ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թուրք ղեկավարները յաճախ կը պարծենան անով, թէ իրենք յաջողած են սնանկ տնտեսութիւն եւ ներքաղաքական լուրջ խնդիրներ ունեցող երկիրէ մը, Թուրքիան վերածել մեծ ազդեցութիւն ունեցող տարածաշրջանային հզօր պետութեան մը:
Իրապէս, Միացեալ Նահանգներէն ետք, Թուրքիան երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի ՆԱԹՕի մէջ, իսկ Ներքին ընդհանուր արտադրութեան (GDP) ծաւալով՝ անիկա աշխարհի 15րդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող երկիրն է: Թուրքիան, իբրեւ ինքնակոչ հաշտարար եւ միջնորդ, յաճախ կը միջամտէ տարածաշրջանային եւ միջազգային թէժ հարցերու: Գերակայութեան այս կեցուածքը «Սուլթան» մակդիրը շնորհեց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ ամէն գնով վճռակամ է վերականգնել վաղուց անհետացած Օսմանեան կայսրութիւնը:
Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնման արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքը յաճախ կրկնուող «մանդրա»ն է՝ «զեռօ խնդիրներ՝ հարեւան երկիրներու հետ», որ յաջողութեամբ չէ իրագործուած շատ յաճախ: Թէեւ Թուրքիան կրցած է իր յարաբերութիւնները բարելաւել Սուրիոյ եւ Իրանի հետ, սակայն Հայաստանի հետ հաշտեցման անոր երկերես ջանքերը լրիւ ձախողած են: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման կեղծ տպաւորութիւնը ստեղծելու անոր խճճուած փորձերը չխաբեցին ոեւէ մէկը, մասնաւորաբար՝ սփիւռքահայերը, որոնք քաջածանօթ են թրքական նման նենգ մարտավարութեան:
Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի հետ հաշտութեան Թուրքիոյ կեղծ վերաբերմունքէն խաբուած միակ ղեկավարը Արտրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր: Հեգնականօրէն, Թուրքիոյ՝ «զեռօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» քաղաքականութիւնը անսպասելի եւ հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ՝ Ատրպէյճանի հետ յարուցելով նոր խնդիրներ, որոնք նախապէս գոյութիւն չունէին:
Ադրբեջանի նախագահը սաստիկ զայրացաւ, երբ իմացաւ, որ Անգարա կը պատրաստուէր ստորագրելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնցմով կը նախատեսուէր բանալ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Թուրքիոյ հաւաստիացումները, թէ սոյն արձանագրութիւնները պարզապէս Հայաստանէն զիջումներ կորզելու միջոց են, ոչ մէկ ձեւով հանգստացուցին Ատրպէյճանի նախագահը: Ալիեւ պահանջեց անյապաղ դադրեցնել համաձայնագիրը, որովհետեւ ան չէր ուզէր, որ Հայաստանի շրջափակումը վերացուի, քանի դեռ Արցախը չէ վերադարձուած Ատրպէյճանին:
Թէեւ արձանագրութիւնները ակնյայտօրէն կը բխէին Թուրքիոյ ազգային շահերէն, վարչապետ Էրտողան ընկրկեցաւ ատրպեճանական ճնշումին տակ եւ հրաժարեցաւ անոնց վաւերացումէն: Ան ինչո՞ւ ենթարկուեցաւ Պաքուի հրամաններուն եւ աւարտին չհասցուց համաձայնագիրը, որ ակներեւօրէն կ՛արտայայտէր իր երկիրին շահերը: Ահաւասի՛կ որոշ հաւանական բացատրութիւններ. նախ, Թուրքիան իրեն մատակարարուած ուժանիւթին մէկ մասը կը ստանայ Ատրպէճանէն, երկրորդ՝ Թուրքիա ապրող ատրպէյճանցիները կտրականապէս դէմ են արձանագրութիւններուն. երրորդ՝ Էրտողան գերզգայուն է այն մեղադրանքներուն նկատմամբ, թէ՝ ինք սիրաբանութիւն կ՛ընէ թշնամի Հայաստանի հետ՝ դաւաճանելով «եղբայրական» Ատրպէյճանը:
Անշուշտ, իսկական ուժեղ առաջնորդը պէտք է ի վիճակի ըլլայ պաշտպանելու իր երկրի ազգային շահերը ու դիմակայելու արտաքին ու ներքին ճնշումները: Հակառակ միջազգային ուղեւորութիւններու ընթացքին Էրտողանի ամպագոռգոռ ելոյթներուն, փաստը այն է, որ իր իշխանութիւնը կայուն եւ ապահով չէ: Թէեւ ան իր արտաքին գործընկերներուն կը ներկայանայ իբրեւ հզօր երկիրի ղեկավար, սակայն ան ունի ներքին բազմաթիւ թշնամիներ, որոնք շարունակ դաւեր կը նիւթեն՝ զայն վերացնելու համար:
Անցեալ շաբաթ ի յայտ եկան նոր ապացոյցներ, որոնք բացայայտեցին վարչապետ Էրտողանի խոցելի իշխանութիւնը ու նախագահ Ալիեւի կողմէ՝ անոր թուլութիւնը շահագործելու կարողութիւնը: Արդարեւ, Կարսի նախկին քաղաքապետը յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի նախագահը յորդորած էր Էրտողանը քանդել Հայաստան-Թուրքիա բարեկամութեան կիսակառոյց յուշարձանը, իսկ թուրք ղեկավարը հնազանդած էր անոր յորդորին, Կարս կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Պատճառաբանելով, թէ արձանը անճոռնի էր եւ տգեղ՝ Էրտողան պահանջած էր քանդել զայն: Կարսի նախկին քաղաքապետը Մարմարայի համալսարանին մէջ ուսանողներուն ըսաւ, որ յուշարձանը քանդելու առաջարկը ներկայացուած է Ալիեւի բացայայտ պահանջով: Հետագային, Կարսի քաղաքային խորհուրդը քուէարկած էր վիթխարի յուշարձանի քանդումին օգտին: Կուրօրէն հետեւելով Ալիեւի հրամաններուն՝ Էրտողան աշխարհի տարածքին ստուեր կը ձգէ իր համբաւին վրայ: Ոմանք Էրտողանի տհաճ արարքը համեմատեցին Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն կողմէ Պուտտայի սրբացած արձաններու ոչնչացումին հետ:
Ասիկա արտառոց իրավիճակ մըն է, երբ փոքր պետութեան ղեկավարը կրնայ իր կամքը թելադրել աւելի հզօր հարեւանին: Երբ Ալիեւ պահանջեց չվաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, «մեծ եղբայրը» պարտաւոր եղաւ եւ իրականացուց Ալիեւ կրտսերին պահանջը: Այնուհետեւ շփացած «կրտսեր եղբայրը» պահանջեց քանդել թրքական յուշարձանը: Այս հրամանը եւս անվերապահօրէն գործադրուեցաւ:
Եթէ Էրտողան կը կարծէ, թէ Ալիեւին զիջումներ կատարելով՝ կ՛ապահովէ Թուրքիոյ ուժանիւթի մատակարարումը, ապա չարաչար կը սխալի: Զիջում ընելը սայթաքուն զառիվայր մըն է, որ ճանապարհ կը հարթէ առաւել մեծ զիջումներու: Իմանալով, որ իր ցանկութիւնները անառարկելիօրէն կ՛իրագործուին Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ՝ Ալիեւ այժմ ա՛լ աւելի կ՛ուռճացնէ իր պահանջները: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր յաջորդ պահանջը Էրտողանէն: Որքա՞ն հեռու կ՛ուզէ երթալ հզօր «Սուլթանը» իր յանձնապաստան (գոռոզ) կրտսեր հարեւանին պահանջները բաւարարելու հարցով: Վերջիվերջոյ ո՞վ կ՛իշխէ Անգարայի մէջ, Էրտողա՞նը, թէ՞ Ալիեւը:
Սակայն հայերը պատճառ չունին դժգոհելու այն բանէն, որ Ալիեւ հրահանգներ կ՛ուղղէ Էրտողանին: Թուրքիայէն պահանջելով չվաւերացնել արձանագրութիւնները՝ Ալիեւ ակամայ փրկեց Հայաստանը անխոհեմ պայմանագիրէ, իսկ Կարսի յուշարձանը քանդելու անոր յորդորը Էրտողանին ծաղրանքի առարկայ դարձուց ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:
Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան
http://asbarez.com/arm/94118/