Անիթա Գոնդի (Անիթա Գարակոշեան) (1899-1997 թթ.)

Հակառակ անոր, որ Հայաստանը ելք չունի դէպի ովկիանոս, բայց ովկիանոսագիտութեան մէջ առաջինն է:

Այո՛, աշխարհի մէջ առաջին կին ովկիանոսագէտը հայ է՝ ֆրանսացի բնախոյզ, լուսանկարիչ Անիթա Գոնդին, նոյնինքն՝ Անիթա Գարակոշեանը: 1939-ին ան 3 ամիսով՝ ձողաձուկ որսալու համար՝ «Վիքինկ ձկնորսանաւով կ՝ուղեւորուի Արքթիքա: Եւ այդ ուղեւորութեան ընթացքին ալ կու գայ այն եզրակացութեան,
որ ովկիանոսի մէջ ձկնորսութեան չարաշահումը կրնայ չափազանց ծանր հետեւանքներու յանգեցնել։

1941-1943 թուականներուն ձկնորսանաւով կ՝երթեւեկէ Ափրիկէի մէջ՝ ֆրանսական ծովակալութեան յանձնարարութեամբ կատարելագործելով ձկնորսութեան մեթոտները, կը կազմէ քարտէզներ, կը նկարագրէ ձուկերու նոր տեսակները։ Ա. Գոնդիի ուսումնասիրութիւններուն հիմնական նպատակը եղած է գտնել ձուկերու վտառներու պաշարներ եւ ուտելիքի սղութեան պայմաններուն ապահովել զօրքն ու խաղաղ բնակչութիւնը: Անիթա Գոնդին մահացած է 99 տարեկանին, Ֆրանսայի Տուարնէ քաղաքին մէջ:

Անոր աճիւնը, իր կտակին համաձայն, սփռած են Միջերկրական Ծովուն մէջ։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *