման:

Բանապաշտ լեզուն դարձնելով արտաքին քաղաքականութիւն վարելու հիմք` փոխան ազգութեան, ասիկա անկասկած պիտի ունենայ իր դրական ազդեցութիւնը ներքին քաղաքականութեան վրայ:

Հ.- Ինչպէս Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը հատատած է, եւ ինչպէս Միջին Արեւելքի մէջ աւանդականօրէն յայտնի է, Թուրքիան աշխարհիկ պետութիւն է, սակայն վերջին տարիներուն կը տեսնենք Թուրքիոյ աջակցութիւնը շրջանին մէջ գործող կրօնամէտ կուսակցութիւններու, շարժումներու եւ խմբաւորումներու: Արդեօք նշեալ ռազմավարութիւնը կրնա՞յ փոխուիլ, եթէ Էրտողան պարտուի ընտրութիւններուն:

Պ.- Թուրքիան անվիճելիօրէն հիմնուած է աշխարհիկութեան վրայ` ինչ կը վերաբերի իր հիմնադրութեան փիլիսոփայութեան եւ սահմանադրական կարգադրութեանց: Անշուշտ, ժամանակ առ ժամանակ ան կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս աշխարհիկութեան սկզբունքները պէտք է որ բացատրուին, սակայն այս հիմքի բարեփոխումը սահմանադրական իմաստով օրակարգի վրայ չէ: Աւելի՛ն. ըստ սահմանադրութեան, աշխարհիկութեան վերաբերող յօդուածը անփոփոխ յօդուածներէն մէկն է: Երբ օրէնքի վեհ սկզբունքը ենթարկուեցաւ հարցադրման, եւ երբ դատական իշխանութեան անկախութիւնը տկարացաւ, աշխարհիկութեան սկզբունքը, ինչպէս` միւս հիմնական սկզբունքները, տկարացաւ, հետեւաբար բազմաթիւ քաղաքականութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ այս սկզբունքին, սկսան որդեգրուիլ:

Օրինակի համար, Կրօնական հարցերու տեսչութեան պիւտճէն բաւական բարձր է` բաղդատած այլ նախարարութիւններու հետ: Այս տեսչութիւնը կ՛առնչուի տարբեր մարզերու` սկսելով աշխատանքի շուկայէն, անցնելով կրթութեան եւ առողջապահութեան, մինչեւ դիւանակալութիւն, ուր մէկ կրօնական դաւանանք դարձած է տիրական այս ընդհանուր գործընթացին մէջ եւ կը քննադատուի ժողովրդավար հանրութեան կարծիքին կողմէ: Սակայն տեղի ունեցան դէպքեր, որոնց ընթացքին յառաջացաւ հանրային զայրոյթ, որովհետեւ բարօրութեան սկզբունքը խախտուեցաւ, երբ որոշ կրօնական հաստատութիւններու մէջ, որոնք իբր թէ կը հոգան տնտեսապէս զրկուած երեխաներուն պէտքերը, բռնութեան ենթարկեցին զանոնք: Հետեւաբար ատակութեան պակասը վարչական հաստատութիւններուն մէջ, կրօնական հաստատութիւններուն աւելի հոգ տանիլը, քան` ընկերային հաստատութիւններուն, կէտեր են, որոնք կրնան սրբագրուիլ կառոյցներու բարեկարգումով եւ աշխարհիկութեան սկզբունքին գործնականացումով:

Իրականութեան մէջ Ազգային դաշինքը, որ կազմուած է վեց կուսակցութիւններէ, հրապարակած է «Ընդհանուր քաղաքականութիւններու շուրջ համաձայնութիւն»-ը: Այս համաձայնութիւնը կազմուած է նախադրեալներէ` «Ընդհանուր» վերտառութեան ներքեւ, որովհետեւ կը բովանդակէ այն ընդհանուր սկզբունքները, որոնց շուրջ համախմբուած են վեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Թէեւ նախադրեալներուն մէջ աշխարհիկութեան վրայ որոշակի շեշտադրում չկայ, բայց մենք պէտք է ըսենք, որ դաշինքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հարց չունի աշխարհիկութեան հետ եւ նոյնիսկ մտադրութիւն չունի առաջարկելու անոր բարեփոխումը սահմանադրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, վերոյիշեալ փաստաթուղթը իբրեւ հիմք ընդունելով` կարելի է ըսել, որ կրօնը պիտի չառնուի իբրեւ պետական քաղաքականութեան տեղեկատու, նաեւ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան կասեցուած բանակցութիւններուն եւ ժողովրդավարացման այլ կառուցողական խոստումներու գործընթացներուն: Երբ կ՛անդրադառնանք յիշեալ համաձայնութեան բնագիրի «Արտաքին քաղաքականութեան» բաժինին, կը նկատենք հետեւեալ պարբերութիւնը. «Մենք պիտի յարգենք Միջին Արեւելքի պետութիւններու անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Մենք պիտի չմիջամտենք անոնց ներքին հարցերուն, մենք պիտի դիւրացնենք հարցերու լուծումը` փոխանակ կողմ բռնելու անոնց հարցերուն մէջ»:

Հ.- Վերջին տասնամեակին կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումը հսկայ նուաճումներ արձանագրեց համաշխարհային գետնի վրայ, սակայն դժբախտաբար այս առումով միջինարեւելեան պետութիւններու ցուցանիշները ցած կը մնան: Ինչպէս կը կարդանք լուրերուն մէջ, Թուրքիոյ մէջ կիներու նկատմամբ բռնութեան դէպքերը շատ են: Ի՞նչ է Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու գլխաւոր ընդդիմադիր թեկնածուին տեսլականը բռնութեան նուազեցման եւ սեռերու միջեւ հաւասարութեան հաստատման առումով:

Պ.- Թուրքիոյ մէջ տիրող բարոյական եւ ընկերային սպառումին պատճառով, դժբախտաբար, բռնութիւնը ընդդէմ կիներուն, երեխաներուն եւ անասուններուն` արձանագրեց ահռելի ցուցանիշներ: Իրականութեան մէջ մեր երկիրը օրըստօրէ կը հեռանայ օրէնքի գերակայութենէն. կիներու իրաւունքներու նիւթը սահմանափակուած է լաչակ կրելու կամ չկրելու , երեք երեխայի ծննդաբերութեան, լրատուամիջոցներու մէջ խտրական խօսոյթի, խտրութիւն յառաջացնող մեքանիզմներու հանդէպ արթնութիւն ստեղծող փորձերու  աստիճանական ջնջումի, կրթական համակարգին մէջ խտրական քաղաքականութեան որդեգրումի, ոստիկանութեան եւ բժշկական խումբերու մօտ տնային բռնութեան դիմակայման նախապատրաստման կարիքի հարցերուն մէջ: Հետեւաբար այս բոլոր հաստատութիւններու բարելաւումը անկասկած պիտի նպատակադրէ բռնութեան դէպքերու նուազում: Իրենց հերթին, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ առաջնորդուած քաղաքապետարանները որդեգրած են քաղաքականութիւններ, որոնք զարկ կու տան կիներու դերակատարութեան տեղական մակարդակով եւ զանոնք կը մղեն դէպի աշխատանքի շուկայ. այս ծիրին մէջ անոնք բանալ կու տան մանկամսուրներ, կը զարգացնեն ծրագիրներ, որոնք կը գնահատեն կնոջ աշխատանքը եւ կը կազմակերպեն բռնութեան դէմ արթնութիւն ստեղծող դասախօսութիւններ: Այս գծով գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան գլխաւոր խոստումն է վերստորագրել Պոլսոյ հռչակագիրը:

Պոլսոյ հռչակագիրը կը կրէ Պոլսոյ անունը, որովհետեւ անիկա ստորագրուեցաւ Պոլսոյ մէջ, 11 մայիս 2011-ին եւ գործադրութեան դրուեցաւ 1 օգոստոս 2014-ին: Թուրքիան առաջին պետութիւնն էր, որ ստորագրեց զայն 11 մայիս 2011-ին, իսկ թրքական խորհրդարանը վաւերացուց զայն 24 նոյեմբեր 2011¬ին: Հռչակագիրի գործադրութիւնը դադրեցուած է նախագահական հրամանագիրով, ստորագրուած` 20 մարտ 2021-ին, սակայն, ըստ սահմանադրութեան, վաւերացուած պայմանագիր մը կրնայ դադրեցուիլ միայն զայն վաւերացնող կառոյցին կողմէ:

Կ՛ուզենք նշել, որ Թուրքիոյ իրաւական օրէնսդրութիւնը, ինչ կը վերաբերի սեռերու միջեւ հաւասարութեան եւ կիներու դէմ բռնութեան, զարգացած պետութիւններու օրէնսդրութենէն հեռու չէ: Սակայն, ինչպէս միւս մարզերուն մէջ, հարց կը ստեղծուի, երբ առկայ է պատշաճ կատարման ու վերահսկողութեան բացակայութիւն, եւ ամէնէն կարեւորը` գոյութիւն չունի քաղաքական կամք, որ կ՛ենթադրէ այդ օրէնքները գործադրել:

Հ.- Վերջապէս, Էրտողանի նախագահութեան օրերուն տեսանք Թուրքիոյ միջամտութիւնը կովկասեան եւ միջինարեւելեան երկիրներու ներքին քաղաքականութիւններու: Արդեօք Քըլըչտարօղլուի քաղաքականութիւնը շարունակութի՞ւնը պիտի ըլլայ Էրտողանի ռազմավարութեան, թէ՞ սպասելի են կեցուածքներու փոփոխութիւններ:

Պ.- Ինչպէս վերը նշեցինք, Ազգային դաշինքը, որ կազմուած է վեց կուսակցութիւններէ, վճռած է որդեգրել «Խաղաղութիւն հայենիքին մէջ, խաղաղութիւն աշխարհին մէջ» սկզբունքին վրայ արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կ՛ենթադրէ պետութիւններու գերիշխանութեան յարգում` անոնց ներքին հարցերուն շուրջ կողմնակալ կեցուածք որդեգրելու փոխարէն: Միւս կողմէ` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ արդէն իսկ սկսած է «բնականոնեցման» գործընթացը: Այս գծով երկու կուսակցութիւններ, որոնք պիտի ներկայանան խորհրդարանին մէջ (Բանուորական եւ Կանաչ-ձախ կուսակցութիւնները), երկու գլխաւոր դաշինքներէն զատ, դիրքորոշուած են նեցուկ կանգնելու Քըլըչտարօղլուի քաղաքականութիւններուն: Անոնց աջակցութիւնը կարեւոր կը նկատուի` յառաջ մղելու վեց կուսակցութիւններուն միջեւ ազգային դաշինքի քաղաքականութիւնները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *