Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը լրագրողներուն ներկայացուցած է Ազրպէյճան կատարած այցելութեան օրակարգը: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի «մշակութային մայրաքաղաք» Շուշիի մէջ քննարկած են բոլոր ոլորտներուն մէջ 2 երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը խորացնող քայլերը, սեղանին դրուած են այն հարցերը, որոնք կրնան նպաստել տարածաշրջանային երկիրներու խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարօրութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu-ն։
Անդրադառնալով լրագրողի այն հարցին, թէ արդեօ՞ք «Շուշիի հռչակագրով» կը նախատեսուի թրքական ռազմակայան բանալ Ազրպէյճանի մէջ, Էրտողանը պատասխանած է, որ այդ հարցը հրապարակուած (պայմանագրի) յօդուածներէն դուրս չի գտնուիր: Անոր խօսքով՝ սակայն, այս պահուն ամենակարեւորը սահմաններու անվտանգութեան ապահովումն է: Ըստ Էրտողանի՝ այդ հարցին յետագայ զարգացման վրայ կրնան ազդել Ալիեւի եւ Փութինի հանդիպումները:
Շուշիի պայմանագրի մասին խօսելով՝ Էրտողանը զայն բնութագրած է որպէս ապագայ համագործակցութեան երաշխիք։ Անդրադարձած է նաեւ Հայաստանին եւ ականապատ տարածքներու քարտէզներու նիւթին: Յիշեցնելով, որ օրեր առաջ Քարվաճառի մէջ ականի պայթիւնէն մահացած էր 3 քաղաքացիական անձ՝ Էրտողանը ըսած է. «Հայաստանը պէտք է սկսի վստահութիւնը բարձրացնող քայլեր առնել: Այս ուղղութեամբ կարեւոր առաջին քայլը պիտի ըլլայ ականապատուած տարածքներու քարտէզները Ազրպէյճանին տալը»:
Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիան, ինչպէս պատերազմի ժամանակ, այնպէս ալ այս շրջանին վերակառուցումէն մինչեւ ականազերծման աշխատանքներ, բոլոր հնարաւորութիւններով պիտի շարունակէ կանգնած մնալ Ազրպէյճանի կողքին: Այս պահի դրութեամբ Ազրպէյճանին տուած են թրքական արտադրութեան ականազերծող մեքենաներ եւ առաջին փուլով կը պատրաստուին այդ թիւը հասցնել 20-ի, ապա նաեւ աստիճանաբար աւելցնել:
Էրտողանը, նշելով, որ բացուելիք զանգեզուրեան միջանցքը ողջ տարածաշրջանի համար կարեւոր հնարաւորութիւն է, ըսած է. «Հնարաւոր չեմ համարեր, որ Ռուսիան այժմ այդ նիւթին վերաբերեալ այլ կարծիք կամ այս գործը յետաձգելու նպատակ պիտի ունենայ, ընդհակառակը՝ Ռուսիան այս հարցով օգտակար ըլլալու տրամադրութիւն ունի: Իմ Եղբայր Ալիեւը իր քննարկումները կ՝ունենայ Փութինի հետ, շուտով ես ալ քննարկում պիտի ունենամ պարոն Փութինի հետ: Բայց մենք հիմա կեդրոնացած ենք բանի մը վրայ՝ ատիկա 5 տարիով պայմանագիրն է: Կ՝ուզենք այս 5 տարուան պայմանագիրով այդ քայլը ընել: Այստեղ ալ այս ծրագիրին նիւթը կայ, որուն մասին ըսած եմ երէկ, այսօր ալ ըսեմ: Այդ ծրագիրը գլխաւորող երկիրները Ռուսիան, Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու Իրանն են: Կ՝ուզենք, որ Վրաստանն ու Հայաստանն ալ գտնուին անոր մէջ»։
Yerakouyn.com