
Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան գործադիր եւ խորհրդատուական խորհուրդները ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն, որուն միջոցով կը դատապարտեն Արցախի շրջափակումը եւ տարածաշրջանի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ շարունակուող յարձակումը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ընկերակցութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Ընկերակցութիւնը նախազգուշացուցած է Արցախի բնակչութեան հանդէպ ցեղասպանութեան վտանգին առկայութեան մասին։ «Մենք կը վերահաստատենք գործադիր խորհուրդի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Կովկասի բնիկ հայերուն դէմ ազրպէյճանական յարձակման մասին 2022-ի հոկտեմբեր 24-ի յայտարարութիւնը եւ կոչ կ՝ընենք անյապաղ վերացնելու շրջափակումը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Նշուած է նաեւ, որ 2022 դեկտեմբեր 12-ին ազրպէյճանի կառավարութիւնը շրջափակած է Արցախը՝ շարունակական մարդկայնական ճգնաժամ ստեղծելով անոր 120,000 հայ բնակչութեան, նեռարեալ՝ 30,000 երեխաներու եւ 20,000 տարեցներու համար։ Ընկերակցութիւնը կը շեշտէ, որ այսպէս կոչուած ազրպէյճանցի «բնապահպանները», փակած են Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ տանող միակ ցամաքային ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը՝ ատով իսկ խոչընդոտելով սնունդի, դեղորայքի, կազի եւ այլ կենսական նշանակութեան ապրանքներու տարանցումը տարածաշրջան։
«Սնունդն ու կազը այժմ կարգի բերուած են, իսկ ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած է։ Դպրոցները փակ են, ընտանիքները բաժնուած են, հիւանդանոցի հիւանդները վտանգուած են, իսկ բնականոն կեանքը կանգ առած է»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ընկերակցութիւնը նաեւ յայտնած է, որ ազրպէյճանի գործողութիւնները Արցախի բնակիչներուն եւ առհասարակ մարդու իրաւունքներու բացայայտ խախտում են։ Ուշադրութիւն հրաւիրուած է նաեւ, որ շրջափակման ընթացքին ազրպէյճանը բազմիցս դադրեցուցած է Արցախի կազամատակարարումը, խոցուած է Հայաստանէն Արցախ ելեկտրականութեան մատակարարող միակ բարձրաստիճան գիծը, իսկ ազրպէյճանի իշխանութիւնները չեն արտօնած վերանորոգել զայն, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանցիները միտումնաւոր անջատած են Հայաստանէն Արցախ համացանցային կապ մատակարարող միակ մալուխը։
Yerakouyn.com