Համադրեց՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1914-ին: Զաւակը՝ Խարբերդի Եփրատ քոլէճի փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ Թիւֆէնքճեան) Պուճիքանեաններուն: Եղբայրը՝ դեղագործ Արմէն Պուճիքանեանի: Գարեգինին հայրը նահատակուած է Ցեղասպանութեան առաջին տարին, 1 ապրիլ 1915-ին: Այսպէսով, Պուճիքանեաններուն վեց զաւակներուն կրտսերը՝ Գարեգին, 1915-ին, մէկ տարեկան հասակին կորսնցուցած է հայրը:
1922-ին, իր հօրեղբօր՝ Գերմանական քոլէճի երաժշտութեան փրոֆեսէօր Մարտիրոս Պուճիքանեանի հովանաւորութեամբ, Պուճիքանեան գերդաստանը փոխադրուած է Լիբանան ու հաստատուած՝ Անթիլիաս:
Գարեգին Խարբերդի մէջ իր նախակրթութիւնը 2 տարիստացած է Գերմանական որբանոցին մէջ, ապա յաջորդաբար մէկական տարի՝ Անթիլիասի Փափազեան փոքր վարժարանին ու Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:
1928-ին, շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանէն: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Lycée Français-ի մէջ, ստանալով առաջին եւ երկրորդ Baccalauréat-ները:
1938-ին դեղագործի վկայականը ստացած է Պէյրութի Faculté Française de Pharmacie-էն: Համալսարանական տարիներուն, հետեւած է նաեւ պետական երաժշտանոցի դասերուն ու վկայուած է իբրեւ ջութակահար: Եղած է այդ հաստատութեան հոգաբարձու, նոյն պաշտօնով ծառայած է նաեւ «Académie Libanaise des Beaux Arts» կաճառին:
Այդ տարիներուն, Գարեգին կը պատրաստէ իր տոքթորական տեսութիւնը, հետեւեալ խորագիրով. «Գինին՝ իր պատրաստութիւնը, քիմիական բաղադրութիւնը եւ գործածութիւնը», Faculté էն ստանալով Docteur en Pharmacie տիտղոսը: Հրաւիրուած է համալսարանէն՝ իբրեւ դասախօս դեղագործական նիւթերու: Այդ պաշտօնը շարունակած է մինչեւ մահը՝ ապրիլ 1974:
Համալսարանին մէջ եղած է biophysique-ի բնալուծարանին տնօրէնը, Père Dupré Latour-ի աջ բազուկը:
1940-ական տարիներուն, երէց եղբօր՝ Արմէնին հետ դոկտոր Գ. Պուճիքանեան հաստատած է սեփական դեղարանը՝ Pharmacie Centrale-Immeuble Lazarieh, Պէյրութի Պուրճ հրապարակին մօտ:
Այս դեղարանին` Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութենէն՝ Ministère de la Santé-էն, կը շնորհուի մանր դեղաշինութեան լիազօրութիւն: Հոն կը պատրաստուին կանանց յատուկ՝ հականեխական պատրոյգներ (ovules), հակապզուկի (anti-acné) եւ հակա-ոսպաբիծի (anti-lentigo) օծանելիք, բուսական պատրաստուկներ, մազի օճառահեղուկ (shampoo), ստամոքսի կեղի հեղուկ սպեղանի մը, Eau de Cologne ու ցաւամոքիչ Alta դեղահատը:
1958-ի, Լիբանան քաղաքացիական առաջին պատերազմին, ամրան, շաբաթ օր մը, Գարեգին Պուճիգանեան կ’առեւանգուի, կը տարուի անյայտ տեղ մը: «Ատեանը» զինք մահուան կը դատապարտէ, պատին տակ կը կանգնեցնեն գնդակահարելու համար: Ճգնաժամին՝ դեղարանին մէկ յաճախորդը զինք ճանչնալով՝ կը փրկէ:
Զուգահեռ իր դեղագործութեան, Գարեգին Պուճիգանեան կը զբաղի կրթական գործունէութեամբ: Կը հիմնէ Լիբանանահայ Մշակութային Միութիւնը: Կ’անդամակցի Վերածնունդին, տարիներով կը ղեկավարէ Հայ աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ երգչախումբը, ըլլալով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան անդամ ու անոր դպրոցին մանկավարժական խորհրդատուն:
1951-ին կ’ամուսնանայ դաշնակահարուհի եւ եկեղեցւոյ երգեհոնահար օրիորդ Զուարթ Սեմերճեանի հետ: Գարեգին եւ Զուարթ կը բախտաւորուին 3 դուստրերով:
Եղած է խոնարհ, ծառայասէր, ազգասէր, մշակոյթի ծառայող անձնաւորութիւն մը:
Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան մահացած է 1974-ին:
Անոր ու եղբօրը՝ Արմէնին կեանքի վաստակը՝ Pharmacie Centrale-Immeuble Lazarieh դեղարանը, Լիբանանի քաղաքացիական Բ. պատերազմի սկզբնաւորութեան, դեկտեմբեր 1975-ին, հրոյ ճարակ կը դառնայ:
Աղբիւրներ
- Հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին (Յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2022:
- Պուճիքանեան, Ատոմ, Անձնական տեղեկութիւններ, մոնթրէալ, 2018: