Հրապարակի վրայ է լրագրող Ալեքսանտրոս Փիղատասի «ΕΘΝΟΣ ΚΑΙ ΕΘΝΙΚΕΣ ΜΕΙΟΝΟΤΗΤΕΣ. Η ΜΕΛΕΤΗ ΤΗΣ ΓΕΝΟΚΤΟΝΙΑΣ ΤΩΝ ΑΡΜΕΝΙΩΝ» (Ազգ եւ ազգային փոքրամասնութիւններ. Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը) գիրքը, որ հրատարակուեցաւ 2021-ի վերջաւորութեան եւ կ՚ընդգրկէ 20-րդ դարու ամենամեծ եղելութիւններէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ներկայացումը, հիմնուած յունական եւ օտար աղբիւրներու վրայ։
Իւրայատուկ այս ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութեամբ եւ յենուած է նաեւ յունահայ համայնքի վկայութիւններուն վրայ։
Արժէքաւոր հրատարակութիւն մը, որ պէտք չէ պակսի որեւէ գրադարանէ եւ կարդացուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք հետաքրքրուած են պատմական ճշմարտութեան ուսումնասիրութեամբ։
Ստանալու համար կարելի է դիմել Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, հեռաձայնելով 2109574973 թիւին։ Գին՝ 16 եւրօ։
Yerakouyn.com