Բաղադրութիւն
2 գաւաթ ճերմակ մանր ձաւար, 1 հատ խոշոր մանրուած սոխ, ½ գաւաթ ձէթ, 2 հատ մանրուած լոլիկ, ½ կապ շերտուած ազատքեղ, 3 ցօղուն կանաչ սոխ, 1/3 պզտիկ դգալ աղտոր (սումմախ), 1 մեծ դգալ լոլիկի խիւս, 1 պզտիկ դգալ պղպեղի խիւս, 1 պզտիկ դգալ աղ, 1 սուրճի գաւաթ լեմոնի հիւթ։
Պատրաստութիւն
Սոխը մանր մանրել եւ ձէթին մէջ թմրեցնել։ Լոլիկը պզտիկ քառակուսիներու վերածել եւ աւելցնել թմրած սոխին վրայ։ Աւելցնել լոլիկի եւ պղպեղի խիւսերը եւ լաւ մը խառնել ու շարունակել եփելը, մինչեւ որ լոլիկը եփի, ապա աւելցնել աղը եւ կրակը մարել։
Ձաւարին հետ խառնել քիմիոնը, աղտորը, եփուած լոլիկի խառնուրդը պարպել ձաւարին վրայ, աւելցնել շերտուած ազատքեղն ու կանաչ սոխը, կիտրոնի հիւթը, բոլորը միասին խառնելէ ետք հիւրասիրել։
Աղբյուր՝ «Դամատայի երկրէն»
Պատրաստեց՝ Ծովիկ Մխճեան
Պէյրութ, 2010
Էջ 20