ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆ
Արամ Ա. կաթողիկոս` որպէս գրող, մտաւորական, հայ մշակոյթի նուիրեալ, մեծապէս նախանձախնդիր եղած է հայ մշակութային արժէքներուն, հայ գիրին ու դպրութեան հանդէպ, իսկ հրատարակչական մարզի յարաճուն զարգացման շօշափելի ապացոյցը` իր գահակալութեան քսանհինգ տարիներու ընթացքին կաթողիկոսութեան տպարանէն կամ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած հատորներու պատկառելի թիւը հանդիսացած է` հայերէն, արաբերէն եւ օտար լեզուներով, որոնք հոգեւորին, եկեղեցականին, աստուածաբանականին, պատմականին, մատենագրականին, գրականին, ուսումնասիրականին կողքին լայն տարողութեամբ ընդգրկած են հայ մշակութային արժէքներուն եւ Հայ դատին նուիրուած բարձրորակ աշխատասիրութիւններ, օտարներուն եւ մասնաւորաբար արաբական իսլամական աշխարհին զանոնք ծանօթացնելու նպատակամէտ ծրագրումներով:
Այստեղ յիշարժան է Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին կարեւոր վկայութիւնը, զոր ան կատարած է վեհափառ հայրապետին Վատիկան տուած պատմական այցելութեան ընթացքին (2228 յունուար 1997թ.).
«Կալուած մը կայ, որ մեր սրտին մօտ է, ձեզի, սիրելի եղբայր, եւ` ինծի. ատիկա մշակոյթն է: Տասնամեակներէ ի վեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հայկական մշակոյթի ստեղծագործ եւ ճառագայթող կեդրոնն է` իր աստուածաբանական դպրեվանքով, իր տարբեր հաստատութիւններով եւ բազմաթիւ տպագրութիւններով, շնորհիւ մեծ թիւով մասնագէտ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու…»:
Հրատարակութիւններու բոլորակէն ներս, այստեղ կ՛արժէ ամփոփ կերպով ներկայացնել հանրագիտարանային բնոյթ դրսեւորող եւ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» խորագրեալ հատորը, ուր գիրքին առաջին էջերուն` նախաբանէն սկսեալ, վեհափառ հայրապետը` իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովուապետ, հմուտ վարչագէտ, համաշխարհային ճանաչում ունեցող հայ էքիւմենիստ, նաեւ` հրաւէրի, հաղորդակցութեան ու երկխօսութեան մարդ, յստակօրէն, համապարփակ եւ առարկայական մօտեցումով յաջորդական գլուխներով ներկայացուցած է` Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, նուիրապետական կարգերը, հաւատքի հիմունքները, հարուստ եւ իւրայատուկ ծէսը, ծաւալուն գործունէութիւնները` մշակութային, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, կրթական, յարաբերական, միջեկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բնագաւառներուն մէջ հրատարակչական մարզի մեծ իրագործումներով հանդերձ, միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով Հայ եկեղեցւոյ ներկայ ժամանակներու մանաւանդ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական տարբեր տագնապներու լոյսին տակ իբրեւ «Ժողովուրդի եկեղեցին»` դիմագրաւած առաջնահերթութիւններն ու մարտահրա ւէրները, ի խնդիր պատմական առաքելութեան պահպանման եւ արդիականացման, նոյնինքն հայ երիտասարդութեան գործուն մասնակցութեամբ: Եւ դեռ, վեհափառ հայրապետը իր ապագայատեսիլ հայեացքով քննարկելով վերոյիշեալ մարտահրաւէրները` յարմար լուծումներ առաջարկած է: Իսկ վեհափառ հայրապետը Հայ եկեղեցւոյ ազգային ինքնութեան վերասահմանումի պարագային, երեք հիմնական հարցադրումներ կատարելով` եկեղեցական, քաղաքական եւ իշխանութեան առումներով, ընդգծած է Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը:
Հայ եկեղեցւոյ նուիրուած գրականութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւող այս բարձրարժէք հատորը առաջին անգամ լոյս տեսած է 2016 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիոսութեան կողմէ, անգլերէն (241 միջակ չափի էջ, նախաբան, յառաջաբան, տասը գլուխներ, յաւելուածներ) եւ արդէն թարգմանուած է` ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, արաբերէնի.
«Արդարեւ, երկա՜ր տարիներէ ի վեր կարիքը կը զգացուէր մեր եկեղեցւոյ մասին ամբողջական, իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ ներկայ ժամանակները ներկայացնող հատորի մը: Նման հատորի մը կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, յատկապէս մեր եկեղեցին օտարներու ներկայացնելու տեսակէտէն, լծուեցանք յիշեալ հատորի պատրաստութեան: Անգլերէնի կողքին, այլ լեզուներու թարգմանութիւնը եւս անհրաժեշտութիւն մըն էր: Այդ շարքին մէջ բնականաբար առաջնահերթ տեղ պիտի գրաւէր արաբերէն թարգմանութիւնը»:
Անվարան, Արամ Ա. կաթողիկոսի միտքին, հոգիին, գրիչին եւ հովուական ու հովուապետական անսահման փորձառութեան պերճախօս արգասիքը հանդիսացող աստուածաբանական, եկեղեցական, միջեկեղեցական, ուսումնասիրական եւ այլ բնոյթի հայերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով լոյս տեսած աւելի քան երկու տասնեակի հասնող հեղինակութիւններուն շարքին նշանակալից դիրք պարզող սոյն հատորը Հայ եկեղեցին իր ամբողջական դիմագիծով ու նկարագիրով օտարներուն, մանաւանդ արաբերէն թարգմանութիւնը արաբականիսլամական աշխարհին ճշգրտօրէն ծանօթացնող, իսկ քրիստոնեայիսլամ երկխօսութիւններու եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու գծով ժամանակակից նոր հեռանկարներ ճշդող լրջագոյն աշխատանք մըն է` վեհափառ հայրապետին հարուստ կենսափորձին եւ առաքելական ծառայութեամբ պարուրուած:
Նշելի է, որ այս հատորին եւ անոր արաբերէն թարգմանութեան լայնօրէն արձագանգած են լիբանանեան մամուլն ու պատկերասփիւռը, նաեւ` միջինարեւելեան բազմաթիւ շրջանակներ:
Հալէպ, 2 օգոստոս 2021
https://www.aztagdaily.com/archives/521603