Արարատ փլաւ

Բաղադրութիւն

7 գաւաթ բրինձ, 800 կրամ խնձոր, 900 կրամ սերկեւիլ, 300 կրամ կարագ, 200 կրամ չամիչ, 100 կրամ նուռ, 100 կրամ ծիրանի չիր։

Զարդարանքի համար

3-4 հատ խնձոր, 100 կրամ քոնեակ։

Պատրաստութիւն

Կարագը հալեցնել, բրինձը մէջը դնել եւ դարձնել 4-5 վայրկեան, ապա աւելցնել 3-4 գաւաթ ջուր, աղը շտկել եւ մեղմ կրակի եփել։ Եթէ պէտք զգացուի, բրինձը եփելու ժամանակ ջուր աւելցնել։

Խնձորը եւ սերկեիլը խորովել։

Բրինձը լայն եւ բաց ամանի մը մէջ լեցնել բլուրի ձեւ տալով, ապա խորովուած խնձորներն ու սերկեւիլները շուրջը զարդարել։ Ապա «ստորոտ»էն մինչեւ գագաթը չամիչով, ծիրանի չիրով, սալորի չիրով եւ նուռի հատիկներով զարդարել։

Քոնեակը պարպել խորովուած խնձորին եւ սերկեւիլին վրայ եւ լուցկիով կրակի տալ հրամցնելէ առաջ։

Աւանդութիւն

Այս ճաշը ընդհանրապէս Արարատեան դաշտի ժողովուրդին սիրելի եւ յարգելի ճաշերէն մէկն էր։ Արարատեան դաշտի վրայ ապրող ժողովուրդը տօնական օրերուն սեղանը անպայման կը հարստացնէր այս փիլաւի տեսակով։ Վերջին պահուն, երբ հիւրերը բոլորուած կըլլային սեղանին շուրջ, ոգելից ըմպելին փիլաւին վրայ պարպելէ եւ կրակը վառելէ ետք, ճաշասենեակին լոյսերը կը մարէին, եւ տանտիկինը կրակով պատուած սկուտեղը կը տեղաւորէր սեղանին կեդրոնը եւ մինչեւ փիլաւին կրակը հանգէր, ներկաները զուարթ երգերով, անհամբեր կը սպասէին ուտելու ժամանակը։

Աղբյուր՝ «Դամատայի երկրէն»

Պատրաստեց՝ Ծովիկ Մխճեան

Պէյրութ, 2010

Էջ 6 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *