Խմբագրական. Աւելի բարենպաստ ժամանակներ` սահմանագծումի համար (Սեւրի դաշնագիրին 102-ամեակին առիթով)

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան հերթական տարեթիւի նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ տարբեր ուղղութիւններով խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ եւ այդ ճամբով հետագայ ընելիքներու մասին որոշ ուղենիշներ կը փոխանցէ:

Սեւրի ստորագրումէն ամիսներ առաջ Սան Ռեմոյի համագումարին արդէն իսկ մեկնարկած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի յստակացման հարցով իրաւարարութեան գործընթացը, որ աւարտեցաւ Ուիլսընի կայացուցած Իրաւարար վճիռով: Իրաւարար վճիռը կայացաւ միջազգային իրաւաչափութիւններուն համապատասխան եւ քաղաքական պատասխանատուութեան իւրատեսակ դրսեւորում էր Ցեղասպանութիւն իրականացուցած Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ` թրքական իշխանութիւնները զրկելով նշուած տարածքներուն նկատմամբ գերիշխանութենէ:

Այս մօտեցումով ալ Սան Ռեմոյով սկսած սահմանագծման գործընթացը ըստ էութեան կը նպատակադրէր անկախութիւն շնորհել տեղւոյն հայ ազգաբնակչութիւնը փրկելու համար նոր ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգէն: Ցեղասպանութեան սպառնալիքը լուռ կերպով կար նաեւ Ազգերու լիկայի նոյն տարուան փետրուարեան քննարկումներուն, ուր կ՛առաջարկուէր Կիլիկիան փոխանցել ֆրանսական հոգատարութեան:

Այս բոլորին զուգահեռ, դարձեալ նոյն շարժառիթներէն մեկնած է, որ ամերիկեան ծերակոյտին մէջ քննարկուած է հոգատարութիւն ստանձնելու եւ անշուշտ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագծումը կատարելու նախագահի որոշումը:

Այժմէական խորհուրդը այս բոլորին այն է, որ սահմանագծումի գործընթացը իրականացած է այնպիսի ժամանակահատուածի մէջ, երբ Թուրքիան պարտուած կողմ էր: Մինչ հիմա սահմանագծում կը պարտադրուի հայկական կողմին, որ ծանր պարտութիւն կրած է 44-օրեայ պատերազմին:

Սահմանագծման գործընթաց կը պարտադրուի ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան պետական սահմաններուն համար, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիա: Այս երկրորդ սահմանագծման գօտիին պահանջը պաշտօնական Անգարայի պահանջ է, ներկայ պայմաններուն մէջ` նախապայման հասկացողութեամբ, որ հնչած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ճամբով:

Սահմանագծումներու ժամանակահատուածները կարեւոր են: Կարսի պայմանագիրի անօրինականութիւնն ու Սեւրի հալածախտը Անգարան կը մղեն առաջնորդուելու Կարս 2-ի:

Չի բացառուիր, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Երեւանին պարտադրուի Կարս 2-ը: Այն ինչ որ իբրեւ անուղղակի ու թաքուն նախապայման ծուարած էր Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն մէջ, հիմա կը վերադառնայ ուղղակի` սահմանագծման պահանջի տեսքով:

Սան Ռեմոյէն մինչեւ Իրաւարար վճիռ, անցնելով Սեւրէն միջազգային ընտանիքի ճնշումը Թուրքիոյ վրայ կը համընկնէր հայկական կողմի շահերուն: Հիմա տեսանելի չէ այս ճնշումը. հիմա` Մոսկուա-Անգարա փոխշահաւէտ եւ իրարանհրաժեշտ յարաբերութիւնները կը խորանան, որմէ կ՛արդիւնաւորուի Պաքուն: Նախատեսելի է, որ Լաչինի միջանցքի փակումէն ետք սաստկանան ճնշումները Նախիջեւան-Արեւելեան Ազրպէյճան թուրանական կամուրջի  բացման ուղղութեամբ, ապա` սահմանագծման գործընթացի մեկնարկի` ընդունել տալու համար Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Սահմանագծման եւ ապաշրջափակման գործընթացներուն գործնական օժանդակութեան աշխատանքներուն աջակցելու պաշտօնական պատրաստակամութիւնը կը մշուշապատէ գործընթացը այն առումով, որ դժուար է ներկայ պայմաններուն մէջ պատկերացնել ռուս-ամերիկեան համագործակցական որեւէ ձեւաչափ:

Այս իրականութիւնը կը յուշէ հայկական կողմի վերադիրքաւորման անհրաժեշտութիւն գործընթացներու առնուազն ձգձգումը առաջադրող: Այլընտրանքային ուղիէն մինչեւ թուրանական կամուրջի կառուցում եւ մինչեւ սահմանագծում պարտադրուող գործընթացներ են հայկական կողմին համար:

Սեւրը կը յուշէ, որ սահմանագծումը պէտք է կայացնել միայն այն ատեն, երբ թշնամին թոյլ դիրքերու վրայ կը գտնուի: Իրադրային հիմնական փոփոխութիւն պէտք է եւ նոր իրավիճակ: Պետական մտածողութենէն մեկնած  եւ նոյնիսկ պահ մը շրջանցելով  իշխանութիւն-ընդդիմութիւն առկայ խոր տարակարծութիւնները, իշխող վարչախումբի ինքնակամ հրաժարականը նման պարտադրուող գործընթացներու դիմաց կրնայ նպաստել պարտադրուող օրակարգերու ձգձգման:

Պարտադրուող գործընթացներու առկախումը հիմա ռազմավարական նշանակութիւն կ՛ունենայ: Կարելիի արուեստի իրացման փորձերը նպատակ պիտի ունենան աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութեան մէջ համատեղել միջազգային ու հայկական շահերը եւ այնտեղ ընդգծել համընկնումներ. ինչպէս եղաւ սեւրեան օրերուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *