Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Ղարաբաղի խանութեան ջնջումը եւ ռազմական շրջանի կազմաւորումը

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի` հրաժարեալ կաթողիկոս

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Թիֆլիսի հայոց առաջնորդանիստ Վանքի եկեղեցին (այժմ աւերուած)

Էջմիածնի պարտքերուն լուծում գտնելու եւ պարսկական բռնութիւններէն խոյս տալու նպատակով Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոս Շուշի ապաստան գտած էր: Ռուսական կառավարութիւնը կաթողիկոսէն կը պահանջէր որ ռուսական հողերէն հեռանայ եւ Էջմիածին վերադառնայ, պարսիկներուն հետ բախումի առիթ չտալու համար: Եթէ կաթողիկոսը տրամադիր չէ ենթարկուելու, պէտք է հրաժարի գահէն: Եփրեմ կաթողիկոս վիրահայոց առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցին իր մօտ` Շուշի հրաւիրած էր, խորհրդակցելու եւ ելք մը գտնելու համար:

Ներսէս արքեպիսկոպոս համամիտ չէր կաթողիկոսի Էջմիածին վերադառնալուն կամ հրաժարելուն:

Ներսէս արքեպիսկոպոս դիմեց Պետերբուրգ` հայ ազդեցիկ դէմքերու, որպէսզի աշխատին փոխել տալու կայսերական վճիռը:

Բայց Պետերբուրգէն որեւէ լուր չկար, իսկ Կովկասի ռուսական իշխանութիւնները կը կրկնէին կաթողիկոսի վերադարձի եւ կամ հրաժարելու պայմանը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ, ետ դառնալու մտքէն վերջնականապէս հրաժարելով, կաթողիկոսը որոշեց հրաժարական գրել, որպէսզի կարենայ թոյլտուութիւն ստանալ ռուսական սահմանին մէջ մնալու եւ բնակելու ուր որ ուզէ:

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոս 25 յունիս 1822-ին հրաժարական գրեց: Ան կ՛ըսէր, որ օրըստօրէ «յամենայն կարողութեանց իւրոց, ներքնոց եւ արտաքնոց» տկարանալուն պատճառով, ազատակամ ընտրութեամբ եւ ինքնայօժար անբռնադատ կամօք կը հրաժարի, յանձնարարելով «յատկացուցանել փոխանակ իմ զայլ ոք բաւական ի բառնալ զհոգս պաշտօնի եւ կոչմանս»:

Հրաժարական գիրը ուղղուած էր ամենայն ռուսաց նորին կայսերական մեծութիւն Ալեքսանդր Ա. կայսրին, եւս եւ ժառանգի թագաւորութեան պարսից, եւ ամենայն հասարակութեան հոգեւորականաց եւ մարմնաւորականաց հայոց, որք ի Ռուսաստան, եւ որք Կոստանդնուպոլիս, եւ յամենայն սահմանս զանազան իշխանութեանց գտանին տարածեալք: Կաթողիկոսը փափաք կը յայտնէր «կալ ուրեք ի տեղի ապահով, ի ներքոյ քաղցր հովանաւորութեան եւ հզօր ձեռաց իւրոյ կայսերական մեծութեան ամենայն ռուսաց»:

Ռուսական կառավարութեան համար կաթողիկոսին հրաժարական գիրը հետագային օգտագործելի կարեւոր փաստաթուղթ էր: Ի լուր աշխարհին պէտք է ցոյց տրուէր, որ որքան անտանելի է հայ ժողովուրդին դրութիւնը Պարսկաստանի մէջ եւ որքան չափազանցութիւններու հասած էին պարսկական կեղեքումները այդ ժողովուրդի բարձրագոյն հոգեւոր կեդրոնին մէջ, որ անոր պետը, այլեւս անկարող ըլլալով դիմանալու, կը փախչէր, փնտռելով ռուսաց ամենաողորմած կայսրին հովանաւորութիւնը:

Կաթողիկոսին հրաժարականը ռուսական իշխանութիւններուն ներկայացնելէ ետք Ներսէս արքեպիսկոպոս փոխ կառավարչապետ զօրավար Վելիամինովի յայտնեց, որ Եփրեմ Ձորագեղցի մտադիր է Շուշիէն Գանձակ փոխադրուելու:

Եփրեմ Ա. արդէն Շուշիէն ճամբայ ելած եւ Գուլստան գիւղը հասած էր, երբ Վելիամինովէն հրաման ստացաւ Շուշի վերադառնալու, մինչեւ որ Երմոլովէն պատասխան ստացուի:

Կաթողիկոսը ստիպուած ուղեւորութիւնը ընդհատեց եւ Շուշի վերադարձաւ, ուրկէ 30 յուլիս 1822 թուակիր յատուկ հրաժարագիր մըն ալ ուղղեց կայսրին, որմէ ետք արտօնութիւն ստացաւ Շուշիէն հեռանալու:

Եփրեմ կաթողիկոս Շուշիէն գնաց Գանձակ եւ հոնկէ Հաղբատի վանքը քաշուեցաւ:

***

Զօրավար Վալերիան Մադաթով Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խանէն ստացած էր իր ուզածը, եւ անոր տուած ընծայագրերով տէր դարձած էր Մելիք Շահնազարեաններուն պատկանող տասնհինգ գիւղերու: Խանին դերը այլեւս վերջացած էր, եւ կարելի էր զայն հեռացնել:

Մադաթով եւ Մեհտի Ղուլի խանին եղբօրորդի Ջաֆար Ղուլի խան 1822-ի աշնան, գիշեր մը, Շուշիի մէջ միասին թղթախաղով անցուցին: Կէս գիշերին Ջաֆար Ղուլի խան ճամբայ ելաւ տուն վերադառնալու: Մութին մէջ հրացանի ձայներ լսուեցան, եւ Ջաֆար Ղուլի թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ:

Առաւօտուն լուր տարածուեցաւ որ Մեհտի Ղուլի խանին կողմէ սարքուած մահափորձ կատարուած է Ջաֆար Ղուլիի դէմ:

Մադաթով, ներկայացած առիթը յարմար պատրուակ նկատելով, Մեհտի Ղուլիի մերձաւորներէն քանի մը հոգի ձերբակալել տուաւ:

Մեհտ Ղուլի խան, սարսափահար, 21 նոյեմբեր 1822-ին փախուստ տուաւ Շուշիէն: Ան գնաց Երեւան եւ յետոյ Շարուրի ու Նախիջեւանի վրայով անցաւ Ատրպատական:

Ղարաբաղի խանը ունէր քսաներեք կիներէ բաղկացած հարէմ եւ օրինաւոր չորս կին` Խանխանում աղա (Մեհրալի բէկ Ջաւանշիրի դուստրը), Սարայ խանում (Քարաչորներու ցեղապետ Ահմէտ խանի դուստրը), Մահիշարաֆ խանում (Ջաֆար Ղուլի խան Տոնպոլիի դուստրը եւ Մոհամէտ Հասան աղա Ջաւանշիրի այրին) եւ Պատիր Ջահան Պեկում (Գանձակի Ուղուրլու խանին դուստրը):

Մեհտի Ղուլի խանի հեռացումէն ետք պարզուեցաւ, որ հրացանաձգութիւնը Ջաֆար Ղուլի խան ինք սարքած եւ ինքզինք թեթեւօրէն վիրաւորած էր, իր հօրեղբայրը հեռացնելու պատրուակ տալու համար ռուսերուն:

***

Բերձորի մօտակայ Սուս գիւղը

Մեհտի Ղուլի խանի հեռացումէն ետք ռուսական կառավարութիւնը Ղարաբաղի խանութիւնը ջնջուած հռչակեց:

Ռուսաստանի նախարարաց խորհուրդը 8 դեկտեմբեր 1823-ին հաստատեց Կովկասի կառավարչապետ զօրավար Երմոլովի ներկայացուցած առաջարկը` Շաքիի, Շիրվանի եւ Ղարաբաղի գաւառներէն կազմուած ռազմական շրջան ստեղծելու մասին:

Որոշումը Ալեքսանդր Ա. կայսրին կողմէ հաստատուեցաւ 22 յունուար 1824-ին:

Կայսերական որոշումին համաձայն գաւառական կառավարումը բերդաքաղաքներուն մէջ կը կեդրոնացուէր պարէտներուն ձեռքը: Պարէտներուն պէտք է ենթարկուէին մահալներու ղեկավարները` նայիպները, բէկերը եւ մելիքները, որոնք պէտք է իրականացնէին ոստիկանական իշխանութիւնը, հսկէին տուրքերու հաւաքման եւ պարհակներու կատարման:

Ղարաբաղի պարէտը անմիջականօրէն կը վերահսկէր գաւառի տնտեսական եւ ելեւմտական գործերը: Պարէտը չէր կրնար ինքնուրոյն նշանակել մահալներու նայիպները. նայիպներու թեկնածութեան հաստատումը,  ռազմական շրջանի հրամանատարի ներկայացումով, կը վերահաստատուէր Կովկասի կառավարչապետին կողմէ: Ռազմական շրջանին կեդրոնը Շուշին էր:

«Անդրկովկասի կառավարման կազմակերպման» մասին կայսերական հրամանագիրէն ետք Երմոլով որոշեց «Շուշի ամրոցի եւ անոր շրջանի քաղաքային դատարան» ստեղծել: Քաղաքային դատարանի` դիւանի կազմին համար նախատեսուած էին չորս ատենապետներ` երկու բէկ, մէկ հայ եւ մէկ թաթար: Անոնք պիտի նշանակուէին մէկ տարի պաշտօնավարման ժամկէտով:

Տեղական ինքնակառավարման գործը շուտով իրականացուեցաւ: Ռազմական շրջանի (Շաքի, Շիրվան, Ղարաբաղ) պետ նշանակուեցաւ զօրավար Վալերիան Մադաթով:

Մադաթով կը կարծէր, որ ինք միանձնեայ պիտի վարէր ռազմական, դիւանագիտական, քաղաքացիական եւ տնտեսական հարցերը: Սակայն շատ չանցած դէմ յանդիման եկաւ այն իրողութեան, որ պարէտները բաւական ինքնուրոյն են իրենց գործունէութեան մէջ եւ իրեն հաշուետու չեն:

Մադաթով 24 նոյեմբեր 1824-ին Երմոլովին զեկուցագիր ուղարկեց եւ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրեց իր ենթակայութեան տակ գտնուող կառոյցներու ինքնուրոյն գործունէութեան վրայ: Մադաթով կը գրէր. «Շատ յաճախ նկատելի է, որ նահանգներուն մէջ կարեւորութիւն ունեցող գործերու մեծ մասը իմ ենթակայութեան տակ գտնուող պարէտներուն կողմէ կ՛իրականացուի առանց իմ գիտութեան: Ասոր պատճառները, կ՛ենթադրեմ, կամ պարէտներն են, որ իմ կողքէն կը կատարեն իրենց ներկայացումները ռազմական կառավարիչին, կամ վերջիններս են որ ուղղակի կարգադրութիւններ կ՛ընեն»:

Այնուհետեւ Մադաթով իր մտավախութիւնը յայտնելով կը գրէր. «Յայտնուելով նման իրավիճակի մէջ, ինծի վստահուած նահանգներու հետ կապուած, կրնա՞մ վստահ ըլլալ, որ բոլոր գործերը կ՛ընթանան իրենց կարգով»:

