
Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենի Ազրպէյճանի հետ գործընկերութիւնը խայտառակութիւն է. ուժանիւթային ճգնաժամը չի կրնար արդարացում ըլլալ, յատկապէս երբ կը գտնուինք իրական պատերազմական յանցագործութիւններու դիմաց: «1լուրեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Փիւպլիք Սենա» պատկերասփիւռէն յայտարարած է ֆրանսացի ծերակուտական Վալերի Պուայէ:
«Ֆրանսան կրնար աւելին ընել Հայաստանի համար, յատկապէս երբ մենք կը նախագահէինք Եւրոպական Միութեան: Դիտորդներ ուղարկելը նուազագոյնն է, ինչ որ մենք կրնայինք ընել: Հայաստանի թշնամիները բացայայտ կ՛ըսեն, որ կ՛ուզեն ոչնչացնել հայերը: Եւ հակառակ ատոր` մենք կը շարունակենք ընդունիլ այդ ղեկավարները, եւ Եւրոպան Ազրպէյճանէն կազ կը գնէ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենի հետ, որ կը յայտարարէ, թէ Ալիեւ յուսալի գործընկեր է», նշած է Պուայէ:
Անոր համաձայն, Եւրոպան արդարացիօրէն զօրակոչի ենթարկուած է Ուքրանիոյ համար, սակայն կը լռէ Հայաստանի մասին: «Հայերու կեանքը նուա՞զ կ՛արժէ, քան ուքրանացիներու կեանքը: Կայ Ազրպէյճանի փտած եւ ցեղապաշտական պետութիւն, որ կը յարձակի Հայաստանի սահմաններուն վրայ` ձգտելով ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանութեան շարունակման», աւելցուցած է ծերակուտականը: