
Յովսէփ Թօքաթի նախապէս հրատարակուած հայ արծաթագործներու արհեստական աւանդութեան առումով յիշուած Վան քաղաքը, այժմ ուրոյն ուսումնասիրութիւն մը ըլլալով լոյս տեսած է «Ինքիլափ» հրատարակչատան մատենաշարէն «Վանի անհետացած աշխարհը» խորագրով։
Այս ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը տարածքաշրջանի աշխարհագրական, ազգագրական, եւ մշակութային իւրայատկութիւնները կ՚ուսումնասիրէ, մեկնարկելով հեթանոսական շրջաններէն մինչեւ Օսմանեան Կայրսութեան վարչակազմի մէջ ունեցած դերակատարութիւնը։
Յովսէփ Թօքաթ ծնած է Քղէի Ճերմակ գիւրը եւ եօթ տարեկանին ընտանեօք գաղթած է Իսթանպուլ։ Գիրքի նախաբանին մէջ ան կը նշէ, թէ Վանը իր սրտին ու յիշողութեան մէջ որքան մեծ տպաւորութիւններ թողած է։ «Պատմութեան գրականութեան մէջ որոնումներու ոդիսական մըն էր, որուն պտուղը եղաւ այս գիրքը»։
https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/28256/vani-anhyedatsadz-ashkharhi