Միացեալ խոհանոցներ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Մշակոյթի ճանապարհ» ծրագիրը այս օրերուն ընթացքի մէջ է՝ արժանանալով հանրութեան անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս ամբողջին մաս կը կազմէ «Միացեալ խոհանոցներ» փառատօնը, որու ծիրէն ներս մեր համայնքի համակրելի երգիչներէն Պարթեւ Կարեան եւ նուագակից ընկերները շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկան։

«Կալաթափորթ»ի համալիրէն ներս բացօթեայ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Պարթեւ Կարեան եւ ընկերները՝ նախկին ծրարներու նամակատան պատմական շէնքին առջեւ գործադրեցին իրենց յայտագիրը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Հարկ է նշել, որ այս փառատօնի բացումը անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր՝ մասնակցութեամբ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի եւ փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Փառատօնի կազմակերպման մասնակիցներու շարքին է «Լոյս» արբանեակային հեռուստակայանը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F6-06-2022-միացեալ-խոհանոցներ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *