Բաղադրութիւն
1 քիլօ ղափամա, 2 գաւաթ բրինձ, 150 կրամ կարագ, 2 մեծ դգալ մեղր, 10 հատ չոր ծիրան երկուքի բաժնուած, 1 սուրճի գաւաթ կուտը հանուած բալ, 1 սուրճի գաւաթ գինձ (սնոպար), 1 սուրճի գաւաթ Հալէպի պիստակ, 1 սուրճի գաւաթ մանրուած նուշ, 1 սուրճի գաւաթ առանց կուտի մանր չամիչ, 1 պզտիկ դգալ աղ, ½ պզտիկ դգալ եօթը պահար, պտղունց մը սեւ փոշի պղպեղ։
Պատրաստութիւն
2-3 ժամ ծիրանի չիրն ու բալը ջուրի մէջ դնել, ապա ծիրանի չիրերը երկուքի բաժնել, իսկ բալին կուտերը հանել։ Այդ ջուրէն 1 գաւաթ առնել եւ անոր մէջ 1 գաւաթ բրինձը կէս մը եփել։
Գինձը, պիստակն ու նուշը ձէթին մէջ խարկել, մինչեւ որ բաց սրճագոյն դառնան։ Խարկուած պիստակեղէնը, թրջուած չիրերը, համեմներն ու մեղրը խառնել եփուած բրինձին հետ։
Ղափաման լաւ մը լուալ, առանց կեղուելու գլուխի մասը կափարիչի պէս կտրել, մէջի կուտն ու աւելորդ բաժինները հանել, բրինձի խառնուրդը մէջը լեցնել, կարագը կտորներու վերածել եւ բրինձին վրայ ծածկել, խափամային կափարիչը ծածկել եւ փուռին մէջ 220 ջերմաստիճանով եփել, մինչեւ որ ղափաման կակուղնայ։ Երբ ղափամային դուրսի բաժինը եփած ըլլայ, հիւրասիրելիք ամանին մէջ շերտերու վերածել եւ հրամցնել։
Աւանդութիւն
Հայոց մօտ ղափաման սէր եւ ուրախութիւն կը ներշնչէ եւ անոր համար շատ մը գաւառներու մէջ, հարսանեկան արարողութեան յաջորդ օրը փեսային մայրը ղափամա կը պատրաստէր եւ նորապսակներուն, խնամիներուն, կնքահօր եւ կնքամօր, ինչպես նաեւ այլ հիւրերու կը հրամցնէր «իւղով, մեղրով» եփուած ղափաման․ սեղանին վրայ օրուան դամատան նորապսակներուն քաղցր, երջանիկ եւ բազմանդամ ընտանիք կազմելու մաղթանքներ կ՛ըներ, իսկ կիները ղափամայի ամանները բռնած կ՛երգէին․
Հէ՜յ ջան ղափամա, համով հոտով ղափամա․․․
Աղբյուր՝ «Դամատայի երկրէն»
Պատրաստեց՝ Ծովիկ Մխճեան
Պէյրութ, 2010
Էջ 16