
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Ակօս» թերթով մենք կռուելու ենք մեր պետութեան դէմ,
իր գործած անիրաւութիւնը երեսին զարնելու համար:
Հրանդ Տինք
Իր նահատակութենէն տարի մը առաջ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պոլսահայ գրող, մտաւորական ու խմբագիր Հրանդ Տինք, առանց բառերը ծամծմելու եւ մտքերը թաքցնելու, անվախօրէն կը պատասխանէր իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Փաստօրէն, հարցումներու կիզակէտին էին` թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ «Ակօս» թերթը, ինչո՞ւ թրքերէնը լայն տեղ կը գրաւէ անոր էջերուն մէջ, որո՞նք են այն ընտրուած թիրախները, որոնց լսելի պիտի դառնայ հայ հրապարակագիրի խօսքն ու կեցուածքը, միտքն ու հաւատամքը եւ այլն:
Պոլսահայ խմբագիրը, առաջին հերթին, անվարան կը հաստատէր, որ թերթին լոյս աշխարհ գալու հիմնական նպատակը կարելի է խտացնել ու ներկայացնել երկու բառով` կռուիլ եւ պաշտպանել: Այլ խօսքով` կռուիլ թուրք պետական համակարգին դէմ, որ ցարդ կ՛ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը մերժէ ժողովրդավար երկիր մը ըլլալու հրամայական պահանջը: Այլապէս պաշտպանել հայոց ու այլ փոքրամասնութիւններու ինքնութիւնը, մշակոյթն ու դարաւոր իրաւունքը:
Սա կը նշանակէ, որ Հրանդ Տինք ի սկզբանէ գիտէր ու քաջատեղեակ էր իր առաքելութեան մեծութեան, լաւապէս հաշուարկած էր կատարուելիք աշխատանքին ծանր ու դաժան իրողութիւնը, հոգեպէս պատրաստ` դէմ դնելու բոլոր անոնց, որոնք արգելք պիտի հանդիսանային իր նուիրումին, խոչընդոտէին արդար ճանապարհը, եւ մահուամբ սպառնային իրեն` յարուցելով կեղծ ու շինծու դատական ընթացքներ ու ոստիկանական հետապնդումներ:
Այսուհանդերձ, Հրանդ Տինք կը շարունակէ իր համոզումներուն եւ հաւատքին տէր կանգնիլ: Ան երբեք չի յանձնուիր իրեն դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն, կը տոկայ ու կը դիմակայէ` հակառակ տիւ եւ գիշեր արձակուած ճնշումներու եւ պետական բացայայտ արգելքներու:
Իրօք, թէեւ միայնակ, շատ անգամ ուժասպառ, ան կը սկսի նաւարկել հոսանքն ի վեր` ցոյց տալով իր ազնիւ ու մաքրամաքուր համոզմունքն ու հաւատամքը, աւելի՛ն. հետապնդած նպատակն ու խաղաղ ապրելու տեսլականը: Յիշեցնել է պէտք, որ Հրանդի կռիւը առանց զէնքի էր, արեան յեղումի թէ սպանդի: Անոր զէնքը սպիտակ աղաւնին էր, ձիթէնիի ճիւղը բռնած ու արդարութեան դրօշը բարձրացուցած:
Հրանդ Տինքի զրահը մարդկային ամենասուրբ այն արարքն էր` յիշողութեան պաշտպանութիւնը, որով ան պիտի կարենար փրկել իր սեփական ժողովուրդի կորուսեալ անցեալն ու պատմութիւնը, հայրենի հողը` Արեւմտահայաստանը:
Իբրեւ անխոնջ հասարակական գործիչ եւ մտաւորական, իր ողջուց ան կրցաւ թափանցել հայ, թուրք, քիւրտ թէ ալաուի ժողովուրդներու սրտին մէջ, հոն կայք հաստատել, անոնց մտքերը լուսաւորել, արդարութեան եւ ճշմարտութեան ձայնը լսելի դարձնել ու լծուիլ ժողովրդավար համակարգի մը ձեւաւորման:
Տարիներ ամբողջ, հայ խմբագիր-քարոզիչը շրջեցաւ գիւղեր ու քաղաքներ, եղաւ տարբեր շրջանակներու հիւրն ու սիրուած դասախօսը: Ան հայերէնով թէ թրքերէնով իր պայծառ ու անմեղ մտածումները, երազն ու ակնկալութիւնը արտայայտեց, միշտ պաշտպանեց հայ-թուրք երկխօսութեան կարեւորութիւնը, կրցաւ թափանցիկութեամբ ներկայացնել Հայ դատի թէ հայկական հարցի տարբեր երեսները, ու յարատեւօրէն պահանջատէր եղաւ հայոց իրաւունքի վերականգնումին եւ պաշտպանութեան:
Աննկուն կամքի տէր հայ խմբագիրին ճանապարհը գծուած էր, յստակ, արդար, բայց տատասկներով լեցուն եւ աներեւոյթ թշնամիներով շրջապատուած:
Եւ ահա, այդ ճանապարհի կիսուն, կ՛արթննար թրքութեան զազրելի բնազդը, ու հայատեացութեամբ յագեցած Գորշ գայլի յետնորդներ օր ցերեկով կը սպաննէին մեծ հայն ու յանդուգն մտաւորականը, «Ակօս»-ի խմբագրատան դիմաց` ցոյց տալով ամբողջ աշխարհին, թէ թուրք պետական ընտրանին թէ Թուրքիոյ խորունկ պետական համակարգը երբեք պիտի չհանդուրժէ նման այլախոհներու ներկայութիւնը:
