Հայկական հարսանիքի փլաւ

Բաղադրութիւն

2/3 գաւաթ կարագ, 1/2 գաւաթ արմաւի չիր, 1 գաւաթ նուշ, 1 գաւաթ չամիչ, 1 գաւաթ կաղին, 2 գաւաթ երկար բրինձ, 3 ու կէս գաւաթ հաւու մսաջուր, 1 պզտիկ դգալ աղ։

Պատրաստութիւն

Կարագին կէսը տապակի մը մէջ դնել եւ կրակին վրայ փոխադրել։ Աւելցնել նուշն ու կաղինը եւ խարկել, մինչեւ որ բաց սրճագոյն դառնան, ապա մաքուր լաթի մը վրայ պարպել, որ պաղի եւ իւղը ծծէ։ Ապա իւղոտ տապակին մէջ դնել կուտը հանուած արմաւն ու չամիչը եւ քանի մը վայկեան կրակին վրայ դարձնել։

Կաթսայի մը մէջ հաւու մսաջուրը տաքցնել, երբ եռալ սկսի, կրակը թեթեւցնել եւ բրինձը պարպել մսաջուրին մէջ, աւելցնել նաեւ մնացեալ կարագն ու աղը, խառնել եւ թեթեւ կրակի վրայ եռացնել 10 վայրկեան, ապա կափարիչը գոց 20 վայրկեան ալ եփել, մինչեւ որ բրինձը լաւ մը եփի, ապա բրինձը պարպել հիւրասիրելիք ամանին մէջ, իսկ խարկուած պիստակեղէնով եւ արմաւով զարդարել վրան։

Հարսանիքի փլաւ կոչուած է փլաւի այս տեսակը, որովհետեւ ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բոլոր գաւառներուն մէջ, հարսանիքի նախօրեակին, հարսնեւորները իրենց մառաններուն մէջ պահեստ դրուած բրինձէն եւ պիստակեղէններէն, չիրէն ու չամիչէն կը վերցնէին եւ փիլաւ կը պատրաստէին խնջոյքը հարստացնելու միտումով։

Աղբյուր՝ «Դամատայի երկրէն»

Պատրաստեց՝ Ծովիկ Մխճեան

Պէյրութ, 2010

Էջ 9 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *