Չաւուշօղլուն՝ ՀՀ-ի սահմանի մասնակի բացման հնարաւորութեան ու գործընթացը Ազրպէյճանի հետ համակարգելու մասին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն թրքական A Haber-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Լրագրողը Չաւուշօղլուէն հետաքրքրուած է կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ 3-րդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցողներու համար սահանի բացման, ինչպէս նաեւ յառաջիկային դեսպաններու նշանակման հնարաւորութիւններուն մասին։

«Այս պահուն, յառաջիկայ կարճ ժամանակաշրջանին կրնայ չըլլալ։ Սակայն, նախ պէտք է միւս քայլերը ընենք։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եկաւ Թուրքիա։ Անոր հետ այստեղ մեր նախարարութեան մէջ ալ հանդիպեցանք։ Միւս կողմէ, ի հարկէ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող գործընթացն ալ ծայրաստիճան կարեւոր է մեզի համար։ Մնայուն խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցով ինչպէս կը խրախուսենք կողմերը, այնպէս ալ կը տրամադրենք ամէն տեսակ աջակցութիւն»,- ըսած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը, ապա թուարկած է հայ-թրքական գործընթացին մեկնարկէն ի վեր կատարուած որոշակի քայլեր։ Անոնց մէջ վեջինս նշած է օդային սահմանի բացման, օդային բեռնափոխադրումներու մեկնարկին ու հայկական օդային ընկերութիւններուն Թուրքիոյ տարածքով 3-րդ երկիրներ թռիչքներ կատարելու արտօնութիւն տալը։

Ցամաքային սահմանի բացման հնարաւորութեան մասին հարցին պատատասխանելով՝ Չաւուշօղլուն ըսած է․ «Դեռ ցամաքային սահմանը այս երկրաշարժին պատճառով բացուած է, 99-ի երկրաշարժի ժամանակ եւս բացուած էր։ Աւելի վաղ, երբ Հայաստանի մէջ եղած էր երկրաշարժ, մենք ալ Հայաստանին աջակցելու համար այդ սահամանդուռը օգտագործած ենք։ Հիմա նախ եւ առաջ, որպէսզի այդ սահմանադուռը հնարաւոր ըլլայ բանալ, քաղաքական պայմաններու հետ միասին անհրաժեշտ է ամբողջացնել եւ վերանորոգել այդ սահմանադուռը, այդ սահմանադրան ծառայող ճանապարհները, կամուրջները, քանի որ տարիներ շարունակ չեն օգտագործուած»։

Թուրք նախարարը խօսած է նաեւ հայկական կողմին հետ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման համաձայնութեան մասին։ Չաւուշօղլուն յայտնած է նաեւ սահմանի բացման համար անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու, կամուրջներու ուսումնասիրման ու այլ աշխատանքներու իրականացման մասին։

Աւարտին, հերթական անգամ յիշեցուցած է գործընթացը Ազրպէյճանի հետ համակարգուած իրականացնելու մասին՝ շեշտելով, որ իրենք հայկական կողմին ըսած են, որ պէտք չէ զարմանալ այդ փաստէն։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *