Աքար յիշեցուցած է 100 տարի առաջ կախաղան բարձրացուած յոյներուն մասին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Վեթերաններու օրուան առիթով խօսք մը արտասանելով յայտնած է. «Աթէնքի մէջ ձեւաւորուած է սխալ ընկալում, որ տարակարծութիւնները միջազգային հարթութիւն դուրս բերելը պիտի փոխէ շրջանին մէջ կացութիւնը»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Ընդունինք, որ Յունաստանը տեղեակ չէ շրջանի աշխարհագրական իրողութիւններէն: Սակայն պատմութենէն դասեր քաղելէ հրաժարիլը երեսպաշտութիւն է: Կ՛երեւի, մոռցած են յոյներուն մասին, զորս 100 տարի առաջ արկածախնդրօրէն ուղարկած էին Անատոլուն նուաճելու: Անոնց մէկ մասը ի վերջոյ կախաղան բարձրացուեցաւ: Մենք` իբրեւ լաւ դրացիներ, անոնց այդ մասին պիտի յիշեցնենք», ըսած է Աքար:

Թուրք նախարարը յունական կողմին կոչ ուղղած է «գիտակցելու ստեղծուած կացութեան լրջութեան»:

«Խուսափեցէ՛ք սադրանքներէն, որոնք կրնան աղէտի յանգեցնել», ըսած է Աքար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *