35 Տարի առաջ. հայերու կոտորածը Սումկայիթի մէջ

Ա. Մ.

Արցախը Հայաստանի միաւորելու նպատակով սկսած շարժումը ճնշելու համար Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պետական մակարդակով երկրի հայ բնակչութեան նկատմամբ եղեռն եւ զանգուածային տեղահանութիւն կազմակերպեցին:

Սումկայիթի մէջ 26 փետրուար 1988¬ին տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան քաղաքային կոմիտէի կազմակերպած հանրահաւաքը: Կոչեր արձակուեցան պատժելու հայերը, սպաննել զանոնք եւ վտարել Սումկայիթէն ու ամբողջ Ազրպէյճանէն:

Նոյն օրը Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Գորբաչով Մոսկուայի մէջ հայ մտաւորականներու հետ հանդիպման ժամանակ մտավախութիւն յայտնեց Պաքուի հայերու անվտանգութեան նկատմամբ:

Կիրքերը հրահրելու համար ազրպէյճանական իշխանութիւնները ստայօդ լուրեր սկսան տարածել` իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցիներու զանգուածային սպանութիւններուն վերաբերեալ:

Սումկայիթի տեղական իշխանութիւնները քաղաքի հայերու բնակարաններու ցուցակներ կազմած, ջարդեր կազմակերպողներ հաւաքագրած եւ անոնց անվճար թմրեցուցիչ ու ոգելից ըմպելիներ տրամադրած էին: Հայերու բնակարաններէն հեռաձայնային կապերը անջատուած էին:

Փետրուար 27¬ի երեկոյեան սկսան հայերու ջարդերը: Ազերիները սկսան աւերել ու կողոպտել հայերու բնակարանները եւ սպաննել տանտէրները: Քաղաքային, ներքին գործոց նախարարութեան եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւնները քաշուած էին հրապարակէն:

Փետրուար 28¬ին աւելի մեծ թիւով ջարդարարներ, զինուածդանակներով, սրածայր մետաղեայ ձողերով, կացիններով ու մուրճերով, եւ ձեռքերնին հայերու անուններու ցուցակներ, դուրս ելան փողոց: Քանի մը տասնեակ հոգիէ բաղկացած խումբերու բաժնուելով, անոնք կը ներխուժէին հայերու բնակարանները, կը խոշտանգէին, կը բռնաբարէին եւ կը սպաննէին:

Երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումներ մտան Սումկայիթ, բայց անոնք ուժ եւ զէնք գործադրելու հրաման չունէին: Ամբոխը յարձակեցաւ զինուորներուն վրայ:

Հայերու դէմ բռնարարքները եւ սպանութիւնները շարունակուեցան, մինչեւ որ փետրուար 29¬ի երեկոյեան բանակը վճռական գործողութիւններու դիմեց եւ կանխեց հետագայ ջարդերը:

Խորհրդային պաշտօնական տուեալներու համաձայն Սումկայիթի ջարդերու ընթացքին սպաննուեցաւ քսանվեց հայ, իսկ հարիւրաւորներ ալ վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձան, շատեր ալ անյայտ կորան: Հայերու հարիւրաւոր բնակարաններ աւերուեցան: Սակայն բազմաթիւ տուեալներ կ՛ապացուցեն, որ զոհերուն թիւը զգալիօրէն աւելի մեծ էր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *