Յոյն-կիպրացիները երբեք պիտի չհամաձայնին, որ Կիպրոսի հիւսիսը Թուրքիոյ կողմէ կառավարուող անկախ պետութիւն ստեղծուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս` Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հանդիպումէն ետք:
«Անկարելի է պատկերացնել, որ յոյն կիպրացիները կրնան համաձայնիլ կղզիի հիւսիսը պետական կազմաւորման` անկախ պետութեան ձեւաւորման հետ, որ ամբողջութեամբ պիտի կառավարուի Թուրքիոյ կողմէ եւ ուր լիակատար կերպով կը բացակային մարդու իրաւունքները, իրաւունքները յոյն կիպրացիներուն, որոնք տեղահանուած անձեր դարձած են, որոնց սեփականութիւնը բռնագրաւուած է բռնագրաւող Թուրքիոյ կողմէ», ըսած է Անասթասիատիս:
Կիպրոսի նախագահը ընդգծած է, որ Յունաստանն ու Կիպրոսը կը ձգտին շեշտը դնել գործողութիւններու համադրման վրայ` հաշուի առնելով, որ Թուրքիան եւ թուրք կիպրացիներու ղեկավարութիւնը կը պահանջեն փոխել կիպրական տագնապի լուծման սկզբունքները` յառաջ մղելով պետական անօրինական կազմաւորման` Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման սկզբունքը:
https://www.aztagdaily.com/archives/517251