
ԿԱՐԷՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Դարեր առաջ, ճիշդ հոս, տեսայ չարչարանք ու տառապանք: Ընկերներս կ՛ապրէին աղէտալի օրեր. գուրգուրանքով լի ընտանիքս թալանեցին ու անոնց տարիներու ճակտի քրտինքով վաստակած փառքն ու վարքը տուին կրակին` դարձնելով գորշ ածուխ:
Երեխաները բռնաբարուած, մորթազերծդիզուած անկիւն մը, անցեալին անոնց աչքերուն մէջ հրահրող կեանքը անհետացած երկինք կը նային, կարծես
խնդրելու գթութիւն: Մայրերը տեսնելով իրենց սիրով սնանած երեխաները այս վիճակին, խելագարկը յանձնուին գետերուն դեւային հզօրութեամբ հոսանքին
դատելով զայն բիծ մը, համեմատած օսմանական անմարդկային չարչարանքին, զոր կը սպասէր իրենց:
Հիասթափուած մնացի, անկարող շարժելու, յուսալով, որ օգնութեան կը հասնին շուտով: Բայց աւա՜ղ, ոչ ոք շարժեցաւ: Մարդ ձեռքը չերկարեց բարբարոս անիրաւութիւնը սանձելու: Արդարութեան աչքերը փակեցին բարոյական շահերու ետին իյնալու համար, առանց վայրկեան մը իսկ քուն փախցնելու:
Մնացի սուգի մէջ: 108 տարի լացի ու ողբացի, սակայն բան չփոխուեցաւ: Այսօր հասկցայ` աղաչանքը, պաղատանքը, լացն ու կոծը ապարդիւն կ՛անցնին: Այսօր որոշեցի ուժ ցոյց տալ. ցնցել ողջ աշխարհն ու երկինքը, հզօր ժայռերն ու սողուն գետերը, անշարժ սարերն ու աշխուժ քաղաքները: Այսօր ամբողջ աշխարհին բռնի ուժով ստիպեցի լսել, թէ իմ անունս Գահրաման Մարաշ չէ, Ղազի Այնթէպ չէ, Օսմանիէ չէ: Իմ անունս Մարաշ է, Այնթապ է, Զէյթուն է: Ուզեցի բոլոր աշխարհն իմանայ, որ ես կը պատկանիմ Հայաստանին: Վստահ չեմ, հասկցա՞ւ …