ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան ծնած է Սեբաստիա, 21 մարտ 1857-ին: Շրջանաւարտ եղած է Այնթապի բժշկական եռամեայ քոլեճէն, 1881-ին: 1881-84 աշակերտած է տեղի ամերիկացի բժիշկ Վէյչսին, ապա եղած է անոր օգնական բժիշկը: 1884-ին մասնագիտական ուսման հետեւած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1885-ին: Իր թեզը եղած է «Հալէպի վէրք»-ը: Ան եզրակացուցած է, որ այս հիւանդութիւնը հետեւանք է միջատի մը խայթուածքին, եւ ոչ թէ` այլ պատճառի: Դարմանումի համար յանձնարարած է ձկան իւղ եւ մանիշանիւթ (tincture of iodine): Ապա կատարելագործած է իր մասնագիտութիւնը իբրեւ վիրաբուժ` Գերմանիոյ Հայտելպերկ քաղաքի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ:
1887-ին բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին շնորհուած է փրոֆեսէօրի տիտղոս: Նոյն տարին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ արտօնագիր ստացած է Թուրքիոյ մէջ աշխատելու` իբրեւ բժիշկ: Քանի մը ամիս աշխատած է Այնթապի բժշկական քոլեճին մէջ, սակայն Ապտիւլ Համիտի բռնակալութեան օրերուն բժշկական ճիւղը արգիլուած ըլլալով Այնթապի քոլեճին մէջ, կրկին մեկնած է Եւրոպա եւ աշխատած է անուանի բժշկական կեդրոններու մէջ: Պերլինի մէջ 6 ամիս աշխատած է բժիշկ Ռոպերթ Կոխի մանրէաբանական հաստատութեան մէջ: 1888-ին աշխատած է Վիեննայի եւ ապա Լոնտոնի բժշկական հաստատութիւններու մէջ:
1889-ին մեկնած է Հալէպ իր կնոջ` Հարիէթ Մարթա Ռիտալի հետ, որ հիւանդապահուհի էր Այնթապի Ազարիէ հիւանդանոցին մէջ:
Հալէպի մէջ հիմնած է իր նախնական հիւանդանոցը, իսկ 1911-ին շինած է նոր, քարաշէն «Ալթունեան» հիւանդանոցը` Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ, արդիական բոլոր սարքերով` անձնական ելեկտրականութիւն, ջրամբար եւ դեղարան: «Ալթունեան» հիւանդանոցը գործած է մինչեւ 1962:

Հիւանդանոցին մէջ բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին գաղտնաբար օգնութեան հասած է իր դուստրը` Նորան, հակառակ տեղական օրէնքներու արգելքին:
1927-ին հիւանդանոցին մէջ հիմնած է բուժքոյրերու դպրոց իր զաւկին` բժիշկ-գնդապետ Էռնեսթ Ալթունեանի գործակցութեամբ եւ զբաղած է որակեալ բուժքոյրերու պատրաստութեամբ:
Պարբերաբար այցելած է Եւրոպա եւ բժշկական առաջատար համալսարաններու մէջ հետեւած է բժշկական տարբեր մասնագիտութիւններու:

1937-ին եղած է Հալէպի Բժիշկներու միութեան պատուոյ նախագահը:
1939-ին արժանացած է Նիւ Եորքի վիրաբուժներու միջազգային քոլեճի «Տոքթոր» գիտական աստիճանին:

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան Հալէպի մէջ զբաղած է նաեւ ազգանուէր գործունէութեամբ: Ան բարեխօսած է Ճեմալ փաշային մօտ, որպէսզի արգելք չհանդիսանայ պատուելի Ահարոն Շիրաճեանի որբահաւաքի աշխատանքներուն: Մեծապէս օգտակար հանդիսացած է հայ գաղթականներուն:
Գործակցած է տեղւոյն Հայ կարմիր խաչին հետ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հալէպահայութեան առողջապահական վիճակի բարելաւման մէջ:
Հալէպի ժողովուրդը զինք կոչած է «Հալէպի բժիշկներու հայր»:
Երկար տարիներ աշխատելով Հալէպի իր հիւանդանոցին մէջ` ձեռք բերած է մեծ համբաւ ու ժողովրդականութիւն ո՛չ միայն Հալէպի մէջ, այլեւ` ամբողջ Սուրիոյ տարածքին ու Սուրիայէն դուրս:
Եղած է անուանի վիրաբուժ: Կատարած է հարիւր հազարէ աւելի վիրաբուժական գործողութիւններ: Եղած է առողջապահութեան կազմակերպիչ, հասարակական եւ ազգային գործիչ:
Մասնակցած է Հալէպի հայկական որբանոցի հիմնադրման. հոն ապաստան գտած էին 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 200 երեխաներ: Անձամբ զբաղած է անոնց կենցաղային, անձնական առողջապահութեան եւ բուժման կարիքներով:
Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի առողջապահութեան զարգացման իր տարած աշխատանքին համար արժանացած է Սուրիոյ կառավարութեան շքանշաններուն:
Ան արժանացած է նաեւ իտալական «Գահի ասպետ» (1914), սուրիական «Արքունեաց» (1931 եւ 1939) ու «Գերագոյն» (1950) աստիճանի շքանշաններու, Նիւ Եորքի վիրաբուժներու միջազգային քոլեճի «Ոսկիէ մետալ»-ի (1939):
Մահացած է Հալէպ, 4 յունուար 1950-ին, եւ թաղուած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմանուել եկեղեցւոյ բակին մէջ: Իր մահէն ետք զաւակը` Էռնեսթ, կը վտարուի երկրէն եւ հիւանդանոցը կը փակուի 1962-ին:
Մոնրէալ, 28 յունուար 2023
Աղբիւրներ`
- Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, Ալթունեան Ասատուր, «Բժիշկին Զ. խօսքը», Մոնրէալ, 2022:
- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, Ալթունեան Ասատուր, «Հայազգի բժիշկ-գործիչներ», Երեւան, 2020: