
Mousaleranjar.net
Թուրքիան հարուածած աղէտալի երկրաշարժներէն վնասուած է նաեւ այժմեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող միակ հայաբնակ գիւղը՝ Վաքըֆը: Բարեբախտաբար, մարդկային կորուստներ չկան, սակայն մեծապէս վնասուած են գիւղի բնակելի տուները, պատմական արժէք ունեցող կառոյցները եւ եկեղեցին:
Ձեռք երկարենք մեր ազգակիցներուն, եւ մեր մասնակցութիւնը բերենք գիւղի վերականգնումի աշխատանքին, որպէսզի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղօղանջները կրկին հնչեն պատմական Մուսա Լերան լանջերէն: Հո՛ն կ’ապրին մեր հայրենակիցները, որոնք յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն, կառչած մնացին մեր պապենական հողերուն, հակառակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, մուսալեռցիի անկոտրում կամքով պահպանեցին մեր բարբառը, մշակոյթը եւ սովորութիւնները:
Այսօր, որպէսզի մուսալեռցին շարունակէ ապրիլ իր հողերուն վրայ, որպէսզի բարբառն ու սովորութիւնները շարունակեն ճոխացնել Վաքըֆի կենցաղը, զօրավիգ կանգնինք գիւղի բնակչութեան եւ մեր նուիրատուութիւնները փոխանցենք գիւղի եկեղեցւոյ դրամատնային պաշտօնական հաշիւին՝
SWIFT CODE: TCZBTR2ABANK BRANCH: ZIRAAT BANKASI 446- SAMANDAG/HATAYACCOUNT HOLDER: SAMANDAGI VAKIFLI KOYU ERMENI ORTODOKS KILISESI VAKFI CURRENCY: USDIBAN: TR56 0001 0004 4633 2223 2750 02CURRENCY: EURIBAN: TR29 0001 0004 4633 2223 2750 03CURRENCY: CADIBAN: TR02 0001 0004 4633 2223 2750 04CURRENCY: AUDIBAN: TR72 0001 0004 4633 2223 2750 05CURRENCY: TRY (TL)IBAN: TR83 0001 0004 4633 2223 2750 01
Yerakouyn.com