Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս Թուրքիան մեղադրած է Արցախի տագնապին միջամտելու յանցանքով: Կիպրոսի նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտած է, որ եկած է Կիպրոսի մասնատման վերջ տալու ժամանակը, սակայն Թուրքիան պէտք է ետ կանգնի Կիպրոսի համար «անընդունելի» նկատուող դիրքորոշումէն: Այս մասին կը հաղորդէ «1լուրեր»-ը:
Նախագահ Անասթասիատիս Անգարային յիշեցուցած է նաեւ Կիպրոսի վերաբերեալ ՄԱԿի բանաձեւերը:
«Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ խօսած է բարի դրացիական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութեան մասին: Ես կը զարմանամ, եւ ատիկա կ՛ըսէ Էրտողանը: Իսկ ո՞ր երկիրն է, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել Կիպրոսը, ո՞ր երկիրը ներխուժած է Սուրիա, ո՞ր երկիրը կը խախտէ Իրաքի գերիշխանութիւնը, ո՞ր երկիրը կ՛ոտնահարէ Յունաստանի գերիշխանութեան իրաւունքները, ո՞ր երկիրը միջամտած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Թուրքիան մէկ նպատակ ունի` Կիպրոսը դարձնել իր հոգատարութեան տակ եղող երկիր», նշած է Կիպրոսի նախագահը:
https://www.aztagdaily.com/archives/523837