Այսպէս ըսած, անչափահասի մը ձեռամբ (Օկիւն Սամասթ), ոճիրի ուղղակի մեղսակիցի (Եասին Հայալ) եւ սպանութեան մտայղացողի (Թունջելի) ծրագրուած ահաբեկչութեամբ մը` լռութեան կը մատնէին արդարութեան ձայնը, որ հրապարակ էր իջած գրիչը ձեռին ու ճակատը բաց, երկու ժողովուրդներու հաշտութիւնը երազելով եւ թշնամանքը վերացնելու համոզումով:
Հրանդ Տինք կ՛իյնար իր իսկ ստեղծած ու գծած ճանապարհի կիսուն, սակայն, անոր նահատակութիւնը նոր ակօսներ կը բանար թուրք հասարակական կեանքին մէջ` դէպի ազատախոհութիւն մեծ ոստում մը կատարելով:
Փաստօրէն, Հրանդի Տինքի յուղարկաւորութեան մասնակից բազմահազար այլազգի սգակիրներու ներկայութիւնը առաւել ապացոյց էր անոր թողած ժառանգին: «Բոլորս Հրանդ Տինք ե՛նք» արձակուած յուզախառն խօսքը, բաւարար էր համոզուելու, որ հայ մտաւորականի բիւրեղացած մտածումներն ու ներկայացուցած պահանջները, աւելի քան արդար էին եւ համահունչ` Թուրքիոյ հողին վրայ ապրող ժողովուրդներու:
Ճիշդ է, որ բռնազբօսիկ արդարադատական գործընթաց մը սկիզբ կ՛առնէր ու կը տեւէր տարիներ, պարզապէս շինծու, կեղծ ու ստապատիր թղթածրարներ պատրաստելով, այդուամենայնիւ, դատական այս եզակի գործընթացը կը ստեղծէր վիճակ մը Թուրքիոյ մէջ, ուր թուրք լայնախոհ մտաւորականութիւնն ու ակադեմական շրջանակներ, պաշտպան փաստաբաններ թէ հասարակական գործիչներ ոգի ի բռին կ՛աշխատէին լոյսին բերելու ճշմարտութիւնը եւ պատուով նուիրագործելու դատաիրաւական իր առաքելութիւնը:
Պիտի ըսուի, որ ի զուր հնչեցին Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններու այն բոլոր փաստական տուեալներն ու տքնաջան աշխատանքը, որովհետեւ զազիր թրքութիւնը, իբրեւ խորունկ պետական համակարգ, երբեք ալ պիտի չհանդուրժէր նման գործընթաց, աւելի՛ն. անոնք` թուրք հայատեաց պետական այրեր, ամէն միջոցի դիմեցին արդարադատական գործընթացը աղաւաղելու, իր հունէն շեղելու եւ աւարտին` արժեզրկելու զայն, պարզապէս կեղծ դատավճիռ արձակելով եւ Հրանդի սպանութեան յանցանքը բարդելով, այսպէս ըսած, կիւլենականներու, մոռացութեան տալով Էրկենեքոն հայատեաց շարժումի թէ Գորշ գայլերու մեղսակցութիւնը նման ոճիրի:
Հրանդ Տինք` ակնարկելով«Ակօս»-ի էջերուն թրքերէնի ներկայութիւնը, կ՛ըսէ. «Մենք մեր հայկականութիւնը պիտի պահանջենք թրքերէնով, իրենց հասկցած լեզուով: Մենք մե՛ր պատմած հայը պիտի ըլլանք, եւ իրենց լեզուով պիտի պատմենք»:
Հրանդ Տինք երեւոյթի մասին շատ մելան հոսեցաւ: Ձեռնարկներ, սգահանդէս ու յիշատակի երեկոներ կազմակերպուեցան եւ կը շարունակուին աշխարհով մէկ: Իր ողջուց, հայ խմբագիրը կրցաւ շրջանցել բոլոր արգելքները, հեռու շպրտել վախն ու կրաւորականութիւնը, նետուիլ պայքարի դաշտ յանուն արդարութեան ստեղծման ու վերականգնումին:
Անոր մեծագոյն արժանիքը կը մնայ այն, որ թրքութեան որջին մէջ կրցաւ իր ձայնը բարձրացնել եւ ճշմարտութիւնը ըսել` գիտնալով հանդերձ, որ ինք կ՛ապրի գազանաբարոյ պետական համակարգի մը ներքոյ:
Հրանդ Տինք իբրեւ եզակի անձնաւորութիւն, յաջողեցաւ բացայայտել թուրքին էութիւնը եւ, այսպէս ըսած, քաղաքակիրթ աշխարհին ապացուցել, որ Թուրքիոյ մէջ կեղծ է ժողովրդավարութիւնը, ճնշուած են փոքրամասնութիւններ եւ գոյութիւն չունի արդարադատական համակարգ:
Աւելի՛ն. իր նահատակութեամբ, հայութեան յղեց այն պատգամը, որ հայ-թուրք երկխօսութիւնը մերձեցման ի զուր խօսքեր ու անբովանդակ մտածումներ են: Թուրքին էութեան մէջ խարսխուած է հայատեացութիւնը եւ Հայաստանը բնաջինջ ընելու ստոր մտածումը: Հրանդ Տինք, իր հայաբոյր ու մարդկային երազին առընթեր, բացայայտեց նաեւ թրքութեան դարաւոր երազը` թուրանականութիւնը: