Հովուապետական անդրանիկ այցելութիւն Իսկենտէրունի եկեղեցւոյ

Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան հասաւ Իսկենտէրուն եւ հովուապետական անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ։

Ժամը 18.00-ին, Եկեղեցւոյ զանգի զուարթ ղօղանջը աւետեց Հայոց Պատրիարքի այցը։ Մեր Հոգեւոր Պետը աղ ու հացի օրհնութենէ ետք, Հրաշափառ շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Կանոնական աղօթքներէ ետք, Գաւառի Տեսուչ եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն շնորհաբեր այցելութեան համար եւ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամը տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն եւ նախ փառք տուաւ որ այսօր արժանի եղած է որպէս Հայոց Պատրիարք այցելել այս եկեղեցին։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այսպէս պայծառ եկեղեցի մը ունէր, որուն կամարներուն ներքեւ աղօթք կը վերառաքէր Արարիչ Աստուծոյ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց տեղւոյն հովիւը՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանան, որուն ծառայութեան վրայ բարդուած է նաեւ գաւառի եկեղեցիներու տեսչութիւնը։ Տէր Հօր եւ անոր աջակցող բոլորի ջանքերուն ու աշխատանքներուն համար իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ըսաւ որ իւրաքանչիւրս սրբազան ժառանգի մը ժառանգորդներն ենք եւ ամուր պէտք է պահենք մեզի վստահուած աւանդները։

Հրաշափառի արարողութեան մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ տեղւոյն Լատին Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հ. Տարիուս Վրդ.։

Հրաշափառի արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ Պատրիարքարանի ընկերային մամլոյ կայանէն ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/779572933480197 )։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն իրիկուն ընդունեց Իսկենտէրունի, Քըրըքխանի եւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցիներու ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները, որոնց հետ եկեղեցիներու մասին խորհրդակցելէ ետք, մէկտեղուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ։

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *