Իրան շրջանի քարտէսին փոփոխութիւնը պիտի չընդունի. Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Կովկասի մէջ «3+3» ձեւաչափի հարցը

Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն մէջ այլ հարցերու կողքին քննարկուած է «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը: Այս մասին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Լաւրով ընդգծած է, որ ինքնին Ռուսիան նպաստած է մէկ տարի առաջ պատերազմի դադրեցման եւ Ազրպէյճանի նախագահին ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ համաձայնագիրի կնքման, որուն հիման վրայ ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Այդ նոյն միացեալ յայտարարութիւնը կը բովանդակէ սկզբունքներ, որոնցմով կ՛որոշուին լուծման ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, ներառեալ շրջանին մէջ բոլոր փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղուած աշխատանքները, որոնցմէ պիտի շահին ո՛չ միայն Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, այլ նաեւ Վրաստանը, Իրանը, Ռուսիան եւ Թուրքիան»:

«Այդ ծիրին մէջ մենք այսօր քննարկած ենք «3+3» ձեւաչափ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը: Իրանցի բարեկամները դրական վերաբերմունք ունին, նոյն վերաբերմունքը կը տեսնենք Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ, կ՛աշխատինք հայ գործընկերներուն հետ», ըսաւ Լաւրով:

Անոր համաձայն, ռուսական կողմը յոյս ունի, որ Վրաստանն ալ, հակառակ իր բոլոր խնդիրներուն, պիտի կարենայ տեսնել իր արմատական շահը նման մեքանիզմի ստեղծման հարցին մէջ:

Նախաձեռնութիւնը կ՛ենթադրէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ շրջանային փոխադարձ գործակցութեան մեքանիզմի ստեղծում:

Ընդառաջելով լրագրողներու` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի ազրպէյճանական տարածքին, ներառեալ Կասպից ծովուն մէջ վերջին ռազմափորձերը մեկնաբանելու խնդրանքին` Լաւրով նշեց. «Ռուսիան դէմ է զինուորական գործունէութեան յաւելման, ինչպէս նաեւ սադրիչ բնոյթի ռազմափորձերուն»:

Ինչ կը վերաբերի Կասպից ծովուն մէջ օտարերկրեայ զինուորական ներկայութեան, ռուսական դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց` «կանխարգիլելու Կասպեան շրջանին մէջ արտաքին միջամտութիւնը»:

Լաւրովի համաձայն, Մոսկուան բազմիցս ընդգծած է Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակի մասին հռչակագիրի արագ ուժի մէջ մտնելու անհրաժեշտութիւնը: Փաստաթուղթը կ՛արգիլէ շրջանին մէջ ոչ կասպիական պետութիւններու որեւէ զինուորական ներկայութիւն: Լաւրով նաեւ նշեց, որ հռչակագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ վաւերացուելէ ետք: Այժմ ատիկա կը քննարկուի Իրանի խորհրդարանին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ հռչակագիրը շուտով պիտի վաւերացուի եւ պիտի դառնայ լիարժէք միջազգային փաստաթուղթ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Յոյսով ենք, որ ոչ հեռաւոր ապագային մեր երկիրներուն նախագահները պիտի կարենան հանդիպիլ մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ: Այդ հարցով մեր համաձայնութիւնը կը վկայէ, թէ մեր երկիրներուն յարաբերութիւնները ռազմավարական են եւ առաջնահերթ մեր երկիրներուն համար: Մենք Ռուսիան կը նկատենք ռազմավարական գործընկեր»:

Ան աւելցուց, որ Ռուսիան առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Մենք մտահոգ ենք դրացի երկիրներէն մէկու մը Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւններուն ընդլայնումով»: «Իրան շատ մտահոգ է Կովկասի մէջ իսրայէլեան ներկայութեամբ եւ շրջանի քարտէսին փոփոխութիւնը պիտի չընդունի»:

Ապտոլլահեան. «Կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիան պիտի արձագանգէ եւ զգայուն պիտի ըլլայ շրջանի երկիրներու սահմաններուն հաւանական փոփոխութեան նկատմամբ»

 Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումի նպատակով Մոսկուա հասնելէ ետք ըսած է, որ կողմերը պիտի համակարգեն Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումները: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիան պիտի արձագանգէ եւ զգայուն պիտի ըլլայ շրջանի երկիրներու սահմաններուն հաւանական փոփոխութեան նկատմամբ», Մոսկուա հասնելէ ետք լրագրողներուն ըսած է Ապտոլլահեան:

«Կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիան զգայուն պիտի ըլլայ շրջանին մէջ ահաբեկիչներու գոյութեան եւ սիոնական վարչակարգի շարժումներուն նկատմամբ, ինչ որ դէմ է խաղաղութեան եւ անվտանգութեան: Հաշուի առնելով Հարաւային Կովկասի շրջանի եւ Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը, մենք լուրջ բանակցութիւններ պիտի ունենանք», նշած է Ապտոլլահեան:

https://www.aztagdaily.com/archives/525004 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *