Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը, վկայակոչելով դիւանագիտական անանուն աղբիւրներ, կը հաղորդէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ տնտեսական հարցերու մասին:

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ օդային բեռնափոխադրումներ սկսելու աշխատանքները արդէն աւարտին կը մօտենան, եւ մինչեւ 2022-ի աւարտը արդէն թռիչքները պիտի սկսին:
Թրքական օրաթերթը կը նշէ, որ յաջորդ փուլին կը նախատեսուի ցամաքային սահմանի բացումը Ալիջանի 128 մեթր երկարութիւն ունեցող կամուրջին ճամբով, սակայն կամուրջը վերանորոգման կարիք ունի:
«Քանի որ ձմեռ է, կամուրջի վերանորոգման աշխատանքներու սկսման համար ժամանակ պիտի պահանջուի», գրած է «Հիւրրիեթ»:
Aztagdaily.com