Ապա ան կը հարցնէր Երմոլովի, որ որեւէ անկարգութեան պարագային ինք պատասխանատուութեան չե՞նթարկուիր:

Սակայն չկար որեւէ օրէնք կամ փաստաթուղթ, որ սահմանէր ռազմական շրջանի պետի եւ պարէտներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները:

***

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի Հաղբատի վանքը կը մնար իբրեւ հրաժարեալ կաթողիկոս, սակայն ոչ ոք կը մտածէր անոր հրաժարականը ընդունիլ եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան ձեռնարկել:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ ռուսական կառավարութիւնը լռութիւն պահեց Եփրեմ Ա.ի հրաժարականի մասին, շարունակեց յարգել կաթողիկոսին գրութիւնները եւ անոր միջնորդութիւններուն ընթացք տալ:

Ներսէս արքեպիսկոպոս պարսկական կառավարութեան առջեւ ալ կաթողիկոսին իրաւունքներու պաշտպանութեան լծուեցաւ եւ գահաժառանգ Աբաս Միրզայի ըսաւ, որ հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան եւ կանոնադրութեան համաձայն օծեալ հայրապետը ցմահ կը մնայ աթոռին վրայ եւ չի կրնար փոխարինուիլ:

Աբաս Միրզա Եփրեմ Ա. Ձորագեղցին հրաւիրեց վերադառնալ Էջմիածին:

***

Թիֆլիսի հայոց առաջնորդարանը, Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի ղեկավարութեամբ, համահայկական ղեկավարող, հրահանգող եւ ուղղութիւն տուող կեդրոնի նշանակութիւն ստացած էր: Ներսէս արքեպիսկոպոս տեւական գրագրութիւններով կապ կը պահէր բոլոր շրջաններու հայ գործիչներուն հետ, աշխարհական թէ հոգեւորական:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Տաթեւի վանահայր Մարտիրոս եպիսկոպոսը Աբաս Միրզայի մօտ ուղարկեց եւ առաջարկեց բարձրագոյն հրամանով հրովարտակ տալ իրեն, Էջմիածնի աթոռին գործերը կարգաւորելու համար: Իբրեւ առաջին քայլ ան առաջարկեց, որ Էջմիածնի կաթողիկոսը ուղղակի գահաժառանգ փոխարքայէն կախում ունենայ եւ Երեւանի խանէն անկախ ըլլայ: Աբաս Միրզա դրականօրէն արձագանգեց:

Նոյն ժամանակ զօրավար Երմոլով ազդարարեց Աբաս Միրզայի, ըսելով որ իրեն` ռուս զօրավարին պատուաւոր եւ օգտակար պիտի ըլլար Էջմիածինը պաշտպանել:

Այս ազդարարութեան իբրեւ պատասխան պարսիկներ յատուկ դեսպանութիւն ուղարկեցին Թիֆլիս, յայտնելով, որ Էջմիածինը Երեւանի խանէն անկախ կը հռչակեն, եթէ ռուսեր պարսիկներէն գրաւած երկիրներէն որոշ մաս մը վերադարձնեն:

Սակայն ռուսերը երկիր վերադարձնելու մտադիր չէին: Պարսիկներն ալ իրենց առաջարկին մէջ անկեղծ չէին եւ գիտէին, որ ռուսեր իրենց հող պիտի չվերադարձնեն: Երկու կողմերն ալ հայ ժողովուրդի հաշուոյն կը ջանային գործարք կատարել եւ ժամանակ շահիլ, պատեհ առիթ գտնելու ակնկալութեամբ:

Այս նոյն ժամանակ Երմոլով իր պաշտպանութեան տակ առաւ Ներսէս արքեպիսկոպոսը: Կառավարական որոշումով, այսուհետեւ աշխարհականներ իրաւունք չունէին խառնուելու հայոց հոգեւոր վարչութեան գործերուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *