Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի նուազման իբրեւ արդիւնք՝ յայտնաբերուած է մօտաւորապէս հարիւր տարեկան ձկնորսական կառամատոյց։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Mynet.com-ը։
Կառամատոյցին փայտէ սիւները ջուրի երես ելլելը կրկին անգամ փաստած է լիճի ջրային միջոցներու մեծաքանակ կորուստին մասին։
Ատիլճեւազի մշակոյթի, արուեստի եւ զբօսաշրջութեան ընկերակցութեան նախագահ Ճումալի Պիրոլը, որ երկար տարիներ հետազօտութիւններ կ՝իրականցնէ Վանայ լիճին մէջ, յայտնած է, որ լիճի այլ հատուածներու մէջ եւս ի յայտ կու գան կառոյցներ։
«Վանայ լիճին մէջ արձանագրուած է շուրջ 1․5 մեթր ջուրի նուազում։ Այնպէս չէ, որ ատիկա մեզի չանհանգստացներ, յուսանք՝ վնաս չի հասցներ բնութեան։ Երաշտը լուրջ խնդիրներ առաջացուց Վանայ լիճին համար, յատկապէս այս տարի»,- նշած է հետազօտողը:
Yerakouyn.com