Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2020-ին լոյս տեսաւ միսիոնարուհի Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն (օրագրութիւն)» հատորը, մեկենասութեամբ Հենրի եւ Րաֆֆի Սիսլեան եղբայրներուն, ի յիշատակ իրենց ծնողաց` Յակոբ եւ Վերժին Սիսլեաններու: Գիրքը բաղկացած է 168 էջերէ:
Երկու խօսքին մէջ Անդրանիկ Տագէսեան կ՛ըսէ, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Թուրքիոյ պարտութեամբ, տարագիր հայերը վերադարձան իրենց բնօրրանները, վերապրած հաճընցիներուն մեծամասնութիւնը եւս վերադարձաւ:
Արեւմտեան երկիրներէ միսիոնարներ նոր թափով ուղղուեցան դէպի Փոքր Ասիա եւ Կիլիկիա, ամոքելու Եղեռնէն վերապրած հայերու վէրքերը: Այս ժամանակ ալ Հաճըն հասան միսիոնարուհիներ Ալիս Քլարք եւ Էտիթ Քոլտ:
Ալիս Քլարք կ՛ըսէ, որ 1919 փետրուարին Նիւ Եորքէն ճամբայ ելան եւ մարտին հասան Պոլիս, իսկ մայիս 11-ին ժամանեցին Հաճըն:
Հաճընի մասին ան կը գրէ. «Հաճըն սքանչելիօրէն տեղադրուած է ծովու մակերեսէն երեք հազար հինգհարիւր ոտք բարձրութեան վրայ: Քաղաքը աննկարագրելիօրէն ողորմելի վիճակի մէջ է: 4500 տուներէն միայն 500-ը կանգուն է: Աւերակ է ամէն կողմ»:
«… Ստանձնած եմ որբերուն ընդհանուր վերահսկողութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ հայթայթումը անձեռոցներուն, հագուստներու մաքրութեան եւ այլն:
«… Հետաքրքրական է տեսնել թուրքերէն փրկուած երեխաներուն մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնը:… Շատ ուրախ կը զգամ գործիս առնչութեամբ»:
Թուրք չեթէական ուժեր 1920-ի մարտին սկսան յարձակումներ կազմակերպել Հաճընի դէմ, իսկ հաճընցիք ինքնապաշտպանութեան դիմեցին:
Քլարք կը գրէ. «Ապրիլ 6: Մենք մահուան հովիտին մէջ ենք արդէն, եւ դժուար թէ կարենամ պատմել մեր ապրածները: Դեռ շշմած եմ: Մեր համալիրը հարուածող փամփուշտները շատցան: Դպրոցին բոլոր սենեակները փոքրերով լեցուն են:
«… Ապրիլ 25: Գրեթէ եօթ շաբաթ է որ դուրսէն բան չենք լսած: Զարմանալի է, որ ինչո՞ւ ֆրանսացիք չեն գար քաղաքին օգնութեան:
«… Մայիս 22: Եթէ թուրքերը կ՛ակնկալեն քաղաքը առնել` ուրեմն աւելի ազդու թնդանօթ պէտք է բերեն: Ըստ թուրքերուն, մեծ վնասներ պատճառած են քաղաքին:… Հաճըն մեռեալ քաղաքի կը նմանի:
«… Յունիս 10: Ի վերջոյ հասաւ օրհասը: Առջի գիշեր խումբ մը հայեր խուժեցին համալիր եւ զինաթափ ըրին թուրքերը:… Մեր կացութիւնը զարհուրելի է:… Կէս գիշերին թրքական կրակոցը սկսաւ աւելի մօտէն արձակուիլ: Առտուն ռումբեր նետուեցան մեր շէնքերուն վրայ»:
Իր կարգին Էտիթ Քոլտ կ՛ըսէ, որ թուրքեր իրենց դիրքերը տեղադրեր էին միսիոնարական համալիրին մօտ եւ ամբողջ համալիրը մնայուն թիրախ էր Հաճընէն եկած կրակոցներուն:
Հաճընի մէջ կացութեան վատթարացման պայմաններուն տակ միսիոնարուհիները 13 յունիս 1920-ին հեռացան քաղաքէն եւ Թալասէն, Սեբաստիայէն ու Թոքաթէն անցնելով հասան Սամսոն, ուրկէ նաւով փոխադրուեցան Պոլիս եւ հոնկէ` Ամերիկա:
https://www.aztagdaily.com/archives/547003