Երկու մուսալեռցի՝ զոհ երկրաշարժին

Քիչ առաջ, Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթունը հաստատեց, թէ երկու մուսալեռցի զոհ գացած են երկրաշարժին՝ ոչ Մուսա լերան մէջ, այլ՝ ուրիշ քաղաքներու։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Եսայի Մարտիրոս Հաւաթեանի Facebook-ի էջէն։

«Գիւղապետը յայտնեց, թէ ժողովուրդը կը գիշերէ գիւղին կեդրոնը, վրանի տակ, ճաշարանին կից։ Երկրաշարժին յետ ցնցումները զօրաւոր են եւ մարդիկ չեն ուզեր իրենց տուներուն մէջ մնալ։

«Վագըֆի բոլոր տուներն ու եկեղեցին վնասուած են երկրաշարժէն։ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը օգնութիւններ կ՝ուղարկէ Վագըֆ եւ հաւանաբար գիւղի աշակերտները Պոլիս տեղափոխուին»,- գրած է ան։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *