Բաղադրութիւն
2 գաւաթ ճերմակ մանր ձաւար, 2 հատ լոլիկ, կէս գաւաթ թահին, կէս պզտիկ դգալ քիմիոն, 1 պզտիկ դգալ աղ, 1 սուրճի գաւաթ կիտրոնի հիւթ, կէս կապ շերտուած ազատքեղ (քարավուս), 1 հատ մանրուած սոխ։
Պատրաստութիւն
Լոլիկը, սոխն ու ազատքեղը մանրելէ ետք մնացեալ բաղադրութեամբ խառնել ու հրամցնել։
Աղբյուր՝ «Դամատայի երկրէն»
Պատրաստեց՝ Ծովիկ Մխճեան
Պէյրութ, 2010
Էջ 20