Ճակատամարտ յանուն տեսակի եւ ինքնութեան (Աւարայր, 1572-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Եթէ երբեք հայն ու Հայաստան վերացած ըլլային, բազմաթիւ խաչելութենէ եւ անհաւասար մարտերէ ետք, ապա Վարդանանց պատերազմը վերջակէտ դրած պիտի ըլլար գոյութենական մեր պայքարին ու մեզ` ազգովին յանձնած պատմութեան դաժան դասաւորումին` ինքնափոշիացումին:

Ահա թէ ինչո՛ւ 451-ին հայութեան մղածը ճակատամարտ մըն էր, թէեւ եզակի ու ահաւոր իր ռազմական տարողութեամբ եւ ուսանելի իր փոխանցած պատգամով:

Արդ, պահ մը զանց առնելով Աւարայրը նախորդած պատմաքաղաքական ու ներազգային կեանքի հոլովոյթը, հարկ է կեդրոնանալ այն վճիտ ճշմարտութեան վրայ, որով հայութիւնը` Արշակունեանց թագաւորութեան օրերուն, փորձեց պաշտպանել ինքզինք ու հետագայ դարերուն փոխանցեց ազգային, պետական, քաղաքական մտքի ու համոզումի տարածք մը, որուն շնորհիւ հայու տեսակն ու ինքնութիւնը տոկաց եւ դիմակայեց այսքան դարեր ետք:

Ատենին, երկու հզօր կայսրութիւններ` Պարսկաստան ու Բիւզանդիոն, որոնք այնքան ալ հաշտ չէին իրենց աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն մէջ, կարծես, ուզած էին թէ՛ Հայաստանի բաժանումով (387թ.) եւ թէ՛ հայոց պետականութեան կազմաքանդումով, սապէս բնաջինջ ընել հայութեան ազգային ինքնութիւնը:

Երբ խօսքը կը վերաբերի հայոց տեսակին ու ինքնութեան, սա արդէն բացորոշ կը դարձնէ այն երկու հիմնական սիւները (կրօն ու այբուբեն), որոնք հանդիսացած էին եւ ե՛ն իբրեւ ամրակերտ ամրոցներ, դարերէ ի վեր:

Յաճախ մենք մեզի հարց տուած ենք ու կը շարունակենք տալ, թէ արդեօք օրին, եթէ հայութիւնը քրիստոնեայ կրօնը ընդունած չըլլար, այդ ալ պետականօրէն, նման փորձութենէ զերծ պիտի մնա՞ր, առանց որ պարտութեան նոյն սուրը գլխին ճօճուէր եւ պարտադրուած ըլլար մղել Վարդանանց ճակատամարտը:

Պարսիկ արքայ Յազկերտ Բ. պիտի բաւարարուէ՞ր զգուշացումի հրամանագիր մը յղելով հայութեան, որպէսզի արգելք չդառնայինք անոր մեծապետական, փառասէր ու տիրակալական ծրագիրներուն, հակառակ անոր որ հայութեան տուած էր որոշակի ազատութիւն մը, ինքնավարութեան անուան տակ, թէ ոչ ի՛նչ ալ ըլլար կացութիւնը, ան իր հզօր բանակով պիտի արշաւէր ու ծունկի բերէր դրացի Հայաստանը:

Ճիշդ է, որ Բիւզանդիոն իր գրաւած շրջանները իւրացուցած էր եւ ջնջած հայու ազգային թէ պետական որեւէ հետք: Իր կարգին, Պարսկաստան ամէն գնով կը փորձէր իր թաքուն թէ բացայայտ աշխարհաքաղաքական ծրագիրները հետապնդել:

Փաստօրէն, հայոց արքունի դասին Տիզպոն հրաւիրելն ու զրադաշտական կրօնը ընդունելու պարտադրանքը, ձեւական բնոյթ չէր կրեր, այլ ատոր ետին կային յստակ քաղաքական պահանջներ ու գերիշխանական նկրտումներ: Արդէն իսկ, պարսիկ մոգերու Հայաստանի մէջ գտնուիլն ու քարոզչական տարբեր աշխատանքներու ձեռնարկելը, սապէս յստակ դարձուցեր էին Յազկերտ Բ.-ի հայաջինջ ծրագիրը:

Հայոց արքունի դասի Հայաստան վերադարձով ու Արտաշատ քաղաքի մէջ ժողովի մասնակցութեամբ, կ՛որոշուէր ճակատիլ թշնամիին հետ: Կռիւ մղել վասն կրօնի ու հայրենիքի, հայու տեսակի, հաւատքի եւ ինքնութեան պահպանման:

Մեր պատմիչները` Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ այնքա՜ն ոգեւորութեամբ գրած են Վարդանանց պատերազմին մասին, որ սքանչացուցած են այն ժամանակը, պահն ու վայրը, ուր տեղի ունեցած է օրուան մայր ճակատամարտը:

26 մայիս 451 թուականը, օրին, սոսկական արարքի մը թուականը չէ եղած, այլ` ազգային պարունակ ու հնչեղութիւն ունեցող դիպաշար, ուր Աւարայրի հողին վրայ հայութիւնը ցոյց տուած է իր կամքն ու կորովը` դէմ դնելու թշնամիին ու մահուամբ իսկ նուաճելու ազգային արժանապատուութիւնը:

Փաստօրէն, Վասպուրական աշխարհի Հեր եւ Զարեւանդ գաւառի մօտակայ, Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր քաջարի տղոց հետ հայութիւնը կը կատարէր իր ուխտը` մարտնչիլ ու յանուն հայրենքի նահատակուիլ, յետնորդ սերունդներու ժառանգելով նախնեաց փառապսակը:

Ճակատամարտի նախօրէին, Հողցմեցի կաթողիկոսին, Ղեւոնդ Վանանդեցիի եւ հրամանատար Վարդանի ճառերը աւելի քան ոգեշնչող էին, որովհետեւ անոնք հայոց բանակը կ՛առաջնորդէին դէպի մարտի դաշտ, բացառապէս ապաւինելով սեփական ուժին ու կամքին: Փաստօրէն, ճակատամարտի առաջին օրերը ցոյց տուին, որ հայոց այրուձին թէ նետաձիգներ լաւապէս զինուած կ՛արշաւէին պարսակական բանակին վրայ: Սակայն, ճակատամարտի յաջորդող ժամերուն Յազկերտի Բ.-ի հզօր բանակը կու տար իր հուժկու հարուածը` պարտութեան մատնելով հայոց բանակը:

Հրամանատար Վարդան Մամիկոնեան եւ իրեն զինակից 1035 տղաներ կ՛իյնան պատերազմի դաշտին վրայ` որոգելով Աւարայրի դաշտը:

Այդուհանդերձ, բարոյալքուած հայութիւնը, շնորհիւ Վահան Մամիկոնեանի եւ իր զինակիցներուն, այս անգամ պիտի մղէր փարթիզանական կռիւներ, աւելի քան երեսուն տարի, եւ պիտի յաջողէր իր բարոյական յաղթանակը իրականի վերածել, երբ թշնամիին հետ պիտի կնքէր Նուարսակի դաշնագիրը, 484-ին:

Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած են բազում դիպաշարեր, որոնք տարբեր թուականներու պատահած են եւ թողած իրենց կշիռը, սակայն Վարդանանց ճակատամարտի հնչեղութիւնը տարբեր է եղած նոյնիսկ գեղարուեստական գրականութեան մէջ, ուր հայ մտաւորականը իր հոգիին ու մտքին պրիսմակէն անցուցած է զայն եւ սերունդներու ժառանգած ամենավառ տրամադրութեամբ, արուեստի շունչով եւ ազգային ըմբռնումով:

Միթէ ըսուածին ամէնէն հրապուրիչ ապացոյցը այն չէ, որ ժողովրդական կեանքի մէջ այս ճակատամարտը իւրայատուկ տեղն է գրաւեր, ըլլայ եկեղեցական թէ կրթական, հայաշունչ թէ այլ բնագաւառէ ներս, երբ նորահաս սերունդին կ՛ուսուցուի Վարդանանց ճակատամարտի փառքն ու իմաստը:

Վերեւ ընդգծուածին առընթեր, կայ սակայն մետալին միւս երեսը:

Ալեկոծ է հայոց կեանքը, իր բազում առումներով: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը (2020) ու անոր պատճառով կորուստներու տարողութիւնը ուղղակի շշմեցուցած է հայութիւնը` ի հայրենիք թէ սփիւռս աշխարհին:

Հիասթափութեան աստիճանաչափը այնքան խոր է ու անդարմանելի, որ միայն հրաշքի համազօր ցնցում մը պիտի կարենայ հայութեան վերադարձնել երբեմնի ազգային ինքնավստահութիւնը:

Խառնափնթոր վիճակ կը պարզէ ներհայաստանեան իրականութիւնը: Ներքին կեանքի այս տարողութեամբ պառակտումը, այլամերժի ու անհանդուրժողի տխուր պատկերը միայն կը մտահոգեն մեզ` ազգովին: Զիրար ամբաստանելու եւ զոհեր երեւան հանելու մարմաջը կլանած է քաղաքական շրջանակներ, որոնք, փոխանակ հեռատեսի ու պայծառամիտի հարթակին ծառայելու, տիւ եւ գիշեր կը ջանան վարկաբեկել ամէն ոք որ իրենց ջաղացքին ջուր չի լեցներ:

Հայ պետական միտքը, իբր թէ կ՛աշխատի փարատել ստեղծուած կացութիւնն ու հայութեան վերադարձնել յաղթանակներու շքերթը, ինչպէս` նիւթաբարոյական, քաղաքական, գիտահետազօտական, ընկերային եւ այլն:

Այդուհանդերձ, իւրաքանչիւր տագնապող հայու համար մտատանջութիւն են նաեւ հայոց հողին վրայ ապրող ստուար թիւով աղանդները, կազմակերպութիւններն ու օտարի լուծին սպասարկող միութիւնները, որոնք թիրախաւորած են հայութիւնը եւ ունին բազմաբնոյթ ու ազգաքանդ ծրագիրներ:

Երբեմնի Տիզպոնը այսօր ունի իր աշխարհագրական քարտէսը, տարածքը: Թշնամիներ շրջապատած են Հայաստանը, աշխարհաքաղաքական ուժեր լծուած են խօլ արշաւներու` ի սպառ ջնջելու Հայաստանն ու հայութիւնը, Արարատին հասնելու մեր երազն ու կամքը տակաւ սկսած է տեղի տալ, հակառակ տարուող աշխատանքին ու նուիրումի: Արցախի խրոխտ լեռները դատարկ են իրենց բնիկ ժողովուրդէն, մեծ է յուսախաբութիւնը, ծանր է տագնապը, անորոշ է հայոց ճակատագիրը:

Հայութիւնը պարտաւոր է անյապաղ դուրս գալ ստեղծուած քաղաքական ու զինուորական անել կացութենէն եւ ճշդել մօտիկ ապագայի իր ընելիքը: Միացեալ ուժերու հրամայականն է առաջնահերթ, առանց խտրականութեան եւ այլամերժի կեցուածքի: Ի զուր են այն բոլոր քաղաքական այրերու ոստոստումները, երբ չկայ տեսլական ու աւարայրեան կամքի տոկունութիւն:

Աւելի քան տասնհինգ դար ետք իսկ, նոյն է մարտահրաւէրը, նոյն է վիճակը, ահաւոր է ներազգային կեանքի լարախաղացութիւնը: Թուրքին հետ մտերմանալու եւ անոր հետ հրճուելու պահերը միայն ափսոսանք կը պատճառեն պատմութիւն գիտցող եւ տրամաբանութիւն ունեցող հայու համար:

Ճիշդ է, մերօրեայ հայոց այրուձին` հայոց բանակը, շնորհիւ նոր Վարդաններու, կը մղէ լինելութեան ճակատամարտեր, Եռաբլուրի պանթէոնը ամրակուռ ամրոցն է մեր ինքնութեան եւ հաւատամքին, այդուհանդերձ, պահաջուածը մէկ է` տէր կանգնիլ հայրենիքին ու հայութեան, չխաբուիլ նորափթիթ յազկերտներէ ու միայն լծուիլ հզօր հայութեան վերականգնումի աշխատանքին:

Ապազգային մարդիկ չեն կրնար իրաւայաջորդը դառնալ կարմիր Վարդանին:

Պատուախնդրութեամբ զինուած հայ զինուորն ու քաղաքական այրը պիտի կարենայ ստեղծել նորովի վահանեան շարժում եւ թշնամիին պարտադրել մեր օրերու Նուարսակը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *