ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
27 յուլիս 1983-ին Հայ յեղափոխական բանակի հինգ «խենթեր»` Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճէմեան, Վաչէ Տաղլեան, Արա Գըրճլեան եւ Սիմոն Եահնիեան Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը մտան, բախում ունեցան դեսպանատան պահակներուն հետ` դրան շեմին, ուր ինկաւ «խենթերէն» 21 տարեկան Սիմոն Եահնիեանը, իսկ միւս 4-ը շարունակեցին խուժել, եւ երկու պայթում տեղի ունեցաւ:
Կը վերյիշենք մեր 5 տղոց խօսքերը, զորս անոնք արտասանեցին դէպի Լիզպոն ճամբայ ելլելէ առաջ, երբ արդէն ընտրած էին քալել այդ ճամբէն, որ եղաւ անվերադարձ:
ՍԱՐԳԻՍ – Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին:
ՍԵԴՐԱԿ – Մեզմէ առաջ շատեր քալած են, եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան:
ՎԱՉԷ – Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ: Ես Հայ դատի զինուոր եմ: Կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ:
ԱՐԱ – Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողի` ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ:
ՍԻՄՈՆ – Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ:
Լիզպոնի 5 տղոց որոշումը պարզապէս ահաբեկչութիւն չէր, այլ` Հայ դատի պաշտպանութիւն: Այս համարձակ քայլով անոնք աշխարհին ապացուցեցին, որ Ցեղասպանութիւնը անմոռանալի դատ է: Նախքան իրենց մեկնիլը` միասնաբար ըսին. «Թող համաշխարհային կարծիքը մեզ ոճրագործներ կամ ահաբեկիչներ կոչեն, մեր հոգը չէ, անձնասպանութիւն չէ այս, ոչ ալ` խելագարութիւն, այլ` մեր զոհողութիւնը ազատութեան բագինին, կեցցէ՛ ազատատենչ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ հայկական յեղափոխութիւնը»: Այս տողերը եղան իրենց վերջին խօսքերը:
Անոնց ծնողները հպարտ էին իրենցմով:
Սիրելի՛ թանկագին տղաք,
Դուք ինկաք, որպէսզի մենք ապրինք եւ ունենանք հզօր հայրենիք: Սակայն, դժբախտաբար, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին կորսնցուցինք մեր սիրելի Արցախէն բաժին մը: Բայց ՏՂԱՔԸ յանցանք չունին, անոնք չպարտուեցան, այլ դաւաճան վարչապետի որոշումներով կորսնցուցինք Արցախ հայրենիքի կարգ մը հողերը, անհայրենիքը ծախեց հողերը թշնամի ազերիին, այն հողերը, որոնց պաշտպանութեան համար տուինք բազմաթիւ նահատակներ:
Ո՞ւր են թեհլիրեանները, շիրակեանները, երկանեանները…
Սիրելի՛ նահատակներ եւ «խենթեր»,
Այսօր հայրենի Արցախը ձեզի պէտք ունի, ձեզ կը կանչէ: Վստահ եմ, որ դուք եւ ձեզի նման նահատակ հերոսներ` «խենթեր», եթէ հոս ըլլային, կացութիւնը այլ պիտի ըլլար անպայման: