Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. ահաւոր սով ու ժանտախտ եւ արցախցիներու զանգուածային գաղթ դէպի Վրաստան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի բնակիչները Շուշիի մէջ Աղա Մոհամէտ շահին սպանութենէն (17 յունիս 1797) ետք ապստամբած եւ իշխանութենէն հեռացուցած էին Ալի Ղուլի խանը, որ Թեհրան վերադառնալէն ետք կուրացուած էր:

Ֆաթհ Ալի շահ կալանքէ ազատեց Երեւանի Մոհամէտ խանը եւ Խոյի Ջաֆար Ղուլի խանը եւ վերականգնեց անոնց իշխանութիւնները:

Մինչ այդ Մակուի տիրակալ Ահմէտ խան Պայաթի որդի Հասան խան, որ Աղա Մոհամէտ շահին կողմէ Երեւանի մէջ շահվեքիլ նշանակուած էր, Երեւան հասնելով պահանջեց որ իրեն թոյլ տրուի բերդ մտնելու: Երեւանցիք մերժեցին Հասան խանի պահանջը:

Հասան խան Նախիջեւան երթալով Այրումլու աշիրէթէն զօրք հաւաքեց եւ քալեց Երեւանի վրայ: Այրումլուները Արարատեան դաշտի եւ յարակից գօտիի ազդեցիկ Ռումլու ցեղային միութեան մէկ ճիւղն են (միւս ճիւղերն են Սէյիտլու, Աքշաքլու եւ Սաատլու): Ցեղախմբային ուժերը յարձակեցան Երեւանի վրայ: Երեւանցիք չկրցան երկար դիմադրել եւ քաղաքը աւերումէ փրկելու համար բերդը Հասան խանին յանձնեցին:

Տիրանալով իշխանութեան Հասան խան սկսաւ ապօրինի ծանր տուրքեր հաւաքել երեւանցիներէն:

Բայց շուտով յայտնի դարձաւ որ Երեւանի նախկին խանին իշխանութիւնը վերականգնուած է շահին կողմէ եւ ան ճամբայ ելած է դէպի Երեւան:

Հասան խան այնքան ուժ չունէր արգելակելու Մոհամէտ խանին մուտքը Երեւան, եւ 17 սեպտեմբեր 1797¬ին իր հետեւորդները հաւաքելով փախուստ տուաւ դէպի Մակու:

Մոհամէտ խան հոկտեմբերի սկիզբը հասաւ Երեւան եւ վերահաստատուեցաւ խանական աթոռին վրայ:

Ֆաթհ Ալի շահ, վերականգնելով Մոհամէտ խանի իրաւունքները, անոր պարտադրած էր որ իր խանութենէն տարեկան ութսուն հազար թուման գումար պիտի մուծէր արքունական գանձարան: Շահը այնքան ալ վստահութիւն չունէր Մոհամէտ խանին վրայ եւ անոր երկու օգնականներ տուած էր, որոնք պիտի հետեւէին խանի գործունէութեան եւ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէին արքունիք:

* * *

Վանքասարի եկեղեցին Մարտակերտի շրջանին մէջ

Արցախի մէջ ընթացող պատերազմական անվերջանալի գործողութիւնները, խանական հարստահարութիւնները, խանի բանակին մէջ ծառայող լեզգիներու աւարառութիւնները եւ թափառաշրջիկ ցեղերու տեւական յարձակումներն ու յափշտակութիւնները քայքայած էին ժողովուրդին տնտեսութիւնը:

Աղա Մոհամէտ շահի արշաւանքին յաջորդեց սարսափելի երաշտը, որ ցամքեցուց բոլոր բուսականութիւնը. ցանքը փճացաւ եւ հունձք չեղաւ: Սովը հետզհետէ սաստկացաւ: Յուսահատութեան ծայր աստիճանի հասած ժողովուրդը ամէն միջոցի սկսաւ դիմել իր գոյութիւնը պահելու համար:

Մարդիկ խոտերով ու արմտիքներով կը սնանէին: Թուրքերու մէջ պահուած աւանդութիւն մը կ՛ըսէ որ մարդիկ գերեզմաններէն մեռելները կը հանէին կ՛ուտէին, եւ յարձակումներ կը գործէին գերիներ խլելու, մորթելու եւ ուտելու համար: Ոմանք իրենց երեխաներն անգամ կը մորթէին կ՛ուտէին: Հայեր կը պատմեն որ ծնողներ իրենց երեխաները կը ծախէին: Կը պատմուի, որ երիտասարդ մը ծախուած է երեսուն չափ կորեկով:

Սովին հետ սկսած սոսկալի ժանտախտը հետզհետէ սաստկացաւ եւ 1798¬ին տարածուեցաւ յարակից երկրամասերուն մէջ: Աղիտալի կացութիւն ստեղծուեցաւ նաեւ Սիւնիքի եւ յատկապէս Խնձորեսկի եւ յարակից գիւղերուն մէջ:

Հայեր զանգուածաբար սկսան հեռանալ Արցախէն, գաղթելով յատկապէս դէպի Վրաստան, նաեւ` Ռուսաստան, Պարսկաստան եւ Թուրքիա, ոմանք ալ տեղափոխուեցան Շամախի: Վաթսուն հազար տուն բնակչութիւն ունեցող Արցախ սկսաւ դատարկուիլ:

* * *

Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւոր մահացաւ 11 յունուար 1798¬ին եւ անոր երկրորդ կնոջմէն` Աննա Ապաշիծէէն ծնած որդին` Գէորգի թագաւոր հռչակուեցաւ:

Գէորգի 1766¬ին գահաժառանգ հռչակուած եւ հօրմէն իբրեւ տիրոյթ ստացած էր Փամբակն ու Լոռին: Իր խորթ եղբայր Լեւանի հետ 1777¬ին ճնշած էր Քսանիի իշխանին անջատողական ձգտումները:

Նոր թագաւորը 12 յունուարին գահ բարձրացաւ Գէորգի ԺԲ. անունով: Ռուսաստանի Փաւէլ Ա. կայսր 22 փետրուար 1798¬ին հաստատեց անոր թագաւորութիւնը: Գէորգի ԺԲ. թագադրուեցաւ Թիֆլիսի Սուրբ Աստուածածնի Ծննդեան Անչիսխաթի եկեղեցւոյ մէջ:

Թիֆլիս տակաւին մեծ մասամբ աւերակներու կոյտ մը կը ներկայացնէր:

Գէորգի ԺԲ. բարեմիտ էր, հիւանդոտ, թոյլ ու երկչոտ եւ երկիր կառավարելու անընդունակ:

Արքայական ընտանիքը պառակտուած էր, երկիրը քաղաքականօրէն ու տնտեսապէս ուժասպառ եղած, իսկ աւատապետները իրենց կամայականութիւններով քաոս ստեղծած էին:

Գէորգի ԺԲ., նկատի ունենալով որ իր հայրը վերջին տարիներուն այն եզրակացութեան եկած էր որ Վրաստանի միակ փրկութիւնը Ռուսաստանի անձնատուր ըլլալն է, դիմեց Պետերբուրգ եւ օգնութիւն խնդրեց:

Նոյն օրերուն Պետերբուրգի մէջ լուր տարածուեցաւ, որ Ֆաթհ Ալի շահ նոր յարձակումի կը պատրաստուի Վրաստանի վրայ:

Ֆաթհ Ալի շահ, հազիւ Գէորգի ԺԲ.¬ի գահակալութեան լուրը իմացած, նամակ գրած էր անոր եւ դեսպան ուղարկած Թիֆլիս:

Գէորգի ԺԲ., դեռ շահին դեսպանը չտեսած, եւ առանց գիտնալու թէ ինչ կ՛ուզեն պարսիկները, դիմեց Փաւէլ Ա. կայսրին, ըսելով որ պարսիկներ նոր արշաւանքի կը պատրաստուին, եւ կրկին օգնութիւն խնդրեց: Վրաց արքան ռուսաց կայսրին այնպիսի հաւատարմութիւն  կը խոստանար, որուն նմանը ոչ մէկ թագաւոր ցոյց տուած է: Փոխարէնը Գէորգի ԺԲ. կայսրէն կը խնդրէր որ գոնէ հինգ հազար զինուոր իր տրամադրութեան տակ դնէ:

Ֆաթհ Ալի շահ իր նամակին մէջ Գէորգի ԺԲ.էն հնազանդութիւն կը պահանջէր: Պարսից արքան կ՛ըսէր. «Մեր մեծ եւ բարձր դրօշակը յառաջ պիտի խաղայ քու հողերուդ վրայ այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ Աղա Մոհամէտ շահին ժամանակ: Հետեւաբար յետ այսու դուն ենթակայ ես կրկնակի

հարուածներու: Վրաստան պիտի կործանի եւ վրացի ժողովուրդը իր ցասումը պիտի արտայայտէ»:

* * *

Խանձք գիւղը Ասկերանի շրջանին մէջ, Պատարա գետի ափին, Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիներով եւ Ջուխտակ խաչով

Թիֆլիսի արքունիքին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունէր Հերակլ Բ.ի երրորդ կինը` մայր թագուհի Դարեջան Դադիանի, որ սկսաւ ամէն ջանք թափել նոր թագաւորը չէզոքացնելու եւ իր որդիներէն մէկը գահ բարձրացնելու համար:

Դարեջան Դադիանիի որդիներ Լուլոն, Ալեքսանդր, Փարնաոզ, Վախտանգ եւ Միրիան որոշեցին միացեալ ջանքերով հեռացնել Գէորգի ԺԲ.ը:

Ալեքսանդր իշխան իր հակակշիռին տակ գտնուող զօրքերով գրաւեց Ղազախը, Բորչալուն եւ Շամշադինը եւ մերժեց ճանչնալ Գէորգի ԺԲ.ի թագաւորութիւնը: Ալեքսանդր Ֆաթհ Ալի շահին հպատակութիւն յայտնեց եւ անկէ զինուորական աջակցութիւն խնդրեց:

Իր կարգին Գէորգի ԺԲ. Փաւէլ կայսրէն խնդրեց հաստատել իր որդի Դաւիթը իբրեւ Վրաստանի գահաժառանգ իշխան:

Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, իբրեւ վրաց արքայական տան մօտիկ բարեկամ, աշխատեցաւ թագաւորն ու անոր խորթ եղբայրները հաշտեցնել եւ Բագրատիոնիներու արքունիքէն ներս խաղաղութիւնը վերականգնել:

Թիֆլիսի արքունիքէն ներս հակառակութիւնները հետզհետէ սրեցան: Գէորգի ԺԲ. Դարեջան Դադիանիի ստիպեց պալատէն հեռանալ եւ Հաւլաբարի մէկ ապարանքը քաշուիլ: Լուլոն, Վախտանգ եւ Փարնաոզ սկսան զօրք հաւաքել, իրենց մայրը կալանքէ ազատելու համար:

* * *

Ռուսական կառավարութիւնը, ընդառաջելով Գէորգի ԺԲ. թագաւորի խնդրանքին, գունդ մը զօրք ուղարկեց Վրաստան: Միաժամանակ Թիֆլիս հասաւ պետական խորհրդական Կովալենսկի` իբրեւ դեսպան վրացական արքունիքին մէջ: Առանց ռուս դեսպանին Գէորգի ԺԲ. ոչինչ պիտի ընէր եւ անոր խորհուրդներով պիտի շարժէր:

Ռուսական զօրքի Թիֆլիս մուտքէն ետք Ալեքսանդր իշխան կրկին դիմեց Ֆաթհ Ալի շահին եւ հաւաստիացուց ըսելով որ ռուսերու ներկայութիւնը պիտի յանգի Վրաստանի կցումին: Ան շահէն օգնութիւն խնդրեց եւ առաջարկեց որ աւարներու Ումմա խան եւս միանայ Գէորգի թագաւորին դէմ գործող ուժերուն:

Ֆաթհ Ալի շահ հաստատեց, որ կը ճանչնայ Ալեքսանդրը իբրեւ Վրաստանի գահաժառանգ եւ միաժամանակ Ումմա խանին հրամայեց զօրք կեդրոնացնել Վրաստանի սահմանին վրայ:

Ալեքսանդր իշխան սկսաւ բանակ կազմել եւ Քարթլիի ու Կախեթիի բնակիչներուն կոչ ուղղեց միանալու` դիմագրաւելու համար Վրաստանի աւանդական թշնամիները: Ան Սուրբ Նունէի գերեզմանին վրայ երդում ըրաւ որ աւար զօրքերը հաւաքուած են ոչ թէ երկիրը աւերելու, այլ ռուսական գրաւումէ փրկելու համար:

* * *

Լիսագոր (Թթուջուր) Շուշիի շրջանին մէջ, համանուն լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջին

Արցախէն հեռացող ժողովուրդին եւ մելիքներուն համար Վրաստան աւետեաց երկիր էր: Իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ` անոնք բարեացակամ ընդունելութիւն կը սպասէին վրացիներէն:

Վրաստան հասնող հայերը գրեթէ թշնամաբար ընդունուեցան վրացիներուն կողմէ: Անոնցմէ շատեր մուրացկանութեան սկսան վրացիներու դուռերը: Վրացի իշխանները ստիպեցին անոնց ճորտ գրուիլ, որպէսզի փոխարէնը ուտելիք տան: Կտոր մը հաց ճարելու համար շատեր իրենց զաւակները վաճառեցին եւ ստրկութեան տուին: Շատեր ալ ստիպուած ճորտ դարձան:

Վրաստան ճորտատիրական երկիր էր, բայց հայերը վարժուած չէին ճորտութեան: Թէ՛ թրքական եւ թէ պարսկական տիրապետութեան տակ հայ գիւղացին ճորտ չէր եղած:

Մելիքները կ՛ուզէին, որ իրենց ժողովուրդը պահպանէ իր վաղեմի ազատութիւնը, իսկ իրենք վայելեն նոյն իրաւունքները, որ միշտ ունէին իրենց հպատակներուն նկատմամբ: Անոնք կ՛ուզէին որ վրացիք իրենց ազատ հողեր տան իբրեւ մնայուն սեփականութիւն, ուր կարենան հաստատուիլ գաղթականները եւ կառավարուին իրենց աւանդական օրէնքներով ու սովորութիւններով:

Դիզակէն, Վարանդայէն, Խաչենէն, Ջրաբերդէն եւ Գիւլիստանէն, ինչպէս նաեւ Տաւուշէն եւ Ղազախէն դէպի Վրաստան հայոց գաղթը կը շարունակուէր իրերայաջորդ ալիքներով: Ձեռագիր յիշատակարանի մը մէջ արձանագրուած է. «Բազում հայք ի Տաւուշայ (Շէմշէչդին) եւ ի Ղազախայ ամենայն գերդաստանեօք անցեալ ընդ Կուր գետ ամրացան ի Վրաստան, յորոց բազումք ոչ եւս դարձան անտի մինչեւ ցայսօր, որոնց զորդիքս եւ զթոռունս իշխանք եւ ազնուականք վրաց արարին իւրեանց իբրեւ արծաթագին ծառայ (ճորտ), որք մինչեւ ցայսօր կան մնան ի նոյն անկապ կապանս տոռանց: Եւ իբրեւ այսպէս դատարկացաւ ի բնակչաց երկիրն Գագայ, Կողբոփորայ, Ծոբոփորոյ եւ Սօմխէթի»:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի խրախուսանքով մելիքները բանակցութեան մէջ մտան ռուսական կառավարութեան հետ եւ որոշեցին վերակենդանացնել ազատագրական պայքարը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *