Թալեպան շարժումը շաբաթ օր յայտարարեց. «ԱՖղանիստան մնացող որեւէ պետութիւն բռնագրաւող պիտի նկատենք»:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Թալեպան շարժումը մերժած է այլ օտարերկրեայ ուժերու հեռանալէն ետք միջազգային օդակայանը պաշտպանելու եւ շահագործելու համար Քապուլի մէջ ուժեր պահելու Թուրքիոյ առաջարկը: Տոհայի մէջ Թալեպան շարժումի բանբեր Սուհահիլ Շահին յայտնած է, որ թուրքերը եւս պէտք է հեռանան:
«Թուրքիան վերջին 20 տարիներուն ՕԹԱՆ-ի ուժերու մաս կը կազմէ, ուստի անոնք պէտք է հեռանան ԱՖղանիստանէն` հիմնուելով այն համաձայնագիրին վրայ, որ մենք 29 փետրուար 2020-ին ստորագրած ենք Միացեալ Նահանգներու հետ», նշած է ան:
«Ինչ կը վերաբերի մնացեալին` Թուրքիան իսլամական մեծ երկիր է: ԱՖղանիստանը անոր հետ պատմական կապեր ունի: Մենք յոյս ունինք անոնց հետ սերտ եւ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման, երբ ապագային երկրին մէջ ստեղծուի նոր իսլամական կառավարութիւն», աւելցուցած է Շահին:
«Ահվալ» օրաթերթը ուրբաթ օր հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը սպասեն ԱՖղանիստանէն ՕԹԱՆ-ի ուժերուն հեռացումէն ետք Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանը պաշտպանելու վերաբերեալ Թուրքիոյ որոշումին:
Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է, որ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ շարունակական քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Քապուլի օդակայանին վերաբերեալ, եւ նշած, որ այդ որոշումը պէտք է անձամբ տայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան նշած է, որ Էրտողան ի՛նչ որոշում ալ տայ, իրենք զայն պիտի յարգեն:
https://www.aztagdaily.com/archives/512180