Էրտողան Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ` «շուտափոյթ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 77-րդ նստաշրջանի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Երբ Ազրպէյճանը ազատագրեց իր գրաւեալ տարածքները, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման պատմական կարելիութիւն ստեղծուեցաւ», յայտարարած է Էրտողան` պնդելով, որ այդ կարելիութիւնը չէ վերացած նոյնիսկ 13 սեպտեմբերին մեկնարկած զինուորական գործողութիւններէն ետք:

«Նոյնիսկ վերջին բախումներէն ետք, որոնք ստուերի տակ առին գոյութիւն ունեցող մթնոլորտը, մենք վստահ ենք` երկու երկիրներուն միջեւ համապարփակ խաղաղ համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրումը կարելի է: Մենք պիտի շարունակենք սատարել մեր ազրպէյճանցի եղբայրներուն, որոնք կը մարտնչին յանուն իրենց իրաւունքներուն եւ ապագային», ՄԱԿ-ի բեմէն յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան խօսած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան մասին եւ Ազրպէյճանին ու Հայաստանին կոչ ուղղած է «շուտափոյթ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու»:

Էրտողան Չի Բացառեր Փրակայի Մէջ Փաշինեանի Հետ Հանդիպումը

Միւս կողմէ, «Ռատար» կը հաղորդէ, որ Էրտողան պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի` Երեւան այցելութեան մասին հարցումի մը յայտնելով, որ Փելոսի Հարաւային Կովկասի մէջ հոլովոյթներու վրայ ազդելու ոչ մէկ լծակ ունի: «Վստահ եմ` անոր այցելութիւնը շատ տեղերու մէջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է: Աւելորդ ուռճացնել պէտք չէ: Մենք կը շարունակենք նախապատրաստուիլ եւ շուտով համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկենք», ըսած է ան:

Էրտողան նաեւ աւելցուցած է, որ այս պահուս կը քննարկեն Փրակայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական քաղաքական հանրութեան նիստին մասնակցելու հարցը: «Եթէ Չեխիա մեկնելու որոշում տանք, ենթադրաբար` այնտեղ պիտի ըլլայ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանը: Հայկական կողմը նախապէս յայտնած էր յառաջիկայ հարթակին մէջ հանդիպումի մասին: Հաւանաբար կարելիութիւն ունենանք այնտեղ քննարկել այդ բոլոր հարցերը: Սակայն, անշուշտ, մենք ալ Կովկասի մասով որոշակի նախաձեռնութիւններ պիտի ունենանք: Այս պահուս տակաւին ծրագրաւորման փուլի մէջ ենք: Ես այդ հարցերը պիտի քննարկեմ եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի հետ, եւ ատկէ կախեալ քայլերու պիտի ձեռնարկենք», ըսած է Էրտողան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *