
Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, որ կը վարէր Էրտողանը պիտի փոխուի։ Այստեղ կայ նաեւ անձնական գործօնը, որովհետեւ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական սերտ էին, որ իր ազդեցութիւնը կ՝ունենար նաեւ քաղաքականութեան վրայ։ Այս մասին «ԵՐԿԻՐ»-ին կ՝ըսէ թուրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան։
«Քըլըչտարօղլուի հետ կապուած նման հանգամանք գոյութիւն չունի։ Անոր քաղաքականութիւնը մասնաւորապէս Ուքրանիոյ պարագային պիտի ըլլայ արեւմտամէտ, բայց կտրուկ փոփոխութիւն Էրտողանի մշակած քաղաքականութեան մէջ պիտի չըլլայ։ Աւելի դանդաղ Թուրքիան պիտի սկսի հեռանալ Ռուսիայէն եւ պիտի մօտենայ Արեւմուտքին»,- կ՝ըսէ ան։
Թուրքագէտը կը նշէ, որ ան կը ներկայացնէ ժողովուրդի «Հանրապետական» կուսակցութիւնը, որ Թուրքիոյ հիմնադիր քաղաքական ուժն է եւ ան հիմանդրած է հայ ժողովուրդի հանդէպ այն քաղաքական դիրքը, որ մենք հիմա կը տեսնենք, ատիկա ժխտողականութիւն է ցեղասպանութեան խնդրին մէջ, ատիկա ճնշումներու հարկադրման քաղաքականութիւն է Հայաստանի հանդէպ։ Այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի։ Այն պահանջները, որ Թուրքիան կը ներկայացնէ Հայաստանին պիտի պահպանուին։ Ասկէ մօտ մէկ ամիս առաջ Ահմէտ Աուտօղլուն եւ ընդդիմադիր 6 կուսակցութիւններէն մէկուն ղեկավարը յայտարարեցին, որ հիմա ամենալաւ պահն է Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու եւ Հայաստանէն զիջումներ ստանալու։ Այդ ճնշումներուն մօտեցումը պիտի պահպանուի։ Հաւանաբար շարունակուի աւելի փափուկ ուժի միջոցով։ Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութեան մօտեցման, ան ունի հետեւեալ տեսակէտը, որ 1915-ը պէտք է դիտարկել իբրեւ հայերու եւ թուրքերու հաւասար տանջանքներու, տառապանքներու շրջան։ Այդ մօտեցումը, որ ժամանակին ներկայացուցած էր Էրտողանը, կը շարունակէ Քըլըչտարօղլուն, հիմա Էրտողանը հրաժարած է այդ մօտեցումէն։ Կը փորձէր արտաքուստ քիչ մը մեղմել, բայց հիմա ալ նման բաներ չ՝ըսեր, իսկ Քըլըչտարօղլուն նման բաներ դեռ ըսած է քանի մը տարի առաջ»,- կը նշէ Սաֆրաստեան։
Հարցին, թէ ինչու Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետերը չդիտարկուեցան իբրեւ միասնական թեկնածու, որովհետեւ Պոլսոյ քաղաքապետին հանդէպ համակրանքը աւելի մեծ է հանրութեան մէջ, թուրքագէտը պատասխանեց․
«Անոր թեկնածութիւնը հարցականի տակ էր, որ պիտի հասցնեն, որովհետեւ անոր դէմ դատական գործ կայ, մեղադրանք ներկայացուած է, 2 տարի 7 ամսուան ազատազրկման գործ կայ, որ բողոքարկուած է, բայց երբ պիտի ըլլայ այդ դատական նիստը պարզ չէ։ Եթէ նիստը չըլլայ բողոքարկելու վերաբերեալ, ուստի ան չի կրնար մասնակցիլ ընտրութիւններուն, այդ իսկ պատճառով անոր թեկնածութիւնը շատ վտանգաւոր էր։ Անգարայի քաղաքապետն ալ բաւական մեծ հեղինակութիւն ունի, բայց ան դեռ իբրեւ քաղաքական գործիչ ապագայ ունի։ Զայն կը պահեն ապագայի համար»,- կ՝ըսէ թուրքագէտը։
Yerakouyn.com